Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցութիւնը ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովն Է

January 14, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Սովորական կամ ընթացիկ հասկացողութեամբ կուսակցական համագումար մը չէ ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովը: Անոր օրակարգը, քննութեան դաշտը եւ որոշումներու բնագաւառները այնքան ընդարձակ են, որքան ընդարձակ են հայրենիքն ու սփիւռքը: Անոնք այնքան տարածուն են, որքան տարածուն են համայն հայութեան պետական եւ գաղութային կառոյցները: Անոնք այնքան համապարփակ են, որքան համապարփակ են մեր հայրենական եւ սփիւռքեան ազգային կեանքի պահանջները:

Այս բոլոր առումներով, ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովը ամբողջական Հայաստանին եւ ամբողջական հայութեան առնչուող համընդհանուր օրակարգերը քննող, համընդհանուր լուծումներ որոնող եւ աշխատանքային համընդհանուր ուղեգիծ ճշդող Դաշնակցութեան գերագոյն համագումարն է: Անոր օրակարգի բոլոր կէտերը համարժէք եւ համանշանակ են: Ան չէ ու չէ եղած մասնակի հարցեր քննող եւ մասնակի լուծումներու յանգող դաշնակցական հաւաք, ինչպէս կը փորձեն պատկերացնել որոշ թերամիտ մարդիկ, որոնց մօտ կը պակսի այս դաշնակցական ժողովին էութիւնը խորաչափելու կարողութիւնը:

Իբրեւ կուսակցութիւն` դաշնակցական մարմինները եւ անդամները ունին իրենց կազմակերպական սեփական օրակարգերը եւ աշխատանքները: Անոնք կը մտածեն, կը ծրագրեն ու կը գործեն Դաշնակցութեան գաղափարական կեդրոնացումի եւ կազմակերպական ապակեդրոնացումի երկաթեայ սկզբունքով:

Այդ նպատակին համար Դաշնակցութեան կառոյցներէն ներս խօսքի եւ մտածումի ազատութիւնը հիմնական սկզբունքներ են իւրաքանչիւր դաշնակցականի համար: Դաշնակցութեան գաղափարական կեդրոնացումը ռազմավարական առաջնահերթ ուղեցոյցն է իւրաքանչիւր շարքայինի եւ դաշնակցական մարմինի համար, իսկ կազմակերպական ապակեդրոնացեալ դրութիւնը կ՛ապահովէ որոշումներու գործադրութեան մարտավարական թոյլտուութիւնը բոլոր միաւորներու համար: Ուստի, իր ղեկավարման մէջ Դաշնակցութիւնը մենատիրութեան ձգտումներ չի թոյլատրեր` շնորհիւ իր դաւանած գաղափարական հիմունքներուն եւ իր կիրարկած կանոնագրային ժողովրդավար ենթահողին: Դաշնակցական մարմինները գործադիրներն են որդեգրուած որոշումներուն եւ ուղղութեանց, սակայն անոնք ստորադաս եւ համարատու են զիրենք ընտրող ժողովներուն: Իսկ դաշնակցական ժողովները դարբնոցն են դաշնակցականներու կամքին ու վճիռին, որոնց պէտք է ենթարկուին դաշնակցական շարքայինն ու մարմինը:

Անշուշտ այս բոլորը կը պարզեն Դաշնակցութիւն կուսակցութեան հանգամանքը: Սակայն անոնք Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը չեն: Եւ «ո՞րն է Դաշնակցութիւնը», ինչպէս կը հարցադրէ Նիկոլ Աղբալեան եւ կու տայ անոր պատասխանն ու բացատրութիւնը.-

«… բայց ո՞րն է Դաշնակցութիւնը, ոչ թէ կուսակցութիւնը, այլ` Դաշնակցութիւնն իր էութեան մէջ: Բոլոր հին ու նոր ընկերները, բոլոր հին ու նոր մարմիններն իրենց գործերով միասին կազմում են մեր կուսակցութիւնը: … Այստեղ մտնում են թէ՛ մեր Ծրագիրը, թէ՛ մեր Կանոնագիրը, թէ՛ մեր որոշումները: Բայց ո՞րն է սրանցից Դաշնակցութիւնը. արդեօք այս կամ այն կեդրոնական կոմիտէն կամ Շրջանային ժողո՞վը: Այս մարմիններն ու ժողովները դաշնակցական գործ են կատարում, բայց զատ զատ կամ միասին առած` Դաշնակցութիւն չեն, թէեւ կուսակցութիւնն են: Դաշնակցութիւնը կուսակցութեան Ընդհանուր ժողովն է» (Նիկոլ Աղբալեան, «Մտածումներ ՀՅ Դաշնակցութեան մասին»):

Հարցադրումը չի վերաբերիր Դաշնակցութեան կուսակցութիւն ըլլալու փաստին ու հանգամանքին, որոնք կը դրսեւորուին` իր Ծրագիրով, Կանոնագիրով, պատմութեամբ, նահատակներով, հերոսներով, իրագործումներով, ձախողութիւններով, որոշումներով եւ մարմիններով: Հարցադրումը կը վերաբերի Դաշնակցութեան էութեան:

Աղբալեանի պատասխանը յստակ է` ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎՆ Է:

ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովը Դաշնակցութիւնն է, որովհետեւ հոն կը խտանան, կը բիւրեղանան եւ կը հաստատուին բոլոր դաշնակցականներուն եւ դաշնակցական մարմիններուն միտքերը, որոշումները, վճիռները եւ կամքը:

ա.- Ընդհանուր ժողովի որոշումներն ու վճիռներն են միայն, որոնք կը ճանչցուին իբրեւ դաշնակցական: Անոնք պարտադիր են բոլոր շարքայիններուն, մարմիններուն եւ ժողովներուն: Որեւէ ստորադաս ժողով կամ մարմին կրնայ բիւրաւոր որոշումներ կայացնել, սակայն անոնք դաշնակցական կը ճանչցուին այն չափով, որ չեն հակասեր Ընդհանուր ժողովի որոշումներուն:

բ.- Անհատ կուսակցականները կամ մարմինները կրնան բիւրաւոր գործեր ծրագրել եւ գործադրել, սակայն անոնք դաշնակցական գործ եւ յղացում չեն համարուիր, եթէ կը հակասեն Ընդհանուր ժողովի գծած ուղղութեան, որոշումներուն եւ աւանդութեանց:

գ.- Միայն Ընդհանուր ժողովն է, որ հիմք ունենալով բոլոր դաշնակցականներու առաջադրանքները` կը մշակէ, կը կազմէ ու կը հաստատէ ՀՅԴ Ծրագիրն ու Կանոնագիրը, որոնք պարտադիր կը դառնան բոլոր դաշնակցականներուն, դաշնակցական ժողովներուն եւ մարմիններուն: Որեւէ այլ ժողով, մարմին կամ շրջան չի կրնար իր սեփական ծրագիրն ու կանոնագիրը ունենալ, եթէ անոնք կը հակասեն ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովի որդեգրած ծրագրային ու կանոնագրային սկզբունքներուն:

դ.- Ամէն դաշնակցականի, դաշնակցական մարմինի եւ ժողովի ընթացքը պէտք է համընկնի ու համապատասխանէ Ընդհանուր ժողովին ճշդած ուղղութեան: Իսկ Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովը իր ընթացքը կ՛որոշէ ազատ եւ անկախ: Իր այս որոշումին մէջ «Նա յենւում է իր անդամների իմացական կարողութեան եւ փորձառութեան, լսում է բոլոր շրջանների ու մարմինների կարծիքն ու տրամադրութիւնը, նկատի ունի ամէնքի պահանջն ու դիտողութիւնը, բայց ենթակայ չէ նրանց»: (Աղբալեան, նոյն):

ե.- Բոլոր դաշնակցականները եւ մարմինները պատասխանատու են իրենց գերադաս մարմիններուն եւ ժողովներուն: Սակայն «միմիայն Ընդհանուր ժողովն է, որ պատասխանատու չէ ոչ ոքի առջեւ: Նրա դատաւորը հայոց պատմութիւնն է, մինչդեռ մարմինների եւ ընկերների գերագոյն դատաւորը Ընդհանուր ժողովն է»: (Աղբալեան, նոյն):

Արդ, ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովը «բուն իսկ Դաշնակցութիւնն է, նրա միտքն ու կամքը: Նա Դաշնակցութիւնն է իր ներկայ կազմով եւ անցեալ պատմութեամբ»: Այս գերագոյն ժողովին ներկայ են ոչ միայն բոլոր դաշնակցականները, այլեւ հոն կը շնչեն Դաշնակցութեան «հազարաւոր հերոսների եւ նահատակների յիշատակը»: (Աղբալեան, նոյն):

Երբ աւարտած է Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովը, անոր վճիռները վերջնական են ու անառարկելի` հետեւող քառամեակին համար, այսինքն` մինչեւ յաջորդ ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովը: Անոր աւարտին կը դադրին «բոլոր ինքնասիրութիւններն ու յաւակնութիւնները»: (Աղբալեան, նոյն):

Առ այդ, կը սկսի դաշնակցական գործի նոր փուլ` իրագործելու համար ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովին որոշումները, վճիռները եւ գծած վարքագիծը, որոնք կը հանդիսանան բոլոր դաշնակցականներուն կամքն ու պարտաւորութիւնը:

ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովը բուն իսկ Դաշնակցութիւնն է, որովհետեւ ան կ՛իմաստաւորէ ու կը հաստատէ Դաշնակցութեան գոյութիւնը` ի սպաս Հայաստանի ու հայութեան Դատին, որոնք պատուանդանը կը կազմեն Դաշնակցութեան գաղափարական նպատակներուն եւ գործնական աշխատանքներուն: Եւ ինչպէս Ռուբէն Տէր Մինասեան կը բացատրէ («ՀՅԴ կազմակերպութիւնը»), այդ գոյութեան չորս անփոփոխելի հիմքերն են.

1) Հայութեան պահպանում
2) Հայաստանը` հայութեան
3) Ուժ եւ կազմակերպութիւն
4) Արդար աշխատանք

Մեկնելով այդ չորս հիմքերէն` յաջորդական եւ յառաջիկայ ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովները կը շարունակեն որոշել ու գործել դաշնակցական կազմակերպութեամբ կերտելու հայութեան ուժը` ամբողջական Հայաստանի եւ ամբողջական հայութեան համար: Այդ ճանապարհի ծրագրումին եւ գործադրումին մէջ Դաշնակցութեան Ընդհանուր Ժողովը կ՛առաջնորդուի եռագոյն դրօշով, որուն վրայ գրուած է «Լեռնային Ղարաբաղ, Նախիջեւան, Ախալքալաք` մէկ կողմէ եւ Տաճկահայաստանի գաւառներ` միւս կողմէ, որոնք պիտի միացուին բուն հայրենիքին» (Ռուբէն Տէր Մինասեան, նոյն):

Լոս Անճելըս
7 յունուար  2019

Նախորդը

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ Պատուոյ Դոկտորայի Տուչութիւն` Տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեանին

Յաջորդը

Հեշտ Չէ, Բայց… Դժուար Ալ Չէ (Հայաստանի Հանրապետութեան Լեզուի Կոմիտէին Հրապարակած Կոչին Առիթով)*

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.