Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ նախագահեց յանձնախումբի նիստին, որմէ ետք յայտնեց, որ կան շարք մը օրէնքներ, որոնք կը մշակուին, եւ աշխատանք կը տարուի զանոնք վաւերացնելու` շարունակելու համար փտածութեան դէմ պայքարը:
Քանաան յայտնեց, որ ինք մինչեւ տարեվերջ լիբանանցիներուն պիտի զեկուցէ երկրին ելեւմտական կացութեան եւ արձանագրուած սխալներուն մասին:
Քանաան աւելցուց, որ վաղը` չորեքշաբթի, 5 դեկտեմբեր 2018-ին պիտի վաւերացուի փտածութեան դէմ պայքարի գործիքակազմը, եւ յանձնախումբը պիտի սկսի գործադրել իր քննչական դերակատարութիւնը:



