Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Անկախութեան Տօնին Առիթով Իր Ուղերձին Մէջ. «Լիայոյս Եմ, Որ 100 Տարի Առաջ Սկսած Մեր Գործակցութիւնը Աւելի Պիտի Ամրապնդուի» Կ՛ըսէ Թրամփ

September 25, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Հայաստանի անկախութեան տօնին առիթով շնորհաւորական ուղերձ յղած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին:

Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ուղերձին մէջ կ՛ըսուի.

«Ամերիկացի ժողովուրդին անունով կը շնորհաւորեմ ձեզ եւ Հայաստանի ժողովուրդը` ձեր ազգային անկախութեան 27-ամեակին առիթով:

«Այս տարի Հայաստան տօնելու շատ բան ունի: Խաղաղ, ժողովրդական շարժումը մէկ նոր դարաշրջան բացաւ Հայաստանի մէջ, եւ մենք պատրաստ ենք աշխատելու ձեզ հետ` օգնելու իրագործել փտածութիւնը արմատախիլ ընելու, անկախ դատական համակարգի, քաղաքական եւ տնտեսական մրցակցութեան վրայ հիմնուած ներկայացուցչական ու հաշուետու կառավարում եւ իրաւունքի գերակայութիւն հաստատելու ձեր ժողովուրդի կամքը:

«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք տարբեր հարթակներու վրայ ձեր հաստատուն գործընկերութեան, մասնաւորաբար` ՕԹԱՆ-ի գործողութիւններուն մէջ ձեր մասնակցութեան եւ սուրիացի գաղթականները մեծահոգաբար ընդունելու համար:

«Յառաջիկայ ամիսներուն կարելիութիւններ պիտի բացուին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման համար, որ կրնայ նաեւ նոր կարելիութիւններ բանալ հայ-ամերիկեան գործակցութեան համար: Իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի անդամ պետութիւն` Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են աշխատելու ձեզ հետ` տագնապին տեւական խաղաղ լուծում գտնելու շուրջ:

«Այս տարին նաեւ կը նշանաւորուի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ հայ-ամերիկեան բարեկամութեան 100-ամեակով: Լիայոյս եմ, որ 100 տարի առաջ սկսած մեր գործակցութիւնը այսուհետեւ աւելի պիտի ամրապնդուի: Այս առանձնայատուկ 100-ամեայ յոբելեանին առիթով լաւագոյն մաղթանքներս կը յղեմ ձեզի եւ Հայաստանի ժողովուրդին»:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Անկախութեան Տօնին Առիթով Էլիզապեթ Բ. Թագուհիի Ուղերձը

Յաջորդը

Հայկակ Արշամեանը Նշանակուած Է «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Տնօրէն

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութեան  Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն

November 10, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Կը Փորձէ Իր Որոշումներուն Համար Պատասխանատուութիւնը Բարդել ՀԱՊԿ-ի Վրայ»

November 10, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը  Կ՛ընդդիմանայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի  Պաշտօնին Թուրքիոյ Առաջադրած Թեկնածուին
Հայկական

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Կ՛ընդդիմանայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Պաշտօնին Թուրքիոյ Առաջադրած Թեկնածուին

November 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.