Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԲՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԱՐԴ. Ե՞ՐԲ ԳԱԶԱՆ ՄԸ ՊԷՏՔ Է ՄԵՌՆԻ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՈՒՐԻՇ ՄԸ ԱՊՐԻ

December 2, 2011
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սառած ճաշ. փնտռտուքը կը սկսի:

ԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ Կ՛ԵՆԹԱԴՐԷ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՁԵՒՈՎ ՅԱՐՄԱՐԻԼ ՄԻՋԱՎԱՅՐԻՆ, ԻՍԿ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԹՈՒԻ ԸԼԼԱԼ ԱՄԷՆԷՆ ԲԻՐՏ ԵՐԵՒՈՅԹԸ, ՈՐ ԵՐԲԵՒԻՑԷ ՊԱՏԱՀԱԾ Է ԱՇԽԱՐՀԻ ՎՐԱՅ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՅԱՋՈՂ ԳՈՅԱՏԵՒՈՒՄԸ ԻՆՔՆԻՆ ԿԸ ՊԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱՒԵՐԻՉ ՀՈՒՆՏԵՐ: ՄԱՅՔԸԼ ՄՔՔԱՐԹԻ «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ՔԱՆԻ ՄԸ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐՈՎ ԿԸ ԽՈՐՀՐԴԱԾԷ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ԾԱՆՐ ԴԱՍԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ: 

