Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԽԽՎ-ն Կոչ Ուղղած Է Հայաստանի Բոլոր Քաղաքական Ուժերուն «Խօսքով Եւ Գործով» Յարգելու Ժողովրդավարական Սկզբունքները Եւ Օրէնքի Գերակայութիւնը

Հոկտեմբեր 4, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) Հայաստանի հարցով համազեկուցող Եուլիա Լովոչքինա (Ուքրանիա) կոչ ուղղած է Հայաստանի բոլոր քաղաքական ուժերուն «խօսքով եւ գործով» յարգելու ժողովրդավարական սկզբունքները եւ օրէնքի գերակայութիւնը: Այդ մասին ըսուած է ԵԽԽՎ-ի կայքին մէջ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ, կը գրէ «Թերթ»-ը:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Երեւանի քաղաքապետի ընտրութիւնները յստակօրէն ցոյց տուած են հայ ժողովուրդի ժողովրդավարական ձգտումները: Միաժամանակ, մասնակցութեան ցուցանիշը ցոյց տուած է, որ քաղաքական հոլովոյթներու նկատմամբ հանրային վստահութիւնը դեռ ցած է:

«Հետեւաբար` չափազանց կարեւոր է, որ յաջորդ խորհրդարանական ընտրութիւնները բոլոր քաղաքական մրցակիցներուն եւ շահագրգիռ կողմերուն կողմէ ընկալուին եւ ընդունուին իբրեւ ժողովրդավարական եւ արդար: Թէեւ մենք կը հասկնանք արտահերթ ընտրութիւններ իրականացնելու կոչը` կոչ կ՛ընենք իշխանութիւններուն եւ բոլոր քաղաքական շահագրգիռ կողմերուն երաշխաւորելու, որ արտահերթ ընտրութիւնները կայանան եւրոպական չափանիշներուն եւ ժողովրդավարական ընտրութիւններուն համար անհրաժեշտ օրէնքներուն համապատասխան եւ որ բոլոր քաղաքական ուժերը ունենան պատշաճ եւ բաւականաչափ ժամանակ ընտրութիւններուն պատրաստուելու համար», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Կը նշուի, որ յատկապէս կարեւոր է, որ փոխուի Ընտրական օրէնսգիրքը, ինչպէս կոչ ըրած են որոշ քաղաքական շահագրգիռ կողմեր: «Որեւէ փոփոխութիւն պէտք է լիարժէքօրէն յարգէ Վենետիկի յանձնաժողովի ցուցմունքները, ներառեալ` ընտրական օրէնսդրութեան կայունութեան առնչութեամբ, եւ հիմնուած ըլլայ բոլոր քաղաքական ուժերուն միջեւ ըստ կարելւոյն առաւելագոյն համաձայնութեան վրայ»,  ըսած է Լովոչքինա:

Ան ընդգծած է, որ պատշաճ խորհրդակցութիւններու եւ համաձայնութեան համար բաւականաչափ ժամանակի անհրաժեշտութիւնը ա՛լ աւելի կարեւոր է հաւանական սահմանադրական ցանկացած փոփոխութեան ծիրին մէջ, որ պէտք չէ հապճեպ իրականացուի:

Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ վերջին զարգացումներուն, որոնք մեծցուցած են երկրի քաղաքական միջավայրին մէջ լարուածութիւնը եւ յանգեցուցած քաղաքական հետապնդումներ եւ քաղաքական շարժառիթներով քրէական հետաքննութիւններ սկսելու մասին մեղադրանքներու, Լովոչքինա նշած է, որ ԵԽԽՎ-ն բազմիցս ողջունած է Հայաստանի մէջ խաղաղ եւ ժողովրդավարական իշխանափոխութիւնը, ինչպէս նաեւ` իշխանութիւններու հաւաստիացումները ժողովրդավարական սկզբունքները յարգելու եւ դատական համակարգին մէջ քաղաքական միջամտութիւններու անընդունելիութեան մասին:

«Ես կ՛ընդգծեմ, որ անպատժելիութիւն քրէական գործողութիւններու համար չի կրնար ըլլալ` անկախ, թէ ով իրագործած է զայն: Մենք, հետեւաբար, կ՛ողջունենք 2008 թուականի մարտեան ողբերգական դէպքերու ժամանակ արձանագրուած 10 զոհերու վերաբերեալ որեւէ արժանահաւատ քննութիւն: Այնուամենայնիւ, որեւէ հետաքննութիւն, իր մէջ նաեւ` կաշառակերութեան մեղադրանքներու վերաբերեալ հետաքննութիւնները, պէտք է իրականացուին օրէնքի գերակայութեան, դատական անկախութեան եւ արդար դատավարութեան սկզբունքներու պահպանումով` համաձայն Մարդու իրաւունքներու եւրոպական պայմանագիրին», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ համազեկուցողները դիտորդական յանձնախումբի խնդրանքով մօտ ապագային պիտի այցելեն Հայաստան` քննարկելու վերջին զարգացումները բոլոր շահագրգիռ կողմերուն հետ:

 

Նախորդը

Վարչապետ Հարիրի Նախագահ Աունի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութիւնը` Հաստատելով Իր Լաւատեսութիւնը

Յաջորդը

«Արցախի Մէջ Պատերազմի Վերսկսումը Կրնայ Աւարտիլ Ազրպէյճանի Փլուզումով» Կ՛ըսէ Զաթուլին

RelatedPosts

Սկսաւ Բագրատ Սրբազանի  Եւ 17 Մեղադրեալներու Դատավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Սկսաւ Բագրատ Սրբազանի Եւ 17 Մեղադրեալներու Դատավարութիւնը

Օգոստոս 20, 2025
Փեզեշքիան. «Շրջանին Մէջ Ղեկավարումը  Պէտք Է Ըլլայ Կովկասեան, Եւ Խնդիրներու  Արտաշրջանային Տէրութիւններու Արտայանձնումը  Կացութիւնը Աւելի Կը Բարդացնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Փեզեշքիան. «Շրջանին Մէջ Ղեկավարումը Պէտք Է Ըլլայ Կովկասեան, Եւ Խնդիրներու Արտաշրջանային Տէրութիւններու Արտայանձնումը Կացութիւնը Աւելի Կը Բարդացնէ»

Օգոստոս 20, 2025
Արաղչի. «Հայաստան Վստահեցուցած Է`  Իր Տարածքով Իրանի Դէմ Սպառնալիք  Երբեք Պիտի Չարտօնէ»
Հայկական

Արաղչի. «Հայաստան Վստահեցուցած Է` Իր Տարածքով Իրանի Դէմ Սպառնալիք Երբեք Պիտի Չարտօնէ»

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?