Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յաւերժական Երուսաղէմ-2. Խապրիկներ Հայ Երուսաղէմէն

October 15, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գրեց` ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Ս. Յարութեան տաճարին մուտքը

«Սիոն»-ի վերջին թիւերուն մէջ կան քանի մը խապրիկներ, որոնք կ՛ուրախացնեն զիս, նոյնիսկ իմ սիրտը կ՛ուռեցնեն հպարտութեամբ:

Պաշտօնաթերթին խմբագրականներէն մին ընթերցողին ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ արդէն յոբելենական տարեշրջանի մը վրայ: Խմբագրականը կը նշէ, որ հայոց պատրիարքութիւնը յոյժ կարեւոր երեք յոբելեաններու դէմ յանդիման է այս տարի, 2018-ին. «Սիոն»-ի նոր շրջանի 90-ամեակը, Ժառանգաւորաց վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակը եւ Սրբոց Յակոբեանց տպարանի հաստատման 185-ամեակը:

Անկորնչելի ու անմոռանալի իրագործումներու ամբողջ պատմութիւն մը կայ այս երեք պատկառելի թուականներուն ետին: Կը բաւէ այստեղ պարզապէս յուշել, որ Երուսաղէմի հայոց տպարանը, ուրկէ լոյսին բերուած են բազմահարիւր թանկարժէք մատեաններ, ԱՌԱՋԻՆ տպագրատունը եղած է բովանդակ Ս. Երկրին: Թէոդիկ իր նշանաւոր «Տիպ ու տառ»-ին մէջ կու տայ այս տպարանէն լոյսին բերուած առջինեկ գիրքին անունն ու տարեթիւն ալ` «Տետրակ աղօթամատոյց վասն ջերմեռանդ աղօթասիրաց», 1833: Ուրեմն` ճիշդ 185 տարի առաջ:

Հիմա ես կրնա՞մ իմ խանդավառութիւնը զսպել, երբ կը կարդամ որ «Սիոն»-ի իննսունամեակը պսակուած է արդէն շատ կարեւոր իրագործումով մը:

Արդարեւ, դեռ անցեալ նոյեմբերին Երուսաղէմի վանապատկան «Կիւլպէնկեան» մատենադարանին ու Հայաստանի Ազգ. գրադարանին միջեւ ստորագրուեր է համագործակցութեան պայմանագիր մը, որուն հիմամբ, հայաստանեան կողմը յանձն առեր է թուայնացնել թէ՛ Երուսաղէմի «Մայր ցուցակ ձեռագրաց»-ի 11 ստուար հատորները (1966-1991), թէ՛ ալ «Սիոն»-ի հին ու նոր շրջաններու բոլոր հաւաքածոները, բոլո՛ր թիւերը:

Կրցայ անձամբ ստուգել, որ Հայաստանի Ազգ. գրադարանին այս յանձնառութիւնը իրագործուեր է արդէն արագօրէն ու կատարելապէս: Ամէն հայ, աշխարհի որ անկիւնն ալ ապրի, համացանցի ճամբով, իր համակարգիչին պաստառին վրայ այսուհետեւ կրնայ կարդալ, սերտել, պրպտել «Սիոն»-ի հին թիւերէն որեւէ մէկը: Կը բաւէ, որ մտնէք «Գրահաւաք» կայքէջը (grahavak.blogspot.com), հայ պարբերական մամուլի այբենական ցուցակին մէջ փնտռէք «Սիոն» անունը ու կոճակ մը սեղմէք: Հրաշքը ձեր դիմացն է. «Սիոն» իր էջերը մի առ մի պիտի բանայ ձեր առջեւ ու ձեզ ընկլուզէ իր խորախորհուրդ խորութիւններուն մէջ…

Ի դէպ, նոյն կայքէջին մէջ նմանապէս թուայնացուած են հարիւրաւոր այլ հայերէն թերթեր ու պարբերականներ եւս:

«Սիոն» խապրիկներ ունի մեզի` նաեւ շինարարական-վերանորոգչական մարզէն:

Գիտենք, որ Ս. Քաղաքին կառոյցները հին են, ունին դարերու պատմութիւն: Կ՛ըսուի, որ հայ Երուսաղէմի վանքերուն ու մատուռներուն մեծ մասը շինուած կամ բարեզարդուած է մեր պատմութեան մէջ յայտնի ինչ-ինչ իշխաններու կամ արքաներու, ինչպէս նաեւ առատաձեռն հարուստներու բարեպաշտական նուէրներով: Այդ հնամենի շէնքերուն վերանորոգութիւնը ստիպողական կը դառնայ յաճախ ու անհրաժեշտ: Ահա՛ լուծ մը եւս հայոց պատրիարքութեան նկուն ուսերուն: Եւ այստեղ կը ծագի անշուշտ նիւթական մեծղի ծախքերը հոգալու մտմտուքը…

Բայց նախախնամութիւնը կ՛օգնէ կարծէք:

