Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագ Իր Հաւատքի Կեանքով Ու Վկայութեամբ Դարձաւ Խորհրդանիշ Ծառայութեան»

Դեկտեմբեր 24, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քրիստոնեայ առաջին նահատակ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի շունչը երէկ պարուրած էր Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարը, որովհետեւ կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ ի պահ դրուած սուրբին մասունքը դուրս բերուած էր` իր օրհնութիւնը տալու հաւաքուած հաւատացեալներուն: Կիրակի, 23 դեկտեմբեր 2018-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ նշուեցաւ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին եւ նախավկային տօնը: Ս. եւ անմահ պատարագին նախագահեց Արամ Ա. կաթողիկոս, իսկ պատարագեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց մայր տաճարի լուսարարապետ Մակար եպս. Աշգարեան: Պատարագի աւարտին, դպրեվանքի սարկաւագները վեհարանի դահլիճին մէջ Ս. Ստեփանոս նախավկային տօնը նշեցին իրենց պատրաստած գեղարուեստական յայտագիրով, որուն աւարտին վեհափառ հայրապետին պատգամը լսեցին եւ օրհնութիւնը ստացան:

Պատարագիչ սրբազանը իր քարոզին մէջ խօսեցաւ եկեղեցւոյ հաւատաւոր ծառայ եւ սարկաւագ ըլլալուն մասին` մեկնելով Ս. Ստեփանոս նախավկային օրինակէն: Ան ըսաւ, թէ Ս. Ստեփանոս մէկն էր այն եօթը սարկաւագներէն, որոնք ընտրուած էին Յիսուսի առաքեալներուն կողքին ծառայելու ժողովուրդին հետզհետէ բազմացող պէտքերուն: Իսկ Ս. Ստեփանոսի յատկութիւնը կու գար անոր անկեղծ, անշահախնդիր, իմաստուն եւ Ս. Հոգիով պարուրուած ըլլալէն: Վկայակոչելով Ս. Ստեփանոսի աստուածատուր կեանքը, սրբազանը հաւատացեալներուն յորդորեց դժուարութիւններուն ժամանակ ապաւինիլ Ս. Հոգիին, որովհետեւ Անոր իմաստութեամբ եւ զօրութեամբ լեցուած մեր դէմքերը պիտի փայլին ու մենք պիտի վայելենք աստուածատուր ուրախութիւն եւ ներքին խաղաղութիւն, ինչպէս նաեւ ըլլանք հաւատքի զօրութեամբ զինուած, ինչպէս որ էր Ս. Ստեփանոս:

Պատարագի աւարտին, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ վեհարանի դահլիճ: Դպրեվանքի սարկաւագաց դասը ներկայացուց Ս. Ստեփանոսի նուիրուած փունջ մը շարականներ, կարդացուեցան «Նարեկ» աղօթամատեանէն ու Աւետարանէն հատուածներ, ինչպէս նաեւ արտասանուեցաւ սուրբին նուիրուած բանաստեղծութիւն մը: Այս առիթով, յանուն սարկաւագներուն Մուշեղ սրկ. Գարակէօզեան կարդաց ուղերձ մը:

Աւարտին, վեհափառ հայրապետը ուղղեց իր հայրապետական պատգամը: Ան դիտել տուաւ, որ հայ ազգին եւ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ իւրաքանչիւր տօն պատգամ մը ունի փոխանցելիք, այլապէս ոչ մէկ իմաստ կամ խորհուրդ կ՛ունենան տօները` աւելցնելով, որ միայն այս գիտակցութեամբ մօտենալով տօներուն կրնանք կեանքի կոչել անոնցմէ իւրաքանչիւրին նշանակութիւնը:

Վեհափառ հայրապետը երեք կէտերու մէջ ամփոփեց Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի տօնին հիմնական խորհուրդները` ընդգծելով անոր հաւատքի մարդ, վկայութիւն ունեցող սուրբ եւ հաւատքի ու ծառայութեան խորհրդանիշ ըլլալուն յատկութիւնները: Վեհափառ հայրապետը լուսարձակի տակ առաւ Ս. Ստեփանոսին` իր հաւատքով ու ծառայութեամբ մեծութիւն կերտելն ու մեծութեան խորհրդանիշ ըլլալը, եւ ընդգծեց, որ մենք այսօր կարիքը ունինք նման մեծութիւններու: «Ճշմարիտ մեծութիւնները խոնարհութենէն կը բարձրանան», ըսաւ վեհափառ հայրապետը եւ շարունակեց. «Որքա՜ն կարիքը ունինք ճշմարիտ մեծերու ու մեծութիւններու, որոնք իրենց ներկայութեամբ մեր ազգային կեանքը հարստացնեն հոգեւոր, բարոյական եւ ազգային արժէքներով ու իտէալներով»: Ապա, ան իր խօսքը ուղղելով սարկաւագներուն, անոնց խրատեց հետեւիլ Ս. Ստեփանոսի ճշմարիտ քրիստոնեայի կեցուածքին ու ծառայութեան եւ անոր վկայութեան օրինակով վերանորոգել իրենց ուխտը:

Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» քայլերգով, որմէ ետք վեհափառ հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց սարկաւագները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը:

 

 

Նախորդը

Հովանաւորութեամբ Զբօսաշրջութեան Նախարար Աւետիս Կիտանեանի. Համազգայինի «Կարկաչ» Պատանեկան Երգչախումբը Տօնական Համերգով Հանդէս Եկաւ «Պէյրութ Չենց Ֆեսթիվըլ» Երաժշտութեան 11-րդ Փառատօնին

Յաջորդը

Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Հովիւ Յակոբ Քհնյ. Պզտիկեանին Ծաղկեայ Փիլոնի Շնորհում Եւ «Աթայեան Եղբարք» Նորակառոյց Սրահի Բացում

RelatedPosts

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին.  «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան  Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար  Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութային

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին. «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Օգոստոս 18, 2025
Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է  Աննախատեսելի Հրդեհով
Գաղութային

Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է Աննախատեսելի Հրդեհով

Օգոստոս 15, 2025
Թուային Մետիայի Գրագիտութեան Ծրագիրի Վկայագիրներու Յանձման Հանդիսութիւն
Գաղութային

Թուային Մետիայի Գրագիտութեան Ծրագիրի Վկայագիրներու Յանձման Հանդիսութիւն

Օգոստոս 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?