Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցեցաւ 1875-ի դէմ:
Մրցումը, որ տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ մեծ յաղթանակով` 81-17 արդիւնքով (22-4, 18-1, 23-6 եւ 18-6):
Ցարդ անպարտելի ՀՄԸՄ արձանագրեց իր ութերորդ յաջորդական յաղթանակը, մինչ մրցակիցը կրեց իր վեցերորդ պարտութիւնը (2 յաղթանակի կողքին):