Ս. Յարութեան տաճարին մէջ՝ Քրիստոսի Ս. գերեզմանը

Այսպէս, շուրջ տարի մը տեւող վերանորոգչական աշխատանքներու աւարտին, 22 մարտ 2017-ին կատարուած է պաշտօնական բացումը համաքրիստոնէական Ս. Յարութիւն տաճարին մէջ գտնուող Քրիստոսի Ս. Գերեզմանին: Ասիկա միջազգային նշանակութիւն ունեցող վայր է, եւ որուն երեք սեփականատէրերէն մէկը Հայ եկեղեցին է:  «Սիոն» կը հաղորդէ, որ վերանորոգութեան համար ծախսուած է երեք միլիոն չորս հարիւր հազար եւրօ: Այս մեծ գումարը հաւասարապէս հոգացեր են երեք իրաւատէր յարանուանութիւնները…

Նոյն տարուան աշնան ներքնապէս վերանորոգուեր է նաեւ հին Երուսաղէմի պարիսպներէն դուրս գտնուող հայոց Ս. Փրկիչ վանքը: Կատարուեր է հանդիսաւոր դռնբացէք եւ վերաօծում: «Սիոն» քանի մը տողով սա՛ հետաքրքրական տեղեկութիւնը կու տայ այս վանքին մասին.

«Սուրբ Փրկչի մեր վանքին մէջ կը գտնուի Քրիստոսի երկրորդ բանտը: Մատուռը շատ հին է, բայց սիրուն տեսք մը ունի: Աւագ խորանին վրայ դրուած է Յիսուսի գերեզմանին կափարիչ վէմը, զոր հրեշտակը շրջեց ու վրան նստաւ: Բոլոր քրիստոնեայ ազգերը այս վէմին վաւերականութիւնը կ՛ընդունին եւ երկիւղով ու հաւատով կը մօտենան անոր` ուխտ ու երկրպագութիւն ընելու»:

Այս տեղեկութիւնը սրեց իմ հետաքրքրութիւնը: Դիմեցի Օրմանեան սրբազանի «Հայկական Երուսաղէմ» գրքոյկին (1931) ու հոն մօտ քսան էջ բացատրութիւն գտայ այս նուիրական սրբավայրին մասին: Օրմանեան ինք ալ կը հաստատէ, Քրիստոս խաչելութեան նախորդ գիշերը պահ մը բանտարկուեցաւ այս վայրին մէջ, որ Կայիափա քահանայապետին ապարանքն էր, եւ ուր ինք նախատինքներու նշաւակ դարձաւ: Անկէ առաջ ան բանտարկուած էր այլ վայրի մը մէջ ալ, որ հիմա նմանապէս հայոց սեփականութիւնն է` Ս. Հրեշտակապետ վանքը (կը կոչուի առաջին բանտ): Օրմանեան կ՛աւելցնէ նաեւ, որ Ս. Փրկիչ վանքին կից է Երուսաղէմի հայոց ազգային գերեզմանատունը, ուր թաղուած են նախկին գրեթէ բոլոր պատրիարքները:

Այսպիսի լուրերու ընթերցումը կ՛ոգեւորէ զիս: Տակաւ այն համոզումը կը գոյացնեմ, որ հայ Երուսաղէմը անշքացած չէ: Անոր «զինուորագրեալ» միաբանները արթուն կը հսկեն մեր հարստութիւններուն ու կտակուած աւանդներուն վրայ:

– Ուրիշ խապրիկներ ալ չկա՞ն,- հարց պիտի տան ոմանք:

Կա՜ն: Գոնէ պիտի յիշեմ, որ աշխարհի մօտ ու հեռու երկիրներէն եւ Հայաստանէն ուխտաւորներու խումբեր անընդհատ կը շարունակեն Երուսաղէմ այցելել ու իրենց լումաներով վառ պահել կանթեղները Սրբոց Յակոբեանց վանքին: Ժառանգաւորաց վարժարանն ու ընծայարանը, ինչպէս նաեւ Սրբոց Թարգմանչաց երկրորդական դպրոցը (180 աշակերտով) կը շարունակեն բաց պահել իրենց դռները, մարդուժ հասցնել:

Չէ կասած նաեւ հրատարակչական մարզը: Եւ այստեղ անակնկալը մեծ է. 2017-ին Սրբոց Յակոբեանց տպարանէն 1000-ական տպաքանակով լոյս ընծայուած են Եղիվարդի (Եղիշէ պատրիարք Տէրտէրեան) մամուլի մէջ ցրուած արձակ գրութիւններէն երեք հատորներ` «Ազգային եւ եկեղեցական անդրադարձումներ», «Համապատկեր հոգեւոր եւ ազգային դէմքերու» ու «Մատենախօսականք»: Երեքը միասնաբար` աւելի քան հազար էջանի մէկտեղում մը:

Յետմահու հրատարակուած այս գիրքերով Եղիվարդ կարծես դուրս կու գայ իր շիրմափոսէն ու կը շարունակէ իր հզօր շունչը տարածել Սիոն լերան կողերն ի վար…

(Հալէպ)

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Նուիրական Հնչեղութիւն Ունեցող Բարեզարդման Աշխատանքի Մը Դէմ Յանդիման (Հայկազեան Համալսարանին)

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.