Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զահլէի Մէջ. «Առանց Արդար Ներկայացուցչութեան Կարելի Չէ Աշխուժ Կառավարութիւն Մը Կազմել» Շեշտեց Պասիլ

January 12, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ ուղղուեցաւ Զահլէ` ընկերակցութեամբ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլի, արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթիի, երեսփոխաններ Սելիմ Աունի եւ Միշել Տահերի, ինչպէս նաեւ Զահլէի քաղաքապետ Ասսատ Զղէյպի եւ կարգ մը տնտեսագէտներու:

Ան այցելեց նաեւ «Կարտենիա» գործարանները, ուր հաստատեց լիբանանեան պետութեան կողմէ դէպի նոր շուկաներ լիբանանեան սննդեղէնի արտադրութեան արտածումը քաջալերելու կարեւորութիւնը եւ կոչ ուղղեց զօրակցելու երկրին տնտեսութեան:

Ան իր այցելութիւնը սկսաւ  Թաանայելի վանքէն, ուր ստուգեց վանքին պատկանող պանիրի եւ մածունի գործարանները:

Իր շրջապտոյտին ընթացքին Պասիլ յայտնեց, որ յաջորդ կառավարութեան սպասող մարտահրաւէրներուն գլխաւորը ելեկտրականութեան հարցն է` աւելցնելով, որ ոմանց համար շատ դիւրին է կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտելու յանցանքով ամբաստանել ուրիշները, մինչդեռ մեր նպատակն է կազմել կառավարութիւն մը, որ ի վիճակի ըլլայ լուծելու լիբանանցիներուն դիմագրաւած հարցերը:

Պասիլ շեշտեց, որ առանց արդար ներկայացուցչութեան կամ խախուտ հաւասարակշռութիւններով կարելի չէ աշխուժ կառավարութիւն մը կազմել` շեշտելով, որ անկարելի է խօսիլ ազգային միասնականութեան կառավարութեան մասին, երբ անկէ կը բացակային փոքրամասնութիւնները:

Անդրադառնալով Սուրիոյ հետ Լիբանանի յարաբերութիւններուն` Պասիլ հաստատեց, որ երբ ան լիբանանեան հողերուն վրայ կը գտնուէր, իրենք անոր դիմադրած են, իսկ երբ սուրիական ուժերը հեռացած են Լիբանանէն, ապա ամենայն համոզումով Սուրիոյ հետ լաւագոյն յարաբերութիւնները կերտելու ջանքեր ի գործ դրած են:

«Մենք մեր պատմութենէն չենք ամչնար, իսկ Սուրիոյ հետ մեր յարաբերութիւնը Լիբանանի շահերուն կը ծառայէ: Մենք կը մերժենք, որ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները ներքին աւելորդաբանութեան դռներ բանան քաղաքական ուժի մը կողմէ: Մենք առաջին օրէն մերժեցինք, որ Արաբական լիկային Սուրիոյ անդամակցութիւնը սառեցուի, եւ բնականաբար պիտի աշխատինք, որ ան վերադառնայ Արաբական լիկայի անդամակցութեան: Բայց եւ այնպէս մենք յանձնառու ենք մեր ազգային շահերուն եւ արտաքին որոշումներու չենք սպասեր», հաստատեց ան:

 

 

Նախորդը

Պըրրի Հերքեց Տնտեսական Վեհաժողովի Տեղեկատուական Գրասենեակին Տեղեկութիւնները

Յաջորդը

Հարիրի Քննարկեց Լիբանանը Յուզող Հարցեր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.