Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայր Ղեւոնդ Ալիշան (1820-1901). Հայաստանի Եւ Հայութեան Պաշտամունքին Նահապետը` Վսեմաշուք Քերթողը

November 17, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Նոյեմբեր 9-ին, 117 տարի առաջ, Վենետիկի մէջ ծերունազարդ տարիքին վախճանեցաւ Հայկեան Հանճարին վեհաշուք «Նահապետ»-ը` հայր Ղեւոնդ Ալիշան:

9 նոյեմբեր 1901-ին հայ ժողովուրդն ու Հայաստանը կորսնցուցին հայ մտքի եւ գրականութեան հսկաներէն «Մեծն Ալիշանը», ինչպէս որ մահուան առիթով զինք անուանած էր ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ը` շեշտելով, որ հայոց «Նահապետ»-ը «կրօն մ՛ունէր`
Հայաստանը, եւ իտէալ մը` անոր ազատութիւնը եւ փառքը»:

Բառին ամէնէն ընդգրկուն իմաստով կրօն մը կը հանդիսանայ Հայաստանը «Նահապետ» գրչանունով անմահացած Ղեւոնդ Ալիշանի համար, որ ամէն բանէ առաջ եւ վեր` Հաւատքի Մարդն է. Ալիշան ապրեցաւ եւ գործեց անբասիր հոգեւորականի վարքով ու մեծակշիռ ներդրում ունեցաւ ոչ միայն որոշապէս Մխիթարեան միաբանութեան ազգային դիմագծի պայծառակերտման մէջ, այլեւ ընդհանրապէս` 19-րդ դարու հայոց Ազգային Զարթօնքի հոգեմտաւոր շղթայազերծման առումով:

Հակառակ գրաբարախառն իր հայերէնին` հայր Ղեւոնդ Ալիշան նաեւ դրօշակիր մը հանդիսացաւ ի խնդիր մեր մայրենիի աշխարհաբար մշակման ու բիւրեղացման պայքարին: Իր առաջին բանաստեղծութիւններով իսկ հայոց միջնադարեան ռամիկ, այլեւ գրական հայերէնը վերակենդանացուց եւ յառաջապահը դարձաւ սեփական ժողովուրդին հասկնալի ու սրտամօտ հայերէնով ստեղծագործելու շարժումին:

Հաւատքի Մարդու եւ Ժողովրդական Հայու իր կրկնակի արժանիքով` հայ մտքի եւ գրականութեան նահապետը շարունակ պատգամեց.

«Մանկտիք, զիս հայոց հողն ու ջուրն սնուցել,
Ես այն հող ու ջուր սրտով եմ սիրել.
Հայրենեաց հարուստ է հողն, ջուրն անուշ,
Քանց օտար զարդ, քաղցր հայրենեացն փուշ»…

«Հայրենիքի փուշ»-ն անգամ «օտար զարդ»-էն աւելի «քաղցր» նկատելու եւ նախընտրելու այս հաւատամքին դրօշակիրն է Մեծն Ալիշան, եւ բնաւ ալ սոսկ յաւուր պատշաճի յարգանքի խօսք չէր, որ Նահապետի վախճանման առիթով, թարգմանը հանդիսանալով մեր ժողովուրդին, «Դրօշակ» վկայեց.

«Հայաստանի բարի ոգին` Ալիշանը եւս մեռաւ, այնքան մահերէ ետքը, որոնք 19-րդ դարուն ազգային յոյսերուն ծլիլը եւ ծաղկիլը տեսած եւ, միանգամայն, այդ յոյսերու ստեղծող հանճարները եղած էին:

«Ալիշան ամբողջ ազգինն է, Հայաստանի անցեալին ու ապագային, որուն նուիրուած էր իր բոլոր էութիւնով: Ոչ մէկը կրցած է անոր պէս հզօր եւ օլիմպեան կերպով մարմնացնել մեր ազգին տրոփող ու ազատասէր ոգին: Ոչ ոք հոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ այնքան աշխարհական եղաւ եւ աւելի բանապաշտ, եւ ոչ ոք պատերազմի շեփորը այնքան լայնօրէն հնչեցուց, որքան` նահապետն հայոց:

