Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՔԱԿ Կը Սպառնայ Թուրքիոյ Մէջ Հակադարձել. Մոկերինի. «Անգարան Պէտք Է Զերծ Մնայ Միակողմանի Գործողութենէն»

December 17, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութիւնը Անգարային կոչ ուղղեց` չդիմելու Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին դէմ զինուորական գործողութիւն շղթայազերծելու միակողմանի քայլին:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Մենք կ՛ակնկալենք, որ թրքական իշխանութիւնները զերծ կը մնան որեւէ միակողմանի գործողութենէ, որ կրնայ խափանել ՏԱՀԵՇ-ի դէմ գործող (Միջազգային) դաշինքի ջանքերը կամ սպառնալիք ստեղծել Սուրիոյ մէջ` յաւելեալ ապակայունութիւն ստեղծելու նպատակով»:

Ան յայտնեց, որ Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ Մընպեժի հարցին շուրջ համաձայնութեան գործադրութիւնը կարեւոր է:

Միջազգային դաշինքը իր կարգին յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ իր առաքելութիւնը կը մնայ անփոփոխ` ընդգծելով, որ որեւէ տեղեկութիւն, թէ այդ առաքելութեան վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը փոխուած է, սխալ է եւ իրարանցումի ստեղծման կը նպատակադրէ:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտնեց, որ իր երկիրը կ՛ուզէ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու հետ համակարգում կատարել` Սուրիոյ մէջ որեւէ բախում կանխարգիլելու համար:

Ան շեշտեց, որ Թուրքիան ձեռնածալ պիտի չմնայ իր սահմաններուն վրայ ահաբեկչական պետութեան մը ստեղծման առնչութեամբ:

Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) իր կարգին սպառնաց Թուրքիոյ մէջ ուժգին հակահարուած հասցնել, եթէ Անգարա հիւսիսային Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւն շղթայազերծէ:

ՔԱԿ-ի տեղեկատուական գրասենեակի անդամ Քաուաթշէյխ Մուսա յայտնեց, որ թրքական վերջին ռմբակոծումը հիւսիսային Իրաքի մէջ ՔԱԿ-ի դիրքերը չէ հարուածած, այլ եզիտի քաղաքայիններու գիւղերը:

Սուրիոյ մէջ գործող քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները իրենց կարգին յայտարարեցին, որ պատրաստ են հաւանական մարտերու ընթացքին համագործակցելու Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ` ընդդէմ թրքական զինեալ ուժերուն:

Ջոկատներու հրամանատարներէն Մազլու Քոպանի նշած է, որ իրենք պատրաստ են համարժէք պատասխան տալու թրքական զինեալ ուժերուն:

Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու գլխաւոր հրամանատար Սիփան Հեմոն իր կարգին Սուրիոյ իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց պաշտպանելու երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ աւելցուց, որ իրենք պատրաստ են համագործակցութեան, հակառակ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւններուն:

Միւս կողմէ, Աֆրին  քաղաքի կեդրոնի Սուք Հալ շրջանին մէջ ականուած ինքնաշարժ մը պայթած է: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Աֆրինի մէջ քրտական աղբիւր մը:

Աղբիւրին տուեալներով` վիրաւորուած են քանի մը տասնեակ քաղաքացիներ:

«Մայատին» իր կարգին վկայակոչելով իր սեփական աղբիւրը հաղորդեց, որ պայթումին պատճառով արձանագրուած է 5 զոհ:

 

 

Նախորդը

«Թրամփ Էրտողանին Ըսած Է, Թէ Ուաշինկթըն Կ՛աշխատի Կիւլենը Անգարային Յանձնելու Շուրջ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Յաջորդը

Սուրիոյ Տագնապին Սկիզբէն Ի Վեր Իր Տեսակին Մէջ Առաջինը. Սուտանի Նախագահը Այցելեց Դամասկոս

RelatedPosts

Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի  Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու  Համահայկական Խորհրդաժողովին
Գլխաւոր լուրեր

Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Համահայկական Խորհրդաժողովին

September 26, 2026
Ռուպիօ. «Մենք Անհամբեր Կը Սպասենք ԹՐԻՓՓ-ի  Յառաջ Մղման Եւ Հայաստանի Ու Շրջանին Համար  Նոր Կարելիութիւններու Բացման Աջակցելուն»
Հայկական

Ռուպիօ. «Մենք Անհամբեր Կը Սպասենք ԹՐԻՓՓ-ի Յառաջ Մղման Եւ Հայաստանի Ու Շրջանին Համար Նոր Կարելիութիւններու Բացման Աջակցելուն»

September 26, 2026
Շարունակելու Ենք Հայ Դատի Մեր Ծաւալուն Գործունէութիւնը, Մինչեւ Մեր Ազգային Նպատակներու Լիակատար Իրագործումը
Գլխաւոր լուրեր

Շարունակելու Ենք Հայ Դատի Մեր Ծաւալուն Գործունէութիւնը, Մինչեւ Մեր Ազգային Նպատակներու Լիակատար Իրագործումը

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.