Կիրակի, 9 դեկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Այնճարի հիմնադրութեան 80- ամեակին նուիրուած համերգ` հովանաւորութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին:
Երեկոն սկիզբ առաւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Կարէն Եօսուլքանեանի բացման խօսքով, որ կոչ ուղղեց մուսալեռցիներուն, որ ըլլան ուրախ իրենց կերտած գիւղով եւ լեցնեն Այնճարը մանուկներով: Նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Այնճարի քաղաքապետութեան, Համազգայինի մասնաճիւղին, եկեղեցւոյ ընտանիքին եւ այն անձերուն, որոնք լռելեայն կ՛օժանդակեն «Գուսան» սենեկային երգչախումբի յարատեւութեան եւ բոլոր բարերարներուն:
Օրուան պատուոյ հիւրն էր Լիբանուհի Լուրջեանը, որ ինք եղած է առաջին ծնունդը Այնճար հաստատուելու տարին` 1939-ին:
Համազգայինի «Գուսան» սենեկային երգչախումբը իր համերգը ներկայացուց` ղեկավարութեամբ Գրիգոր Ալոզեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի:
Համերգի առաջին եկեղեցական գործերու բաժինը նուիրուած էր 30 տարի առաջ երկրաշարժի նահատակներուն: Ան ընդգրկեց` Եկմալեան պատարագէն բաժիններ` մենակատարութեամբ Յարութիւն Քալօղլեանի եւ Սիրան Արծրունիի:
Անոր յաջորդեց, «Գուսան»-ին յատուկ ձօնուած եւ Վահէ Բեգոյեանի կողմէ յօրինուած, Գրիգոր Նարեկացիի «Ողբերգութեան մատեան»-էն Բան Ձ` մենակատարութեամբ Շողիկ Թորոսեանի:
Համերգի ընթացքին Մեսրոպ Յովհաննէս կը ներկայացնէր երգուելիք բաժինները:
Ապա «Գուսան» երգչախումբը կատարեց Զարեհ արք. Ազնաւորեանի «Իմաստութիւն հօր»-ն ու «Տէ՛ր, ողորմեա՛»-ն:
Երկրորդ բաժինը նուիրուած էր Այնճարի մէջ ծնած մանուկներուն եւ ընթացաւ հետեւեալ ձեւով:
«Քնի՛ր իմ բալիկ» օրօրը, Կարա-Մուրզայի շարքը եւ ռուսական ժողովրդային երգ «Քալինքա»-ն` մենակատարութեամբ Կարինէ Անդրանիկեանի եւ ջութակի ընկերակցութեամբ Ռիթա Աստիքեանի: Ապա երկու մեներգներ` «Բութինեայի օրօրոցային»` մենակատարութեամբ Մարալ Շաննաքեանի եւ «Կիւլօ» մենակատարութեամբ Գէորգ Քէօշկերեանի:
Երրորդ բաժինը ընդգրկեց հայրենասիրական, ֆետայական եւ լիբանանեան երգեր: Գրիգոր Փիտեճեանի «Թիփի բորան»` մենակատարութեամբ Խաչիկ Գրիգորեանի, ապա` Թուֆիք Սքքարի «Իտի ու իտաք» լիբանանեան բազմաձայն երգը, Իւեզեանի «Կիլիկիա»-ն, եւ Կոմիտաս վարդապետի պարերգային շարքը` «Վարդ ա, եարս», «Երեւան բաղ եմ արել» եւ «Արեւը կայնէ կէսօր»:
Անկէ ետք` «Քիսթինիք»-ով, որ է Մուսալերան բարբառը, խօսք առաւ Կարէն Եօսուլքանեան, եւ կատարեց մաղթանքներ 80-ամեակի բացումին առիթով եւ կոչ ուղղեց այնճարցիներուն, որ ա՛լ աւելի ուռճացնեն իրենց գիւղը:
Այնուհետեւ «Գուսան» երգչախումբի արական կազմը երգեց Տոլար պապուկին գրած ու եղանակած ու Զարեհ արք. Ազնաւորեանի բազմաձայնած «Մուսալեռցիներու քայլերգը»:
Աւարտին, նախքան քաղաքապետին` Վարդգէս Խօշեանի խօսքը, երգչախումբին կողմէ յուշանուէր յանձնուեցաւ քաղաքապետին:
Խօշեան խօսք առաւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց խմբավարին ու իւրաքանչիւր գուսանականի: Ան հրաւիրեց, որ այնճարցիներու եռանդը եւս աւելի ըլլայ, ինչպէս` հիմնադիր սերունդը այս գիւղին, որպէսզի աւելի հռչակաւոր ըլլայ ոչ միայն շուրջի գիւղերուն կամ Լիբանանի, այլ ամբողջ աշխարհի մէջ: Նաեւ նշեց, որ 80-ամեակը մեծաշուք կերպով պիտի տօնախմբուի 2019-ին: Եւ փակեց խօսքը` յառաջիկայ ծննդեան տօնական աշխատանքներուն մասին տեղեկացնելով:



