Կազմակերպութեամբ Քասլիքի Ս. հոգի համալսարանին եւ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան, այսօր` չորեքշաբթի, 28 նոյեմբերին, վերոնշեալ համալսարանին մէջ տեղի կ՛ունենայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս պիտի յայտարարուի Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին կազմակերպելիք դպրոցական 2-րդ խաղերուն մասին, որոնց ազդանշանը պիտի տրուի, 9 դեկտեմբերին: Անոնք իրենց աւարտին կը հասնին մարտ 2019-ի սկիզբը:
24 վարժարաններու մասնակցութեամբ տեղի ունենալիք այս 2-րդ խաղերուն նկատի առնուած չորս մարզաձեւերն են` պասքեթպոլ, ֆութպոլ, փինկ փոնկ եւ պետմինթոն:
Այսօր, երեկոյեան ժամը 18:30-ին տեղի ունենալիք մամլոյ ասուլիսին, այս խաղերուն մասին պիտի ներկայացուին մանրամասն տեղեկութիւններ: