Շաբաթ, 22 սեպտեմբեր 2018-ին, ՀՄԸՄ Այնճարի «Կայծակ եւ Ծովիկ Զէյթլեան» մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցան պասքեթպոլի բարեկամական մրցումներ` ՀՄԸՄ Այնճարի եւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղերուն տարբեր տարիքային խումբերուն միջեւ:
Մրցումները ընթացան եղբայրական եւ մարզական մթնոլորտի մէջ:
Խումբերուն անդամները առիթը ունեցան իրարու աւելի մօտէն ծանօթանալու եւ ընկերանալու:
Կէսօրուան ճաշի դադարին մարզիկները արշաւեցին դէպի Այնճարի Լերան ստորոտը, ուր ճաշեցին եւ վայելեցին Այնճարի գեղեցիկ բնութիւնը:
Ինչ կը վերաբերի արձանագրուած արդիւնքներուն, Այնճարի աղջկանց խումբը 52-38 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, Այնճարի Ա. խումբը իր կարգին յաղթանակ մը արձանագրեց (72-38), Անթիլիասի Բ. խումբը արձանագրեց յաղթանակ մը (44-42), եւ վերջապէս` յաղթանակ մը արձանագրեց Անթիլիասի Գ. խումբը (43-32):
Կը շնորհաւորենք բոլոր խումբերուն յաղթանակները եւ մարզական ոգիով դաստիարակութիւնը` մաղթելով, որ խումբերը կը շարունակեն ձեռք ձգել նորանոր յաղթանակներ եւ յաջողութիւններ:





