Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՅԱՐԿԻՆ ՏԱԿ

December 5, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գ. ՇԱ­ՀԻՆ­ԵԱՆ

Կարօ Սասունի` շրջապատուած «Ազդակ»-ի ընտանիքին կողմէ

Հա­զար ինն հա­րիւր քա­ռա­սու­նա­կան թուա­կան­նե­րու երկ­րորդ կէ­սին «Ազ­դակ»-ի խմբագ­րու­թիւնը մտե­րիմ վայր մըն էր ին­ծի հա­մար. շա­բա­թը քա­նի մը ան­գամ կը հան­դի­պէի հոն, թարգ­մա­նու­թիւն­ներ կ՛ընէի, հա­մադ­րու­թիւն­ներ, հրա­պա­րա­կա­յին ձեռ­նարկ­նե­րու թղթակ­ցու­թիւն­ներ, յօդ­ուած­ներ կը գրէի սկաու­տա­կան կեան­քի մա­սին: Կա­մա­ւոր աշ­խա­տա­կից էի:

Ին­ծի ուղ­ղու­թիւն տուող­ներն էին Մու­շեղ Իշ­խա­նը եւ Տիգ­րան Ոս­կու­նին: Առա­ջի­նը Կա­րօ Սա­սունի­ին հետ  կը խմբագ­րէր շա­բա­թօր­եա­կը եւ սիւ­նա­կա­գիրն էր օրա­թեր­թին, երկ­րոր­դը օգ­նա­կան-խմբա­գիրն էր զոյգ հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րուն: Մու­շեղ Իշ­խա­նը ամէն օր կը տես­նէի Ճե­մա­րա­նի մէջ, ուր ու­սու­ցիչ էր, բայց ին­ծի դաս չէր տար սկիզ­բը: Ոս­կու­նին Դա­մաս­կո­սէն կը ճանչ­նա­յի, բայց հոն մտեր­մու­թիւն չու­նէի հե­տը:

Առա­ջին յօդ­ուածս գրե­ցի  1946ին: Մի­ջերկ­րա­կան ծո­վուն կը վե­րա­բե­րէր: Պատ­մու­թեան մեր ու­սու­ցի­չը` Գառ­նիկ Գիւ­զալ­եա­նը, շատ խօ­սած էր անոր մա­սին, որոշ տե­ղե­կու­թիւն­ներ ալ գտած էի օտար հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու մէջ: Երբ գրու­թիւնս տպուե­ցաւ «Ազ­դակ շա­բա­թօր­եակ»-ի մէջ, ինք­զինքս լրագ­րող կար­ծե­ցի…

Մեր տու­նը այն ատեն Ապ­տէլ Ուա­հապ Ինկ­լի­զի փո­ղո­ցը կը գտնուէր, Նաս­րա­յի կող­մե­րը: Եր­կու մի­ջոց ու­նէի եր­թա­լու Ճե­մա­րան, որ այն ատեն Հրեա­նե­րու թա­ղին ծայրն էր. Ֆըրն Շըպ­պէ­քէն փա­րոս գա­ցող թիւ 2 հան­րա­կառ­քը կ՛առ­նէի մին­չեւ Հաուզ Սա­աթիէ եւ հոն­տե­ղէն կը մագլ­ցէի Ճե­մա­րա­նի զա­ռի­վե­րը, կամ քա­լե­լով կ՛եր­թա­յի: Այդ պա­րա­գա­յին շե­ղա­կի կը կտրէի Խան­տաք Էլ Ղա­մի­քը, կը հաս­նէի հի­մակ­ուան Ռի­ատ Սոլհ հրա­պա­րա­կը, որ անուն չու­նէր տա­կա­ւին,  հոն­կէ կը բարձ­րա­նա­յի Ս. Նշա­նի զա­ռի­վե­րը եւ աջ դառ­նա­լով` կը մտնէի Հրեա­նե­րու թա­ղը:

«Ազ­դակ»-ի խմբագ­րա­տու­նը կը գտնուէր զա­ռի­վայ­րին ստո­րո­տը, խճա­քա­րե­րով սա­լարկ­ուած լայն աս­տի­ճան­նե­րու կող­քին: Դի­մա­ցի կող­մը ար­հես­տա­նոց­ներ կա­յին, որոնց­մէ կը յի­շեմ մա­նա­ւանդ  վեր­մա­կա­գոր­ծի մը խա­նու­թը:

Խմբագ­րա­տու­նը կը բաղ­կա­նար մեծ սրա­հէ մը եւ եր­կու նոյն­պէս մեծ սեն­եակ­նե­րէ: Մուտ­քի աջին Հայկ Պալ­եա­նին գրա­սեն­եակն էր, ձա­խին` Ոս­կունի­ին գրա­սեն­եա­կը, ուր կ՛աշ­խա­տէր նա­եւ Մու­շեղ Իշ­խա­նը, երբ խմբագ­րա­տուն գար: Օրա­թեր­թը լոյս կը  տես­նէր կէ­սօ­րէն առաջ եւ քա­ղա­քա­կան լու­րե­րը կը թարգ­ման­ուէ­ին ու կը տպուէ­ին առ­տու կա­նուխ:

Քա­լե­լով դպրոց գա­ցած օրե­րուս կա­նուխ կ՛ել­լէի տու­նէն եւ ճամ­բուս վրայ կը հան­դի­պէի խմբագ­րա­տուն` Ոս­կունի­ին օգ­նե­լու: Ան «Լ՛օր­ի­ան»-էն թարգ­մա­նած կ՛ըլ­լար ար­դէն լու­րե­րը եւ հոն եղած ատենս կը զբա­ղէր  սրբագ­րու­թեամբ: Ին­ծի կու տար ձե­ռա­գի­րը, որ հե­տե­ւէի եւ ինք բարձ­րա­ձայն կը կար­դար ու կը սրբագ­րէր տպագ­րա­կան փոր­ձը:

1947-ի ամա­ռը իմ աշ­խա­տանքս կրկնա­պատկ­ուե­ցաւ. ո՛չ քա­նա­կով, այլ` տե­սա­կով: Սկսայ գրա­շա­րու­թիւն սոր­վիլ` միշտ կա­մա­ւոր ձե­ւով: Մի­ա­ժա­մա­նակ կը շա­րու­նա­կէի միւս աշ­խա­տանք­ներս:

Սրա­հին ձախ կէ­սը յատ­կաց­ուած էր գրա­շար­նե­րու տա­ռասն­տուկ­նե­րուն` դէ­պի արե­ւելք նա­յող մեծ պա­տու­հա­նի մը տա­կը: Ոս­կունիի գրա­սեն­եա­կին մօտ, անոր կռնակ դար­ձու­ցած, կ՛աշ­խա­տէ­ին օրա­թեր­թի գրա­շար­նե­րը: Անոնց­մէ կը յի­շեմ Սա­րաֆ­եան եղ­բայր­նե­րը: Անոնց դի­մա­ցը, դէմ­քով իրենց դար­ձած, Նի­կո­ղո­սը կ՛աշ­խա­տէր: Ան գլխա­ւոր գրա­շարն էր շա­բա­թօր­եա­կին: Իրեն կ՛օգ­նէր Վահ­րա­մը, որ ին­ծի սերըն­դա­կից էր: Նոյն ամա­ռը սկսաւ աշ­խա­տիլ նա­եւ Յա­կոբ Սա­րաֆ­եա­նը, մե­զի տա­րե­կից, որ ի վեր­ջոյ իր ամ­բողջ կեան­քը «Ազ­դակ»ի յար­կին տակ ան­ցուց, նախ իբ­րեւ գրա­շար, ապա` իբ­րեւ ծա­նու­ցում­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու:

Յա­կո­բը եւ ես` եր­կուքս ալ սկսնակ, կը մրցէ­ինք իրա­րու հետ: Յաղ­թո­ղը միշտ ինք կ՛ըլ­լար: Աւե­լի ճար­տար էր, աւե­լի արագ: Ես հա­զիւ կէս սիւ­նակ շա­րած կ՛ըլ­լա­յի, երբ ինք լման սիւ­նակ մը  վեր­ջա­ցու­ցած կ՛ըլ­լար ար­դէն:

Շատ հե­տաքրք­րա­կան էր գրա­շար­նե­րու մի­ջա­վայ­րը: Սրա­միտ ու կա­տա­կա­սէր մար­դիկ էին` հեգ­նու­թեան շեշտ­ուած հա­կու­մով: Իրենց կա­տակ­նե­րուն սո­վո­րա­կան զո­հը Բաբ­գէ­նը կ՛ըլ­լար, նախ­կին գոր­ծա­կից մը, որ յե­տոյ եր­գի­ծա­թերթ մը սկսաւ հրա­տա­րա­կել: Ան եր­բեմն կ՛այ­ցե­լէր իրենց, կը կե­նար տա­ռասն­տուկ­նե­րուն առ­ջեւ ու կը մաս­նակ­ցէր աշ­խա­տան­քին: Բաբ­գէ­նը կը խրտչէր ճռին­չէն: Պա­տու­հա­նին քով աշ­խա­տող գրա­շար­նե­րը, ծա­նօթ այս մե­նագ­րու­թեան, ատե­նը մէյ մը մե­տա­ղի կտոր մը կը քսէ­ին ապակի­ին եւ ջղայ­նա­ցու­ցիչ ճռինչ մը կը հա­նէ­ին: Բաբ­գէ­նը կը խեն­թա­նար, ականջ­նե­րը կը գո­ցէր ու կը հայ­հո­յէր:

Գրա­շար­նե­րու այլ մէկ հա­ճոյքն էր հե­ղի­նակ-հե­ղի­նակ խա­ղա­լը: Այդ օրե­րուն մաս առ մաս կը տպուէր Արամ Սա­հակ­եա­նի «Մահ­ուան պէս զօ­րա­ւոր»-ը: Մաս առ մաս ալ կը գրուէր ան­պայ­ման: Գրա­շար­նե­րը, մա՛նա­ւանդ Նի­կո­ղո­սը, գու­շա­կու­թիւն­ներ կ՛ընէ­ին դի­պա­շա­րի շա­րու­նա­կու­թեան մա­սին, հար­ցում­ներ կ՛ուղ­ղէ­ին հե­ղի­նա­կին, երբ խմբագ­րա­տուն գար, եր­բեմն նոյ­նիսկ թե­լադ­րանք­ներ կ՛ընէ­ին անոր: Արամ Սա­հակ­եա­նը հա­ճոյք կը զգար, ըստ երե­ւոյ­թին, այս զրոյց­նե­րէն եւ սի­րով կը մաս­նակ­ցէր անոնց:

Հայկ Պալ­եա­նը ինք չէր կա­տա­կեր, բայց կա­տակ­ներ եւ հե­տաքրք­րա­կան լու­րեր կու տար գրա­շար­նե­րուն շա­րե­լու: Իր գլխա­ւոր գոր­ծի­քը մկրատն էր: Հայ­կա­կան թեր­թե­րը աչ­քէ կ՛ան­ցը­նէր եւ հա­ճե­լի գտած կարճ գրու­թիւն­նե­րը կը կտրէր ու կու տար շա­րե­լու: 47ի ամա­ռը նոյն գրու­թիւնը մէկ-եր­կու ամիս տար­բե­րու­թեամբ եր­կու ան­գամ տուաւ: Թեհ­րա­նի «Ալիք»ը «Ազ­դակ»էն առ­նե­լով ար­տատ­պած էր զայն, ու Պալ­եա­նը մոռ­ցած, որ ար­դէն տպուած էր ան, նո­րէն տպել տուաւ:

Ես շատ  յա­րա­բե­րու­թիւն չու­նէի Պալ­եա­նին հետ, գործս Մու­շեղ Իշ­խա­նին եւ Տիգ­րան Ոս­կունի­ին հետ էր: Ան­գամ մը, սա­կայն, կապ հաս­տա­տեց ին­ծի հետ … եւ յու­սա­խաբ եղաւ:

1952-ի ամա­ռը ար­ձա­կուր­դով վե­րա­դար­ձած էի Պրիւք­սէ­լէն` ամիս մը Հո­լան­տա ան­ցը­նե­լէ ետք: Հե­տաքրք­րա­կան տպա­ւո­րու­թիւն­ներ ու­նէի, յօդ­ուա­ծա­շարք մը գրե­ցի անոնց մա­սին ֆրան­սե­րէ­նով եւ տուի «Լը Սուար»-ին: Առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով նիւ­թա­կան վար­ձատ­րու­թիւն ստա­ցայ աշ­խա­տան­քիս հա­մար: Օր մը, երբ «Ազ­դակ» հան­դի­պած էի, Պալ­եա­նը տե­սաւ զիս ու մօ­տե­ցաւ:

–  Բա­րի եկեր ես,- ըսաւ,- իմա­ցայ, որ Եւ­րո­պա կ՛ու­սա­նիս: Պէտք է յու­շերդ տաս «Ազ­դակ»-ին  տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րուդ մա­սին:

Երբ իմա­ցաւ, որ յօդ­ուա­ծա­շարք գրած եմ ար­դէն եւ` ու­րիշ թեր­թի տուած, գոհ չմնաց:

Իմ յի­շա­տակ­ներս այս շրջա­նէն  դրա­կան են բո­լորն ալ: Չեմ յի­շեր որե­ւէ տհաճ  ման­րա­մաս­նու­թիւն, բա­ցի ան­շուշտ, շար­ուած տո­ղե­րու, սիւ­նակ­նե­րու թափ­ուե­լէն, որ ար­դէն անձ­նա­կան յի­շա­տակ չէ, բո­լոր գրա­շար­նե­րուն հա­ւա­քա­կան ող­բեր­գու­թիւնն  էր:

Վաթ­սու­նամ­եայ անց­եա­լէն յառ­նող այս յու­շե­րը մե­լա­մաղ­ձոտ շեշտ մը ու­նին սա­կայն ին­ծի հա­մար: Ժա­մա­նա­կը իր գոր­ծը կա­տա­րած է եւ «Ազ­դակ»-ն ու ես զու­գա­հեռ քա­լած ենք կեան­քի պո­ղո­տա­յէն: Բայց, մինչ ինք իր առոյգ ութ­սու­նամ­եա­կը կը տօ­նէ այ­սօր` վեր ել­լե­լով ժա­մա­նա­կի սան­դու­խէն, ես վար կ՛իջ­նեմ ան­կէ` տա­րի­նե­րու բե­ռը շալ­կած…

 

2007

 

Նախորդը

«ԱԶԴԱԿ» ՄԵՐ ԸՆՏԱՆԻՔԸ

Յաջորդը

«ԱԶԴԱ՜Կ» – «ԱԶԴԱ՜Կ»…

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.