Իտալական դատարանը կը շարունակէ Ֆիորենթինայի խմբապետ Տաւիտ Ասթորիի մահուան հարցով իր սկսած հետաքննութիւնները:
ԱՖՓ լրատու գործակալութեան հաղորդումով, բացայայտուած անձերուն մէջ կը գտնուին երկու բժիշկներ, որոնք կը նկատուին կասկածելի` ոչ դիտումնաւոր սպանութեան մէջ:
Այդ բժիշկները Ասթորիի առողջական վիճակին մասին լաւ տեղեկութիւններ տուած են, մինչ իրականութեան մէջ ֆութպոլիստը սրտի հետ կապուած խնդիրներ ունէր: Ան սրտի հետ կապուած հարց ունեցած էր 2017-ի ամրան:
Ֆութպոլիստը մահացաւ 3 մարտ 2018-ին:



