«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ անոր ամերիկացի պաշտօնակից Տանըլտ Թրամփ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ Սուրիոյ մէջ զարգացումները: Անոնք անդրադարձած են նաեւ Մընպեժի եւ Իտլիպի մէջ առնուած քայլերուն:
«Երկու ղեկավարները իրենց վճռակամութիւնը արտայայտեցին թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու ամրապնդման համար շինիչ քայլեր որդեգրելու նկատմամբ եւ համաձայնեցան յառաջիկայ փուլին երկկողմանի եւ շրջանային հարցերով անմիջական հաղորդակցութիւնը շարունակել», նշեց «Անատոլու»: