Պաթումի մէջ տեղի ունեցող Ճատրակի համաշխարհային ողիմպիականին երկրորդ հանգրուանին, Հայաստանի տղոց հաւաքականը մրցեցաւ Ղազախստանի դէմ:
Արշակ Պետրոսեանի գլխաւորած խումբին յաղթանակը ապահովեց յառաջատար Լեւոն Արոնեան, որ Ա. հանգրուանին չէր մասնակցած:
Հրանդ Մելքումեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան եւ Հայկ Մարտիրոսեան իրենց ճակատումները աւարտեցին հաւասարութեամբ:
Իր երկրորդ յաղթանակը արձանագրեց նաեւ Հայաստանի աղջկանց խումբը, որ 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Աւստրիոյ կազմը:
Աննա Սարգսեան եւ Մարիա Քուրսովա յաղթանակներ արձանագրեցին, մինչ Լիլիթ Մկրտչեան եւ Սիրանուշ Ղուկասեան` հաւասարութիւններ:
Այս մրցումներէն ետք երէկ տեղի ունեցաւ Գ. հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
Հայաստանի տղոց խումբը կը մրցի Թուրքիոյ դէմ, իսկ Հայաստանի աղջկանց մրցակիցը պիտի ըլլայ Յունաստանը:



