Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ. «ԱԿՌԱՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄՔԸ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ ՄՕՏ» ՆԻՒԹՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

March 24, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 23 մարտ 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ակռաներու խնամքը մանուկներուն մօտ» նիւթով դասախօսութիւն մը:

Բացման խօսքով առողջապահական յանձնախումբի ատենապետ Յասմիկ Մկրեան ներկայացուց դասախօսը, դասախօսութեան նիւթը եւ ակռաներու խնամքն ու հիւանդութիւններ կանխարգիլելու անհրաժեշտութիւնը կանուխ տարիքէն: Այս դասախօսութեան հովանաւորն է` Այնճարի Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան վարժարանը:

Ընկերաբժշկական կեդրոնի ատամնաբուժը դասախօսութեան սկսաւ բացատրելով ակռաներու խնամքի անհրաժեշտութիւնը եւ կանխարգիլման կարեւորութիւնը, որովհետեւ ընդհանուր մարմնի առողջութեան մէջ ակռաներու խնամքը եւ առողջութիւնը հիմնական բաժին կը կազմէ:

Դասախօսը սահիկներու օժանդակութեամբ մանրամասնօրէն բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս ակռաները կրնան փտիլ, յատկապէս մանուկներուն մօտ` ընդգծելով, որ մանուկի մը ակռաները երբեք սկզբնական շրջանին փտած չեն ըլլար. այդ կը պատահի, երբ երեխան շարունակաբար ու նոյնիսկ քնացած ատեն իր բերնին մէջ ունենայ կաթի շիշը (պիպերոնը), եւ շաքարի բարձր քանակը կը փճացնէ ակռաները կանուխ տարիքէն: Ժառանգական ազդակները յաճախ իրենց ազդեցութիւնը ունին ակռաներու վաղահաս փտութեան:

Յաջորդ բաժինով ատամնաբուժը ներկայացուց ակռաներու փտութեան ընթացքը եւ պատճառները: Մեր բերնին մէջ միշտ մանրէներ գոյութիւն ունին, երբ յատկապէս փոքրերը կը սպառեն մեծ քանակութեամբ շաքար, որ կը գտնուի տարբեր ուտելիքներու մէջ: Ահա միասնաբար մանրէները կ՛արտադրեն ասիտ, որ աստիճանաբար ակռաները  կ՛առաջնորդէ փտութեան:

Դասախօսը շարունակելով բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս եւ ե՛րբ պէտք է դիմել ատամնաբուժին, եւ այդ որքան շուտ այդքան լաւ` փրկելու համար ատամը: Իսկ երբ հասնի փտութիւնը ատամներու ջիղերու հանգրուանին, կրնայ ըլլալ, որ բորբոքի, ահա այս պարագային անթիպիոթիքի օգնութեամբ եւ ատամնաբուժին աշխատանքով կարելի է փրկել ակռան` շարունակելով իր աշխատանքը:

Յաջորդ բաժինով ատամնաբուժը բացատրեց նախ ակռաները վրձինելու անհրաժեշտութիւնը օրական երկու անգամ ճաշէն ետք: Պէտք է լաւապէս գիտնալ ակռաները վրձինելու կերպը` ստանալու համար լաւագոյն արդիւնքը: Փոքրիկներու պարագային երկու տարեկանէն սկսեալ կարելի է սորվեցնել ինչպէս վրձինել ու գործածել մանուկներու յատուկ վրձին եւ ակռայի դեղ:

Ատամնաբուժին այցելութիւնը կարեւոր է ամէն վեց ամիսը անգամ մը, որպէսզի վնասուած ակռաները դարմանէ կանուխ շրջանին, նախքան հասնիլը այն հանգրուանին, ուր փտութիւնը կը սկսի ցաւ պատճառել: Ատամները մաքուր ու առողջ պահելու միջոցներէն մէկը մետաքսէ դերձանի գործածութիւնն է` ճաշէն ետք մաքրելու համար ակռաները: Ծամոնը յաճախ ճաշէն ետք կ՛օգնէ լորձունքի քանակը բարձրացնելու, ինչ որ կ՛օգնէ բերնի եւ ատամներու առողջ պահպանման:

Աւարտին դասախօսը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն` անոնց տալով բաւարար գիտելիքներ ու բացատրութիւններ:

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՍԿՍԻՆ ԿԻՍԱՒԱՐՏԱԿԱՆԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԸ

Յաջորդը

ՀԲԸՄ-Ի «ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ» ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ. ԴՈԿՏ. ՄՈՎՍԷՍ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆԻ ՆՈՒԻՐԱԾ ԵՐԵՍՈՒՆ ԳԵՂԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.