Թունուզի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով դժգոհութիւն եւ խոր մտահոգութիւն յայտնեց լիպիական ոչ պետական զինուորական խմբաւորումներուն կողմէ Թունուզի տարածքային գերիշխանութեան ոտնահարման նկատմամբ: Նշենք, որ չորեքշաբթի օր լիպիացի զինեալներ փորձած էին Լիպիոյ հետ սահմանին վրայ գտնուող թունուզեան Ռաս Ժատիր սահմանային անցքի կէտ ներխուժել:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Թունուզ լիպիական կողմէն կը սպասէ, որ նշեալ սահմանային անցքը լիպիական կանոնաւոր ուժերու վերահսկողութեան տակ դնելու անմիջական միջոցառումներ որդեգրէ:
«Թունուզ կը հասկնայ եղբայրական Լիպիոյ դիմագրաւած արտակարգ պայմանները, եւ այս ոտնահարումները պէտք է երկու երկիրներուն ու եղբայրական ժողովուրդներուն յարաբերութիւնները չխանգարեն», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:


