Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի կազմերէն Վիարէալի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Լուիս Կարսիա Փլասա նշանակուեցաւ ակումբի նոր գլխաւոր մարզիչ` փոխարինելով Խաւիէ Քալիեխան, որ նախորդ 9 դեկտեմբերին պաշտօնազրկուեցաւ:
46 տարեկան սպանացի մասնագէտը մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը պայմանագրութիւն մը ստորագրեց խումբին հետ:
12 տարի առաջ Փլասա նշանակուած էր Վիարէալի երկրորդ խումբի մարզիչ:
Ապա, ան գլխաւորած էր Լեվանթէն, Կեթաֆէն եւ Էլչէն (սպանական խումբեր):



