Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) տեղի ունեցաւ թեքուանտոյի Պէյրութի միջազգային ախոյեանութիւնը` հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:
Այս ախոյեանութեան վերջին օրը, Լիբանան յաջողեցաւ տիրանալ 8 ոսկի մետալներու:
Անոր աւարտին, տղոց լաւագոյն իրաւարարը ընտրուեցաւ Մաքսիմ Կուս (Մոլտովա), իսկ աղջկանց լաւագոյնը` Լուիզ Ֆոլքպուրկ (Դանիա):
Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Հապիպ Զարիֆէ յատուկ յուշանուէրներ յանձնեց մասնակցող երկիրներու պատուիրակութիւններու նախագահներուն:




