ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ
Անկախ իր տարիքէն` մարդը միշտ հրաշքներուն կը հաւատար, եւ այդ սովորութեան հարազատ արտայայտութիւններէն է ամանորեան շրջանը: Ամէն տարի, դեկտեմբերի վերջաւորութեան կ՛երազենք, որ Նոր տարին նախորդէն աւելի բարեբեր եւ շնորհալի ըլլայ: Պէտք է խոստովանինք, որ մարդ արարածներ ըլլալով` մեր փափաքներուն եւ երազներուն մեծ մասը նիւթական բարիքներուն հետ աղերս ունի: Մանուկները խաղալիքներու տեսքով նուէրներ կը սպասեն Կաղանդ պապուկէն, մինչ այդ մեծերս դրամներուն, ինքնաշարժներուն, հագուստներուն եւ ասոնց պէս տեսակ-տեսակ փայլք տուող, այլ ժամանակաւոր եւ խաբուսիկ երազներով կը տարուինք:
Մարդ ըլլալէ բացի, Աստուծոյ կամքով, իւրաքանչիւր անհատ նաեւ ազգի մը ներկայացուցիչ կը հանդիսանայ: Արդարեւ, ես` իբրեւ հայ, նիւթական բոլոր փափաքներէս զատ, Կաղանդ պապուկէն պիտի խնդրեմ, որ իմաստութիւն բերէ իմ ազգիս: Անշուշտ ուրիշ ոչ նուազ կարեւոր մաղթանքներ կան` խաղաղութիւն, յառաջդիմութիւն, բարգաւաճում եւ այլն, սակայն անոնց նախապայմանը իմաստութիւն է: Շատոնց ազգովին կորսնցուցինք այս ազնիւ յատկանիշը, ինչ որ պատճառ դարձաւ մեր բազմաթիւ խնդիրներուն: Արդէն վարժուեցանք մեր բոլոր տագնապները եւ մարտահրաւէրները մեզ շրջապատող պայմաններուն եւ մեր թշնամիներուն հետ առնչելու, մեզմէ պատասխանատուութիւնը թօթափելու եւ ձախողութեանց պատճառը համաշխարհայնացման եւ ապազգայնացման վերագրելու, սակայն կը մոռնանք, որ իւրաքանչիւր ազգի ճակատագիրը իրմէ կախեալ է, ինքը կ՛որոշէ` գոյատեւե՞լ, թէ՞ կորսուիլ, յառաջդիմե՞լ, թէ՞ տեղքայլի մէջ մնալ:
Տօնական այս օրերուն ես կը խնդրեմ, որ Կաղանդ պապուկին բերելիք իմաստութիւնը պարուրէ հայ ազգի զաւակներուն հոգիները, որպէսզի դադրինք ուրիշ տեղ մեր բախտ փնտռելէ, այլ մեր ուժին եւ մեր կարողութեանց հաւատք ընծայենք, որպէսզի դադրինք օրհասական պահուն միայն միասնականութիւն ցոյց տուող ազգ ըլլալէ, այլ միասնութիւնը դարձնենք մեր ազգային մնայուն առանձնայատկութիւն, որպէսզի դադրի հայը հայուն հակադրուելու, հայը հայուն երթը խանգարելու, ծրագիրները խափանելու եւ կերտուածը քանդելու ամօթալի սովորութիւնը, եւ սկսի հայը հայուն ձեռք երկարելու, միասին շէնցնելու, ուս ուսի ստեղծագործելու նոր դարաշրջան: Կ՛երազեմ, որ պարգեւելիք իմաստութիւնը վերջ դնէ նեղմիտ եւ անձնական շահերով առաջնորդուելու սովորութեան եւ ընդհանրական օգտին առաջադրանքը ճամբան կը բանայ դէպի համազգային վերանորոգման: Կը հաւատամ, որ իմաստութեամբ միայն մեր ազգային հարցերը եւ տագնապները կրնան իրենց բարւոք լուծումներ գտնել:
Դարերէ ի վեր կը սպասենք այս թանկագին նուէրին, սակայն դարձեա՛լ չկայ ու չկայ տակաւին: Մի՛ խաբուիր, յարգելի՛ ընթերցող, իմ ուզած իմաստութիւնը օտար ազգերէ փոխ առնուելու եւ բերուելու չէ, այլ մեր նախնիներէն ժառանգուած, սակայն մեր իսկ ձեռքով փախցուցած` Տիգրաններուն եւ Արտաշէսներուն իմաստութիւնը: Հետեւաբար, Կաղա՛նդ պապիկ, քեզի կը դիմեմ, պարկիդ մէջ հայոց նուէրին համար տեղ մը ունի՞ս: