Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թերզեան. «Պիսց» Ընկերութեան Պահ Դրուած Գումարները Սառեցուած Են»

Դեկտեմբեր 12, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեան երէկ թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն հաստատեց, որ ինք Պէյրութի քաղաքապետութիւնը զգուշացուցած էր չգործակցելու այնպիսի ընկերութիւններու հետ, որոնք վարկ եւ վստահութիւն չեն վայելեր:

Յ. Թերզեան նշեց, որ Պէյրութի դատաւորը երէկ արձակեց հրահանգ մը, որուն համաձայն «Պիսց» ընկերութեան պահ դրուած գումարները սառեցուեցան` աւելցնելով, որ կան նաեւ այլ ընկերութիւններ, որոնց դէմ օրինական նոյն ընթացքը պիտի շարունակուի, եւ պատժական տնօրինումներ պիտի սահմանուին:

Նշենք, որ երեսփոխան Թերզեան նախապէս անդրադարձած էր Պէյրութի մէջ Նոր տարուան առիթով զարդարանքները ստանձնած «Պիսց» ընկերութեան եւ շեշտած, որ ինք համաձայն է մայրաքաղաքին բարեզարդումին, ինչպէս նաեւ տօնակատարութիւններու կազմակերպումին, հակառակ տիրող կացութեան` նկատի ունենալով այդ բարեզարդումին ազդեցութիւնը երկրին տնտեսութեան վրայ:

Ան միաժամանակ շեշտած էր, որ Ս. Ծննդեան եւ Նոր տարուան առիթով Կեդրոնական Պէյրութը զարդարելու համար «Պիսց» ընկերութեան մէկ միլիոն տոլար տրամադրելը իրեն համար հարց է, եւ բացատրութիւն պահանջած էր` իմանալու համար, որ արդեօք այդ ընկերութիւնը Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդին ակնկալութիւնները պիտի կարենա՞յ ամբողջացնել:

Ան նշած էր, թէ ինք տուեալներ ունի, որ այդ ընկերութիւնը պիտի օգտագործէ անցեալ տարուան Կաղանդի ծառը, եւ ատով հանդերձ մէկ միլիոն տոլարի գումար մը պիտի ստանայ, «հետեւաբար այս իրականութիւնը մտահոգիչ կը գտնեմ», ըսած էր ան` ընդգծելով հանդերձ, որ ինք կատարեալ վստահութիւն ունի Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդին նկատմամբ եւ անկէ կ՛ակնկալէ լուսաբանական պատասխան մը:

 

 

Նախորդը

Սարրաֆ Աւստրիացի Իր Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկեց Զինուորական Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Զօր. Տել Քոլին Յայտնեց Հարաւային Լիբանանի Խաղաղութիւնը Պահպանելու Առումով Պետութեան Յանձնառութիւնը

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն  Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին
Գլխաւոր լուրեր

Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակում
Լիբանանեան

Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?