Երէկ` չորեքշաբթի, 9 յունուարին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Այն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանան – Քաթար մրցումը, որ կ՛իյնայ Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի 17-րդ մրցաշարքի 5-րդ խմբակի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Հակառակ անոր որ Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով, սակայն Բ. կիսախաղին Քաթար նշանակեց 2 կոլ եւ արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Մրցումին ներկայ գտնուեցան եօթը հազար հանդիսատեսներ, որոնց մեծամասնութիւնը` լիբանանցիներ:
Օրուան չին իրաւարարը չեղեալ նկատեց Լիբանանի կողմէ նշանակուած կոլը` Ալի Համամի կողմէ:
Քաթար իր առաջին կոլը նշանակեց 65-րդ վայրկեանին` շնորհիւ Պասսամ Ռաուի: Երկրորդ կոլը նշանակեց Մուհազ Մահժուպ (80-րդ):
Լիբանան իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ Տուպայի մէջ` Սէուտական Արաբիոյ դէմ:



