Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆ» ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻՆ, ՃԳՆԱԺԱՄԵՐՈՒՆ ԵՒ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ԶԵԿՈՒՑԵՑ ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

December 2, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին եւ գործակցութեամբ Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղի վարչութեան, երէկ` 1 դեկտեմբեր 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ, որուն նիւթն էր «Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 20-ամեակ, համաշխարհային ճգնաժամ եւ ազգային քաղաքականութեան հեռանկարներ»: Օրուան դասախօսն էր Պուենոս Այրեսի «Սենթ Անթոնիօ» եւ Հայաստանի ամերիկեան համալսարաններու դասախօս Խաչիկ Տէր Ղուկասեան:

Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին անունով արտասանեց Յակոբ Տէր Ղուկասեան, որմէ ետք խօսք առաւ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան: Ան ըսաւ, որ Հայաստանի վերանկախացման 20-ամեակը լաւագոյն առիթն է կանգ առնելու, անցած ուղին քննելու եւ մեր աչքերը սեւեռելու դէպի ապագան:

Տէր Ղուկասեան շեշտեց, որ Հայաստանի մէջ մեծ շուքով տեղի ունեցաւ անկախութեան տօնակատարութիւնը, ինչ որ գնահատանքի արժանի է:

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան յայտնեց, որ քսանամեակի նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ կարեւոր արժէք ունէր Հայաստան-սփիւռք համահայկական չորրորդ համագումարը, որուն ընթացքին կարեւոր գաղափարներ տեղադրուեցան օրակարգի վրայ: Ան հաստատեց, որ անկախութեան սերունդը արդէն իր ետին ձգած է խորհրդային մտածելակերպն ու հետքերը:

Ներկայացնելէ ետք խորհրդային իրականութիւնը, անոր դրական եւ ժխտական ազդակները, Տէր Ղուկասեան շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը ընդունելով հանդերձ խորհրդային իրականութիւնը, չէր կրնար հաշտուիլ կացութեան հետ:

Դասախօսը անդրադարձաւ 20-ամեայ անկախ հանրապետութեան տնտեսական, քաղաքական, դիւանագիտական հարցերուն եւ կարելիութիւններուն:

Ան յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ երիտասարդութեան 54 առ հարիւրը  կը մտածէ արտագաղթելու մասին, ինչ որ մտահոգիչ երեւոյթ է: Ան հաստատեց, որ Հայաստան դիւանագիտութեան մէջ կրնայ մեծ յաջողութիւններ արձանագրել, որովհետեւ իր կողքին ունի կազմակերպուած սփիւռք:

Զեկուցումէն ետք, Խաչիկ Տէր Ղուկասեան ներկաներուն հետ զրուցելով խնդիրներուն շուրջ փոխանցեց յաւելեալ տեղեկութիւններ:

Նախորդը

«ՆՈԱԶ ԱՐՔ» ՑՈՒՑԱՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅՐԵՆԻ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉ ՎԱՀԱՆ ՌՈՒՄԵԼԵԱՆԻ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՈՒՄ

Յաջորդը

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.