
Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնայի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին մաս կազմող պրազիլցի յետսապահ Տենի Ալվես իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց մինչեւ 30 յունիս 2015:
27 տարեկան Ալվես, որ 2007-2008 տարեշրջանի աւարտին Սեւիլլան լքելով միացաւ Պարսելոնայի, վերջինիս հետ ցարդ նշանակած է 141 կոլ:


