ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Ծաղկաձորի հրապարակը կիրակնօրեայ ջերմ յետմիջօրէին աշակերտական մեր խումբին համար դարձեր էր միժամեայ հանգիստի հրապուրիչ վայր: Թեւատարած արծիւներու արձանի շուքին տակ, «Ծաղկաձոր» փորագրուած նստարաններու վրայ Սարինին հետ առիթը ունեցեր էի «թեւ» բառին պատմութեան մասին խօսելու. զրոյց մը, որ սկսեր էր օր մը առաջ, Տաթեւ վանքին մօտ, Տաթեւեր ճոպանուղիին վրայ: Մտաբերեր էինք նաեւ, որ վանքի ճարտարապետին վերջին խնդրանքն էր, որ Աստուած «Տա՜յ թեւեր»:
Սարինը հիմա կիթառ նուագող երիտասարդներու մօտ է: Մեղմօրօր երգ մըն է, որ առինքնած է աղջնակը. «Ինձ առ ճերմակ թեւերիդ մէջ, իմ քոյր բալենի…»: Քաղցր է տեսարանը. թեւ-թեւի մտած զոյգեր, կուտ ուտող եւ չես գիտեր` ինչո՛ւ մեր կողմ նայելով ծիծաղող պատանուհիներ, հեծելանիւ քշող մանկիկներ եւ խաչբառ լուծող, կամ ճատրակ խաղացող մեծ հայրեր… Այս երերող տեսարանին առջեւ մտքի թռիչք մը կը բաւէ, որ յայտնուի «թեւ» բառին պատմութիւնը:
Մեր ստուգաբաններուն յստակ չէ, թէ այս բառը ե՛րբ եւ ուրկէ՛ թեւ առաւ ու թառեցաւ մեր լեզուի վրայ: Կը կարծուի ծագած ըլլալ հայկական լեռնաշխարհի pteuo հնագոյն արմատէն: Անիկա կը նշանակէ «թռչիլ»: Գեղեցիկ է մտաբերել նաեւ, որ գիրերու գիւտէն շատ առաջ, Գողթան երգերու մէջ, անիկա սկսեր էր թռիչք տալ հայու երեւակայութեան… Ահա թէ ի՛նչ արագութեամբ Արտաշէս թագաւորը իր սեւ ձիով անցեր է Կուր գետը` ալաններու Սաթենիկ իշխանուհին «որսալու» համար. «Անցեալ որպէս զարծուի սրաթեւ»: 5րդ դարուն, որպէս հասուն բառ, բառս սկսաւ թեւարկել Աստուածաշունչի էջերուն վրայ: Հոն տեղ գտան «թեւակոխել», «թեւարկել» եւ «թեւաւոր» բառերը:
– Պարո՛ն, կրնա՞նք քիչ մը աւելի երկար մնալ հոս, ե՞րբ Երեւան կը վերադառնանք, կը հարցնէ Տերեւը:
– Երբ ձեր բոլոր պաղպաղակները եւ կուտերը վերջանան… Արդեօ՞ք կիթառահարը մեզի համար երգ մը կը նուագէ:
– Հիմա կը հարցնեմ, պարո՛ն:
10-րդ դարուն Գրիգոր Նարեկացին «թեւ» բառին հետ հոգեւոր թռիչք ունեցաւ: Անոր փետրագրիչէն արձակուեցան «թեւ տարածեալ», «նշոյլ քառաթեւ», «թեւ ամէնընթաց», «թեւ ոգւոյս» արտայայտութիւնները, ինչպէս նաեւ սուրբին վերջին հառաչանքը Ամենակալին` իր մտայղացած կոչումով` «թեւապարփակ պաշտպանող»-ին` «Ամփոփեա՛ (ինձ) թեւօք»: Այնուհետեւ մեր երազկոտ միավանկը դարերու մէջէն ճախրեց ու թեւեր տուաւ հայ բանաստեղծներուն եւ աշուղներուն: Նախ Ջիւանին եկաւ ու ըսաւ, թէ ո՛վ է աշուղը. «Անթեւ թռչնակ է աշուղը: Այսօր այստեղ, վաղը այլ տեղ»: 800 սիրաթեւ երգերու հեղինակ Ջիւանին ունէր նաեւ ազատատենչ ոգի: Իր քամանչայով, երբ հարկ եղաւ, պայքարեցաւ բռնակալներու դէմ: Եւ, օր մը, վերջապէս անոր յայտնուեցաւ ազատութեան պատկերը.
«Գիտեմ, շուտով կը փայլէ
քառաթեւ արեգակը»:
«Թեւ» բառի քաղաքական եւ հայրենասիրական ակնարկութիւնները շեշտուեցան նաեւ Աշուղ Նազելիի «Անդրանիկին» երգին մէջ.
«Մշոյ դաշտով արծիւ անցաւ,
թեւը արնոտ վիրաւոր,
Վերջին անգամ թեւին տուաւ,
ընկաւ արքան թեւաւոր»
Երբ խաղաղեցաւ աշխարհը, Գուսան Աշոտը «թեւ» բառի փետուրներուն վրայ կրկին նստեցուց նուրբ զգացումներ: Տեսէ՛ք, թէ ի՛նչ երգեց ան, երբ վաղ առաւօտուն վարդաբոյր պարտէզի մէջ տեսաւ իր «արշալոյս դէմք» եարին` «Սիրտս է թեւ առել… Միտքս է թեւ առել… Երգս է թեւ առել»: Նոյն թրթռացումները ունեցաւ Գուսան Աշխուժը, այդ կոյր բանաստեղծը, որ աշխարհը կը դիտէր հոգիի աչքերով.
«Երբ նիրհում են շրթունքներս
Այդ վառ սիրով միշտ կարօտ,
Հոգիս զարթնում, թեւ է առնում
Ու ինձ տանում նրա մօտ»:
Տէրեանի համար գեղեցկուհին էր «թեւ»-ը, որ մթնշաղին կ՛ընթանար «…սահուն քայլերով, աննշմար, որպէս քնքուշ մութի թեւ»: Նոյն թուականներուն Լեւոն Շանթը բեմ հանեց գաղափարապաշտ վանահայր մը: Յուսալքուած եւ երազաբեկ` վերջինը խոստովանեցաւ. «Ճիշդ է` ես ողորմելի ու մեծամիտ մարդ մըն եմ, գոցեր եմ աչքերս ու կը կարծեմ, թէ կը թռչիմ, պարզեր եմ թեւերս գոռոզ վեր ու կարծեր եմ, թէ հասայ երկնքին»:
Դո՛ւք, յարգելի՛ ընթերցողներ, տեսա՞ծ էք թեւ մը ձեր երազին մէջ: Սա պատահեցաւ Յովհաննէս Թումանեանին: Ան օր մը չարացաւ ու վնաս տուաւ անմեղ հաւու մը եւ ունեցաւ խիղճի կատարեալ ցաւ.
«Թռչում է միշտ իմ մտքում,
Թեւը արնոտ ու մոլոր»:
Մեր միավանկը թեւակոխեց նոր շրջան, երբ ունեցաւ իմաստի ոստում ու հիմք կազմեց բազմաթիւ դարձուածքներու, ինչպէս` «թեւը ծալած», որ կը նշանակէ անցուդարձերուն անտարբեր: Շուշանիկ Կուրղինեանը այդ դարձուածքով այպանեց այն մարդը, որ անտարբեր էր յառաջդիմութեան. «Ա՜հ, թշուառակա՛ն… Կեանքի հոսանքին թեւերիդ ծալած»: Ապա եկան բառի փոխաբերական իմաստները: «Թեւ»-ը երկփեղկ պատուհաններու կամ դռներու իւրաքանչիւր փեղկն է, խաչի հորիզոնական կողմերը, քաղաքական կուսակցութիւններու ծայրայեղ խմբաւորումը, գետի ափը, ձկան լողակը, ճամբու եզերքը, ծառի ճիւղը, շինութեան կողմնային մասը, մարտական զօրքի աջակողմեան կամ ձախակողմեան բաժինը, մարզադաշտերու աջ ու ձախ ծայրամասերը, մակոյկի այն փայտիկը, որուն կապուած է թին… «Թեւ»-ը, որ նաեւ կը նշանակէ հովանաւորութիւն եւ պաշտպանութիւն, իր ամենատխուր եւ անհանգստացնող գործածութիւնը գտաւ Կոստան Զարեանի «Տատրագոմի հարսը» վիպական բանաստեղծութեան մէջ, ուր Սանան, ըստ գիւղացիներու տուած որոշումի` անհաւատարիմ կին, ստացաւ մահապատիժ ու իր պահապան հրեշտակը դարձաւ «թեւը ծռած»:
Իսկ այժմ Ծաղկաձորի հրապուրիչ հրապարակի մէջ «թեւ»-ին պէտք է վերադարձնել «սէր»-ը, որպէսզի ան ամփոփէ մեզ ու պարփակէ բոլորիս սրտերը: Ի՛նչ գեղեցիկ են, կը մտածեմ, Լուդուիգ Դուրեանի խօսքերը. «Երանօրէն դու ինձ պահիր, մրգաբուրմունք թեւերիդ մէջ»: Նոյն բանաստեղծը չէ՞ր, որ գրի առած էր նաեւ «Ծաղկած բալենի»-ն: Տերեւն ու Սարինը կը վերադառնան.
– Պարո՛ն, կիթառահարը «սիրով կը նուագեմ» ըսաւ, եթէ երգը ծանօթ է իրեն:
– Կասկած չունիմ: Արթուր Մեսչեանի երգն է: Երթանք քովը: Ձեր դասընկերներն ալ կանչեցէք: Երբ երգը վերջանայ, հրաժեշտ կու տանք Ծաղկաձորին:
Ու կիրակնօրեայ իրիկնաժամուն ծոթրինաբոյր հրապարակի մէջ բոլորին պարուրել կը սկսի Մուշեղ Իշխանի քնքուշ խօսքերը.
«Երբ կը գրկես թեւերիդ մէջ դու հեշտագին,
Լուսամարմին եւ վարսագեղ սիրոյ հոգին»:
«Ակօս»