«Ալիշան յեղափոխութեան կը պատկանի, մեր ազգային շարժման մեծ մուսան եղաւ: Բոլոր ստրուկ ազգերը իրենց երգիչները ունեցան, որոնք բոցաշունչ տողերու մէջ հայրենասիրական ոգիին թափ տուին: Մենք ունեցանք Ալիշանը, որ եղաւ «Աւարայրի պլպուլը», երգեց «Կարմիր Վարդանը»: Իր տաղերը հանգուշն ու մեղմ` երազանքը, մրմունջը կամ անուշ տենչանքի մը պղատոնական զգայնութիւնը չեն տար միայն, այլ բարկաճայթ վրիժագոռ, սալասմբակ ճախրանք մը ունին, արիւնը մտրակող եւ գործի մղող… հապօ՜ն յառաջ:

«Ան լսելի ըրաւ, առաջին անգամ, «Բամբ որոտանը»` Մարսէյէզի մը չափ հրաբորբոք, անոր չափ սրտոտ.

«Ի զէ՜ն, ի վրէժ, օն անդր յառաջ»:

Իր այս շունչով ու թռիչքով էր, որ Ալիշան հայոց Հաւատքին խորանը բարձրացուց եւ աստուածահաճոյ դարձուց Հայաստանի ու հայկականութեան սէրն ու պաշտամունքը:

Հաւատաց եւ հաւատացուց`

«Մի՛ ուրանար զերկիրդ եւ զազգդ սիրուն,
Ծառն արմատով է ծառ` տունն հիմամբ է տուն»:

Մարտունակութիւն քարոզեց եւ կամքեր կռանեց` շարունակ յորդորելով, որ`

«Թշնամւոյն ջախջախելու համար հարուած եւ հանճար է պէտք»:

Որովհետեւ կը հաւատար, թէ`

«Արծիւ միտքը արծուոյ թեւ ալ կ՛ուզէ»:

Հայաստանն ու հայութիւնը այսքա՜ն խոր ընկալումով եւ լայն հորիզոնի ընդգրկումով պաշտամունքի արժանացուց Ալիշան եւ, իբրեւ իրա՛ւ ՆԱՀԱՊԵՏ, իր արժանաւոր տեղը գրաւեց Խաչատուր Աբովեանով ու Միքայէլ Նալբանդեանով, Խրիմեան Հայրիկով ու Րաֆֆիով լուսաւոր` հայոց ազգային նորագոյն զարթօնքը շնչաւորող, թեւաւորող ու լուսաւորող մեր մեծերու համաստեղութեան մէջ:

Ինչպէս իր բանաստեղծութեանց, նոյնպէս եւ բանասիրական թէ պատմագիտական իր աշխատասիրութեանց մէջ Ալիշան միեւնոյն մեծ ու խորին պատգամը փոխանցեց հայ ժողովուրդի զաւակներուն. պաշտելու աստիճան սիրել եւ պահպանել հայոց լեզուն ու հայրենի հողը, հայն ու իր մշակոյթը, որոնք ծաղկումի եւ ճառագայթումի առաջնորդեցին հայկեան հանճարը` դարաւոր ստրկութեան մէջ անգամ:

Հայաստանի եւ հայութեան նիւթեղէն ու ոգեղէն այդ արժէքներուն փարելով է, որ մեր սերունդները ի վիճակի պիտի ըլլան խաւարի ու անկումի ժամանակներուն դէմ օժտուելու ինքնապահպանման եւ վերականգնումի հզօրագոյն զէնքերով:

Հայկականին ու հայրենականին պաշտամունքը Ալիշան յաւերժացուց նախ իր բանաստեղծութեամբ: 1850-ականներու վերջերուն, «Նուագք» ընդհանուր անունին տակ ի մի բերելով համեմատաբար երիտասարդ տարիքին գրուած իր քերթուածները, Ալիշան 1857-ին եւ 1858-ին յաջորդաբար լոյս ընծայեց «Մանկունի», «Մաղթունի», «Խոհունի», «Բնունի», «Հայրունի», «Տէրունի» եւ «Տխրունի» խորագրուած գրքոյկները, որոնք մէկ կողմէ` մարդկային անսահման բարութեան, մարդկայնապաշտ ապրումներու եւ խոհերու, ինչպէս եւ քրիստոնէական հաւատքի վերահաստատման նորօրեայ աւետարաններ եղան, իսկ միւս կողմէ` սրտերուն եւ մտքերուն մէջ վառեցին խարոյկը հայոց փառապանծ անցեալի ոգեկոչման, հայրենի բնութեան պաշտամունքին, հայրենի հողին` քարին ու ջուրին ոգեշնչման եւ, մանաւանդ, Հայկեան Հանճարի շղթայազերծման:

Հաւատքի՛ մարդու, ազգայի՛ն գործիչի եւ տաղանդաշա՜տ գրողի իր մեծ պատգամը Ալիշան թուղթին յանձնեց նաեւ արձակ էջերով, որոնք 1871-ին լոյս տեսան «Խորհրդածութիւնք` ընդ եղեւնեաւ» հատորով:

Իսկ հայագիտական աշխատասիրութեանց իր կոթողական վաստակով` հայր Ղեւոնդ Ալիշան պատրաստեց, բառին ամէնէն ընդգրկուն իմաստով, հանրագիտարանը Հայաստան Աշխարհին եւ ստեղծագործ հայուն:

Հակառակ որ բնաւ չտեսաւ աշխարհը հայոց եւ չունեցաւ հնարաւորութիւնը ուղղակիօրէն ճանչնալու իր պաշտած ժողովուրդը իր առօրեայ կենսակերպով, Ալիշան գաւառ առ գաւառ եւ գիւղ առ գիւղ մանրամասնօրէն ներկայացուց պատմական Հայաստանը իր թէ՛ նիւթեղէն, թէ՛ ոգեղէն բնութագրով, իր հողով ու բոյսերով, իւրաքանչիւր աւանի կապուած պատմական ու ազգային յիշողութեամբ, հայերէնի ժողովրդային ու բարբառային ճոխութեամբ եւ հարստութեամբ, այլեւ ու մանաւանդ` հայակերտ կոթողներով, կանգուն մնացած ու պահպանուած ըլլան անոնք, թէ՛ ոսոխներու կողմէ քարուքանդ եղած…

Մասնագէտներու միահամուռ վկայութեամբ,  «Յուշիկք-հայրենեաց հայոց», «Տեղագիր հայոց մեծաց», «Նշմարք եւ նշխարք Հայաստանի», «Շիրակ», «Սիսուան», «Այրարատ», «Սիսական», «Հին հաւատք հայոց», «Արշալոյս քրիստոնէութեան հայոց», «Հայապատում», «Շնորհալի եւ պարագայ իւր», «Հայ բուսակ» եւ միւս գործերով, Ալիշան ոչ միայն հայագիտութեան ընծայաբերեց գիտելիքի հսկայական պաշար, այլեւ սկզբնաղբիւր դարձաւ պատմագիտութեան եւ լեզուաբանութեան, աշխարհագիտութեան եւ բուսագիտութեան բնագաւառներուն մէջ:

Այս բոլորին հանրագումար եզակի մեծութիւնն է հայր Ղեւոնդ Ալիշան, որուն պատգամը լաւագոյնս կը խտացնէ մինչեւ մեր օրերը ազգային-հայրենասիրական երգի իր թելադրականութիւնը պահպանող եւ վերանորոգող «Բամբ որոտան»-ը.

Բա՛մբ, որոտան բարձուստ բամբիւնք
յԱյրարատեան դաշտն ի վայր,
Արի արանց արիւնք` յեռանդ առատանան ի հրազայր,
Հրաւէր հայրենեաց հըռչակի ընդհանուր,
Հոգիք Հայկազանց բորբոքին ի հուր,
Որք երկնաւորին պսակին էք կարօտ,
Որք երկնաւորին փառաց երկնայորդ:
Հապ՛օ՜ն արի արանց մանկունք,
Հայրենավրէժքըդ Հայկազունք,
Հապ՛օ՜ն ի զէ՛ն գունդագունդ
Յեռեալ ի պար թունդ ի թունդ,
Ի զէ՛ն, ի վրէ՛ժ, օ՜ն անդր յառաջ,
Ի զէ՛ն, ի վրէ՛ժ, մի՛ ձախ մի՛ յաջ,
Օ՛ն անդր յառաջ,
Մի՛ ձախ մի՛ յաջ,
Օ՛ն անդր յառաջ,
Յառա՜ջ, յառա՜ջ,
Հապ՛օ՜ն յառաջ

 

 

Նախորդը

Կենսոլորտային Ահազանգ. Լիթանի Գետը Վերածուած Է Լիթանի Կոյուղիի, Հետեւանք` Պեքաայի Մէջ Քաղցկեղէ 45 Մահուան Պարագայ

Յաջորդը

Համեստ Դաշնակցականը` Ընկեր Քրիստափորը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.