Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այնճարի Մէջ Մենահամերգ` Նուիրուած Հայաստանի 1988-ի Երկրաշարժի 30-ամեակին

Դեկտեմբեր 13, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 7 դեկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան Այնճարի «Արեւ» ճաշարանի մեծ սրահին մէջ, օրհնութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի, նախաձեռնութեամբ «Արծիւ» շաբաթաթերթի խմբագրութեան, հովանաւորութեամբ ճաշարան «Արեւ»-ի տնօրէնութեան եւ նախագահութեամբ Ճորճ Պուչիքեանի, տեղի ունեցաւ հայրենի երգչուհի Քրիսթինա Սահակեանին մենահամերգը` նուիրուած Հայաստանի աւերիչ երկրաշարժի 30-ամեակին:

Հոծ բազմութիւն մը փութացած էր սրահ`   յարգանքի իր  տուրքը արտայայտելու համար երկրաշարժի զոհերու յիշատակին:

Սրահի մուտքին դրուած յատուկ արկղին մէջ ներկաները առիթ ունեցան իրենց լուման միացնելու Գիւմրիի անօթեւան ընտանիքներէն մէկը  բնակարանով ապահովելու  Ասպետ Հարմանտայեանի (Ֆրանսայէն) կողմէ սկսած արշաւին:

Յիշատակի ձեռնարկը սկսաւ երկու փոքր ժապաւէններու ցուցադրութեամբ, որոնք ներկայացուցին աւերիչ երկրաշարժին ձգած  ծանր հետեւանքները:

Յանուն «Արծիւ»-ի խմբագրութեան` բացման խօսքով հանդէս եկաւ Եսայի Հաւաթեանը, որ ներկայացուց երկրաշարժին պատճառած ահաւոր կորուստները` յայտնելով նաեւ, որ` «հայ ժողովուրդը վերապրող եւ վերականգնող ժողովուրդ է, եւ այսօրուան հայկական զոյգ հանրապետութիւնները ատոր կենդանի վկաներն են»: Ան յայտնեց, որ «Արծիւ»-ի խմբագրութիւնը այս ձեռնարկով ոչ միայն կ՛ուզէ յարգել երկրաշարժի զոհերուն յիշատակը, այլեւ կ՛ուզէ ցոյց տալ, որ հայ ժողովուրդը վերականգնած է այսօր այս աղէտէն եւ յոյսով կը նայի ապագային: Վերջապէս, ան ներկաներուն ներկայացուց հայրենի երիտասարդ երգչուհի Քրիսթինա Սահակեանը, որ հակառակ իր փոքր տարիքին` կրցած է քանի մը միջազգային փառատօներու առաջնութիւնը խլել: Քրիսթինա Սահակեանը 16 տարեկանէն ետք առիթ ունեցած է հայրենիք վերադառնալու եւ հայոց լեզուին ծանօթանալու, ինչ որ յաւելեալ ցուցանիշ է իր հայրենասիրութեան: Ան աւարտած է Երեւանի մշակոյթի համալսարանին երգի բաժինը եւ հայոց լեզուն իւրացուցած է հայկական երգերուն միջոցով:

Բացման խօսքէն ետք յայտագիրի առաջին բաժնով ելոյթ ունեցաւ հայրենի երգչուհին (կիթառի ընկերակցութեամբ)` կատարելով փունջ մը աշուղական, հայրենասիրական, ժողովրդային եւ յեղափոխական երգեր «Ա՜խ, Վասպուրական», «Պինկէօլ», «Սասնայ ահեղ կռուին», «Ձայն տուր ով ֆետայ», «Հայ նարէ, Մարաթուկ»…

Առաջին երգը եղաւ Շարլ Ազնաւուրի երկրաշարժին նուիրուած  «Քեզի՛ համար, Հայաստան» երգը:

Այս բաժնի աւարտին ան ներկայացուց նաեւ երկու համշէնական երգեր, որոնք արժանացան ներկաներու ջերմ ծափողջոյններուն:

Երկրաշարժին նուիրուած ամփոփ խօսքով  մը հանդէս եկաւ արցախեան ազատամարտի մարտիկներէն եւ Շուշիի ազատագրութեան մասնակից Ապրես Զոհրապեանը: Ան ներկայացուց երկրաշարժի մասին ունեցած իր ականատեսի վկայութիւնները` յայտնելով, որ «Հայ ժողովուրդը կրցաւ, հակառակ երկրաշարժի աւերին, ոտքի կանգնիլ, անկախութիւն կերտել եւ ստեղծել Արցախի անկախ հանրապետութիւնը, որ հայ ժողովուրդի վերջին ժամանակաշրջանի կարեւորագոյն իրագործումն է»: Վերջապէս, ան կոչ ըրաւ բոլորին` «թիկունք կանգնելու հայրենիքին եւ յաջողցնելու հզօր Հայաստան ունենալու հայ սերունդներուն երազը:»

Համերգի երկրորդ բաժնով հայրենի երգչուհին ներկայացուց դարձեալ փունջ մը երգեր, յատկապէս` մեծ ժողովրդականութիւն վայելող «Մշոյ աղջիկ»-ը, «Հայ քաջեր»-ը, «Գետաշէն»-ը, «Մեր Հայաստանում»-ը, «Երազ իմ երկիր»-ը: Համերգի աւարտին ան կատարեց «Կիլիկիա»-ն` միշտ արժանանալով ներկաներու ջերմ գնահատանքին:

Ձեռնարկի աւարտին Եսայի Հաւաթեանը «Արծիւ»-ի խմբագրութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի հովանաւորողներուն` առաջնորդ սրբազան հօր, Ճորճ Պուչիքեանին, ճաշարան «Արեւ»-ի տնօրէնութեան (որ թէ՛ սրահը տրամադրեց, թէ՛ հիւրասիրեց ներկաները եւ թէ՛ նիւթապէս սատարեց ձեռնարկի յաջողութեան), անհատ բարերարներուն, հայրենի երգչուհիին եւ բոլոր ներկաներուն, որոնք եկած էին յարգելու երկրաշարժի 30-րդ տարելիցը:

«Արծիւ»-ի խմբագրութեան կողմէ Մուսա Լերան պատմական յուշարձանի ոսկէ մետալով գնահատուեցաւ  հայրենի երգչուհին` ձեռամբ Աննա Խօշեանին, որուն երկու քոյրերը զոհ գացած էին 1988-ի երկրաշարժին, իսկ Վարուժան արք. Հերկելեանը յատուկ յուշանուէրով մը պատուեց նաեւ արցախեան ազատամարտի մարտիկներէն Ապրես Զոհրապեանը:

Փակման խօսքով Վարուժան արք. Հերկելեանը իր գոհունակութիւնը յայտնեց այս ձեռնարկի յաջողութեան  համար եւ  բարձր գնահատեց մեր ժողովուրդը, որ` «յիշել եւ յարգել գիտէ իր նահատակները»:

Յայտնենք, որ այս մենահամերգը վերջինն էր   հայրենի երգչուհիին  Լիբանանի ելոյթներուն, որուն նախորդած էին երեք ելոյթներ (Զահլէի մէջ, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի դպրեվանքին մէջ եւ Այնճարի «Գ.Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ` գիւղի աշակերտութեան համար):

Նախորդը

«Գուսան» Երգչախումբը Համերգով Բացումը Կը Կատարէ Այնճարի Հիմնադրութեան 80-ամեակին

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?