Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հովանաւորութեամբ Զբօսաշրջութեան Նախարար Աւետիս Կիտանեանի. Համազգայինի «Կարկաչ» Պատանեկան Երգչախումբը Տօնական Համերգով Հանդէս Եկաւ «Պէյրութ Չենց Ֆեսթիվըլ» Երաժշտութեան 11-րդ Փառատօնին

December 24, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երաժշտութիւնը մարդկային պատմութեան մէջ իր առանցքային դերը ունի: Ան հոգիները առինքնող եւ ազնուացնող ազդակ մըն է: Արուեստասէրները այս առումով կը փութան համերգային ծրագիրներու ներկայ գտնուիլ, որպէսզի ունկնդրեն եւ վայելեն երաժշտութեան հմայքը:

Այս նպատակով «Պէյրութ Չենց Ֆեսթիվըլ»-ը Լիբանանի արուեստասէր հանրութեան համար 11-րդ տարին ըլլալով նախաձեռնեց հոգեւոր երաժշտութեան փառատօնին` ընթացիկ դեկտեմբեր ամսուան 1-էն սկսեալ: Տարբեր համբաւաւոր երաժշտական խումբեր, երաժիշտներ եւ երգչախումբեր իրենց մասնակցութիւնը բերին այս նախաձեռնութեան եւ ամանորեան ու Ս. Ծննդեան խորհուրդը փոխանցեցին ունկնդիրներուն: Համազգայինի «Կարկաչ» պատանեկան երգչախումբը անմասն չմնաց այս փառատօնէն: Արդարեւ, շաբաթ,  22 դեկտեմբեր  2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Պէյրութի Ազգային աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Լիանա Յարութիւնեանի, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնական համերգ ներկայացուց` հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի: Ելոյթին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Համազգայինի «Այգ» երգչախումբը: Իւրայատուկ համերգը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս, զբօսաշրջութեան նախարարն ու իր կինը, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան եւ արուեստասէր հոծ բազմութիւն մը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Պէյրութ Չենց» փառատօնի հիմնադիր Միշլին Ապի Սամրա: Ան նշեց, որ երաժշտական փառատօնի ամսուան աւարտին երաժշտութիւնը փոխադրեց մեզի այն սիրոյ աշխարհը, որուն համար կը տենչայ իւրաքանչիւր ունկնդիր: Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբի ելոյթը այս տարեկան փառատօնին յայտագիրին մաս կը կազմէ եւ ան կը փոխանցէ հայկական երաժշտութեան մշակոյթը մանուկներու հրեշտականման ձայներուն միջոցով: Ան գնահատեց խմբավար Զաքար Քէշիշեանին ճիգն ու բծախնդիր աշխատանքը` Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբի բարգաւաճման ի նպաստ: Միշլին Ապի Սամրա շնորհակալութիւն յայտնեց զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանին` համերգին հովանաւորութիւնը ստանձնելուն համար եւ ըսաւ, որ նախարարին անձին մէջ տեսած են Լիբանան հայրենիքին եւ անոր ժողովուրդին   հանդէպ տածած սէրը Հայաստանի նկատմամբ ունեցած սիրոյն կողքին: Ան մաղթեց, որ նախարարը երկար տարիներ վարէ զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնը, որովհետեւ ան յարմարագոյն անձն է այս նախարարութեան:

Զաքար Քէշիշեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց «Պէյրութ Չենց» փառատօնի հիմնադիր Միշլին Ապի Սամրային` գործակցութեան համար:

Հուսկ Համազգայինի «Կարկաչ» մանկական երգչախումբին անդամները անմեղ ձայներով երգեցին «Թզուկներ ենք մենք», «Գճուճն ու ճուտ»-ը, «Նոր տարին մեզի հիւր եկաւ» ու «Կաղանդ պապան եւ նուէրները» երգերը եւ արժանացան ջերմ գնահատանքի:

Ապա բեմ բարձրացաւ Համազգայինի «Կարկաչ» պատանեկան երգչախումբը եւ կատարեց «Թալժ – թալժ», բազմալեզու «Լուռ գիշեր», երգերը, «Բեթղեհէմ փոքրիկ քաղաք» երգին տարբեր յօրինողներու` Լիուիս Ռենտըրի, Արմենուհի Կարապետեանի եւ Ստեփան Շաքարեանի մշակումները: Այս երգերուն դաշնակի կողքին երգչախումբին ընկերացաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի սրինգի ուսուցիչներէն Կարօ Սվագճեան:

Այնուհետեւ «Կարկաչ» պատանեկան երգչախումբին միացաւ Համազգայինի «Այգ» երգչախումբը: Անոնք երգեհոնի ընկերակցութեամբ մեկնաբանեցին Մակար Եկմալեանի յօինումով եւ դաշնաւորումով Ս. պատարագի «Հայր մեր», «Սուրբ Աստուած», «Մարմին Տէրունական», «Քրիստոս ի մէջ», «Սուրբ, սուրբ» եւ «Քրիստոս պատարագեալ» շարականները:

Այս իւրայատուկ համերգի աւարտին ներկաները ջերմ ծափողջոյններով իրենց գնահատանքը արտայայտեցին: Համագայինի «Կարկաչ» եւ «Այգ» երգչախումբերը անգամ մը եւս յաջողեցան ունկնդիրներուն պարգեւել բարձրորակ, զուլալ երգեցողութեան կատարման պահեր եւ հոգեկան անդորրութիւն:

Նախորդը

Յայտարարութիւն. Զահլէի Մէջ Վերսկսաւ Գործել Կիրակնօրեայ Դպրոցը

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագ Իր Հաւատքի Կեանքով Ու Վկայութեամբ Դարձաւ Խորհրդանիշ Ծառայութեան»

RelatedPosts

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովին Բացումը Երեւանի Մէջ. Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին` 300.000 Տոլարի Նուիրատուութիւն ՀՄԸՄ-ին
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովին Բացումը Երեւանի Մէջ. Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին` 300.000 Տոլարի Նուիրատուութիւն ՀՄԸՄ-ին

November 6, 2026
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան  Լիագումար Նիստերը Երեւանի Մէջ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Լիագումար Նիստերը Երեւանի Մէջ

November 6, 2026
Մասնակցութեամբ «Կարէն-Սեւակ» Նուագախումբին.   «Քնար» Պարախումբի «Արմատներու Կանչը» Պարային Իւրայատուկ Ելոյթը Արժանացաւ Մեծաթիւ Հանդիսատեսներու Գնահատանքին
Գաղութային

Մասնակցութեամբ «Կարէն-Սեւակ» Նուագախումբին. «Քնար» Պարախումբի «Արմատներու Կանչը» Պարային Իւրայատուկ Ելոյթը Արժանացաւ Մեծաթիւ Հանդիսատեսներու Գնահատանքին

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.