Դպրոցական տղոց յատկանիշներէն մէկը, գէթ «դարեր» առաջ, խաղավայրին մէջ ծագած կռիւի մը շուրջ խանդավառ մէկտեղուելու մղումն էր: Այսինքն` լուրջ կռիւի մը, որուն ընթացքին տղաքը վիզ- վիզի` կը բզկտէին զիրար, պոռչտուք կը բարձրանար եւ կողմեր կը ճշդուէին: Զգացումները կը բռնկէին, մինչեւ որ ուսուցիչը հասնէր եւ իրարմէ բաժնէր կռուողները: Արդեօք այս կրքոտ հակազդեցութիւնը զուտ արակա՞ն յատկանիշ մըն է, թէ մարդկային տիեզերական յատկանիշ մը: Չեմ գիտեր: Թէեւ չենք սիրեր այս յատկանիշը, սակայն, անկասկած որ անիկա գոյութիւն ունի: Զայն կը կրենք մեր ծիներուն մէջ: Կ՛ենթադրեմ, թէ այս բնազդն էր, որ ի յայտ եկաւ, երբ «Պի. Պի. Սի.»-ի բազմիցս փառաբանուած «Ֆրոզըն փլանեթ» (սառած մոլորակ) յայտագիրներու շարքէն ցուցադրուեցան մկնահարսնուկներ, որոնք ձիւնին տակ կը փնտռէին դաշտամուկեր, բեւեռային քոթոթներ, որոնք նոր կը ծնէին, եւ սառոյցէ մահացու շթաքարեր, որոնք կը կազմուէին ովկիանոսին յատակը. եթէ այս մէկը փախցուցիք, ապա կ՛արժէ փնտռել եւ դիտել զայն, որովհետեւ վայրի բնութեան վերաբերող ամէնէն իւրայատուկ ժապաւէնն է, որ երբեւիցէ դիտած եմ: Այս բոլորին կողքին, ժապաւէնը կը պարունակէր կռիւի տեսարան մը` վարազի մը եւ գայլի մը միջեւ: Կռիւը տեղի ունեցաւ հիւսիսային Քանատայի Վուտ պաֆըլօ ազգային զբօսայգիին ձիւնածածկ բնաշխարհին մէջ: Թէեւ կարելի չէր զայն կոչել մաղձոտ կռիւ մը, որովհետեւ յայտնապէս անհատական ոչ մէկ թշնամութիւն կար, սակայն կասկած չկար, թէ անիկա լուրջ կռիւ մըն էր: Ցմահ կռիւ մըն էր, ուր կողմերէն մէկը պէտք էր մեռնէր, որպէսզի միւսը կարենար ապրիլ: Այլ խօսքով` մէկը պէտք էր կորսցնէր խաղը, որպէսզի միւսը շահէր: Բնութեան պատմութիւնը պատկերող վաւերագրական ժապաւէններու մէջ վարժուած ենք տեսնել յարձակող անասուններու եւ որսերու թատերական տեսարաններ: Տեսած ենք, թէ ինչպէ՛ս առիւծները կը հալածեն եղջերաձիեր, գետին կը տապալեն զանոնք եւ կը սպաննեն, կամ թէ` ինչպէ՛ս բուերը յանկարծ խոյանալով մուկեր կը բռնեն իրենց ժանիքներուն մէջ, եւ թէ` ինչպէ՛ս բնութեան մէջ այս բոլորը տեղի կ՛ունենան շատ արագ: Սակայն այս ժապաւէնին մէջ իրերը տարբեր էին: Առանձին գայլ մը կար հոն եւ առանձին վարազ մը, եւ արտասովոր էր այն, որ անոնց ուժերը հաւասար էին: Հետեւաբար, մինչ կը մտածէինք, որ սուր շնատամներով գազանը պէտք էր յաղթէր, անդին` վարազը քուրջէ շինուած պուպրիկի մը պէս օդը կը թռցնէր գայլը, ապա  իր կէս թոն ծանրութեամբ կը կոխկռտէր անոր վրայ: Գայլը ինչպէ՞ս պիտի տոկար եւ վերապրէր: Անհաւատալիօրէն հրաշալի էր եւ հետաքրքրական: Իմ մէջս կը պոռար դպրոցական տղան, եւ անկարելի էր կողմի մը չզօրակցիլ: Աւելի ուշ սկսայ մտածել, թէ արդեօք նկարագիրիս մասին բան մը կ՛ըսէ՞ր այն, թէ կը զօրակցէի գայլին կամ վարազին, թէեւ կը զգայի, թէ հաւատարմութիւններս կը շրջուէին. նախ կը զօրակցէի վարազին, որ միայն կը փորձէր կուլ չերթալ գայլին, ապա կը կարեկցէի գայլին, որ պարզապէս կը խուսափէր սովամահ ըլլալէ: Եւ այսպէս շարունակուեցաւ դիւցազնական ճակատամարտը: Շարունակուեցաւ եւ շարունակուեցաւ: Վայրի բնաշխարհի նկարիչ Ճեֆ Թըռնըր, որ 15 տարի սպասած էր նման բան մը նկարահանելու համար, եւ որ հազիւ 45 մ հեռու կը գտնուէր կռիւէն, աւելի ուշ ըսաւ, թէ ճակատումը տեւած էր աւելի քան 1 ժամ, թէեւ անշուշտ մեր տեսած մասը անոր միայն քանի մը վայրկեաններն էին: Այսուհանդերձ, կարելի էր կռահել, թէ որքա՛ն երկարատեւ եւ սպառիչ ճակատում մը եղած էր, որովհետեւ երկու կռուողներուն մորթը աստիճանաբար կը ծածկուէր արիւնով եւ անոնց շարժումները կը դանդաղէին, մինչ անոնց ուժը հետզհետէ կը սպառէր: Ի վերջոյ անոնք կանգնեցան ձիւնին վրայ, դէմ յանդիման, ամբողջութեամբ յոգնաբեկ: Երկուքն ալ այնքա՛ն քաջարի դիմադրած էին եւ այնքա՛ն տոկացած, որ յանկարծ կը փափաքէի ըլլալ այն ուսուցիչը, որ կը հասնէր խաղավայր, կամ` այն իրաւարարը, որ վերջ կը դնէր կռփամարտի խաղի մը, եւ անոնց նման հաստատ քայլերով յառաջանալ դէպի կեդրոն եւ ըսել. «Լա՛ւ, երկուքդ ալ իրապէ՛ս շատ լաւ կռուեցաք, մեծ քաջութիւն ցուցաբերեցիք` հակառակ ձեր վէրքերուն, բայց այլեւս` վերջ. գացէ՛ք ներս եւ դարմանեցէ՛ք ձեր վէրքերը»: Սակայն անշուշտ բնութեան մէջ չկան միջամտող ուսուցիչներ, ոչ ալ` իրաւարարներ, եւ շահի ու կորուստի վրայ հիմնուած խաղը պէտք էր յանգէր իր աւարտին: Վերջաւորութեան վարազն էր, որ տեղի տուաւ: Ներքին դպրոցական տղան այլեւս լուռ էր իմ մէջս եւ այլեւս չէր պոռար: ԲԵՒԵՌԱՅԻՆ ՄԻՋԱՎԱՅՐԻՆ ԱՊԱԳԱՆ ՓՐԿԵԼՈՒ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԸ ԿԸ ՍՐԻ Տէյվիտ Աթենպորոյի կատարեալ ոճով պատմուած «Ֆրոզըն փլանեթ» յայտագիրներու շարքը անկասկած որ տպաւորած է բազմաթիւ անձեր, որոնք անդրադարձած են, թէ որքա՛ն հարուստ, որքա՛ն գեղեցիկ եւ որքա՛ն անբիծ են հիւսիսային եւ անշուշտ հարաւային բեւեռներու բնաշխարհներն ու հոն աճող անասնատեսակներն ու բուսատեսակները: Սակայն այս յայտագիրներուն ներգործութիւնը նաեւ աւելին է. անոնք պատճառ դարձած են, որ մարդիկ աւելի խոր կարեկցանք ցուցաբերեն հիւսիսային բեւեռի միջավայրի եւ կենսոլորտի ապագայ վիճակին նկատմամբ, որուն սկիզբը արդէն մօտ է: Յառաջիկայ տարի վառելանիւթի պահեստներու նոր փնտռտուք մը ծայր պիտի տայ հիւսիսային բեւեռի բոլորակին մէջ: «Շել» ընկերութիւնը պիտի սկսի փորել Ալասքայէն հիւսիս տարածուող Պիուֆորթի եւ Չաքչիի ծովերը, որմէ ետք «ԷքսոնՄոպիլ» ընկերութիւնը ռուս գործընկերներու հետ պիտի սկսի փորել Սիպերիայէն տարածուող հիւսիսային բեւեռի ովկիանոսը: Դարձեալ յառաջիկայ տարի Կրինփիս պիտի ձեռնարկէ հիւսիսային բեւեռը միջազգայնացնելու արշաւի մը` զայն վերածելու համար «համաշխարհային հասարակաց տարածքի», որ սեփականութիւնը պիտի ըլլայ ոչ ոքի եւ զերծ պիտի մնայ ճարտարարուեստական որեւէ բարգաւաճումէ: Կրինփիս պիտի ձայնակցի Թուիթըրի վրայ «Ֆրոզըն փլանեթ» յայտագիրներու շարքին իւրաքանչիւր ժապաւէնին ընկերակցող խանդավառ «թուիթերուն»` հանրութիւնը հրաւիրելով միանալու հիւսիսային բեւեռի պաշտպանութեան արշաւին, որուն «հակազդեցութիւնը արդէն նկատառելի է», ինչպէս կը յայտարարէ այս կազմակերպութիւնը:

Նախորդը

ԲՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԱՐԴ. ՍՊԱՌԱԾ, ԾԱՌԱԹԱՓ ԱՆՏԱՌՆԵՐ ԿԸ ՑՈԼԱՑՆԵՆ ԲՆԱԿՉՈՒԹԵԱՆ ԳԵՐԱՃԸ

Յաջորդը

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ. ՈՉ ՄԱՐՏԱԿԱՆ ՄԱՀԵՐԸ ԼՈՒՍԱՐՁԱԿԻ ՏԱԿ Կ՛ԱՌՆԵՆ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄՆԵՐՈՒ ՈՒՇԱՑՈՒՄԸ

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.