Կազմակերպութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի տղոց ազգային խումբի մարզիչ, սլովենիացի Սլոպոտան Սուպոթիչի, 26-29 դեկտեմբերին «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) տեղի պիտի ունենայ պասքեթպոլի «Շութինկ-Քեմփ»` 8-17 տարեկան երկսեռ մարզիկներու համար:
Այդ մարզիկները տարբեր հեռաւորութիւններէ կողովներ պիտի փորձեն նշանակել: Ապա պիտի ընտրուին լաւագոյնները:
Անոնց պիտի հսկեն լիբանանցի անուանի մարզիկներ, որոնց կարգին` Ամիր Սէուտ, Ահմետ Իպրահիմ, Էլի Սթեֆան եւ Էլի Ռըսթոմ:
Կարեւորութեամբ պէտք է նշել, որ անցեալին Եւրոպայի ցամաքամասին մէջ Սուպոթիչ եղած է թրի փոյնթ նշանակած լաւագոյն մարզիկներէն մէկը:
Միջին հաշուով անոր նետած թրի փոյնթերը նշանակուած են 45 տոկոսով: