—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Արժ. Տ. Գառնիկ Ա. քհնյ. Գոյունեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Յովիկ Գոյունեան եւ զաւակունք
Տիկին Եղիսաբէթ Գասապեան
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ եւ հարազատին`
ՏԻՐԱՄԱՅՐ ԱՐՈՒՍԵԱԿ ԳՈՅՈՒՆԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԳԱՍԱՊԵԱՆ, 1936-ին)
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 10 սեպտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, իր բնակարանին մէջ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երեքշաբթի, 11 սեպտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Անահիտ Սոպատճեան
Օրդ. Մարալ Սոպատճեան
Տիկին Ճէյրան Սոպատճեան եւ զաւակները` Թալիս եւ Կարէն
Տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Հուրի Էսպեր եւ դուստրը
Սոպատճեան եւ Էսպեր ընտանիքներ
Իշտաշանտրոֆ եւ Ղազի ընտանիքներ
Սարգիսեան եւ Կէօքկէօզեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, աներոջ եւ հարազատին`
ՎԱՐԱՆԴ ԳԱՌՆԻԿ ԱՈՒԱԳԻ
(ՍՈՊԱՏՃԵԱՆ)
(Ծնեալ` 1944-ին)
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 10 սեպտեմբեր 2018-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երեքշաբթի, 11 սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, հանգուցեալին բնակարանին մէջ, Անթիլիաս:
—————————————
ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻ
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Լիբանանի հայոց նորընտիր առաջնորդ
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԶԵԱՆ
շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունի հինգշաբթի, 13 սեպտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն 9:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
—————————————
Բարձր Հովանաւորութեամբ`
Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան եւ
Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան
«ՖՐԱՆՔՈՖՈՆ»-ի Ծիրին մէջ
ՆՈԱԶ ԱՐՔ Արուեստի Ցուցասրահը
Սրտագին կը հրաւիրէ ձեզ
Ֆրանսահայ տարբեր սերունդներու Գեղանկարիչներու
Ցուցահանդէսի մը
ԷՏԿԱՐ ՇԱՀԻՆ, ԳԱՌԶՈՒ, ԺԱՆՍԵՄ, ՇԱՐԹ եւ ԱՍԱՏՈՒՐ
Բացում: Հինգշաբթի, 13 սեպտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-էն 9:00:
Ցուցահանդէսը կը շարունակուի 13-էն 27 սեպտեմբեր, 2018 (ամէն օր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, բացի կիրակի օրերէն):
—————————————
ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 103-ԱՄԵԱԿ-Ի
ԵՒ
ԱՅՆՃԱՐԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 79-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ
Հինգշաբթի, 13 սեպտեմբեր 2018:
Գեղանկարչական ցուցահանդէս.- Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղին, մասնակցութեամբ Այնճարի երիտասարդ գեղանկարիչներու: Երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ:
Ուրբաթ, 14 սեպտեմբեր 2018:
Աւանդական տոհմիկ երեկոյ.- ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակին մէջ:
Ելոյթ կ՛ունենան թենոր Գէորգ Հաճեան, լիբանանահայ երգչուհի Շաքէ Պաղտասարեան, ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի, երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ:
Շաբաթ, 15 սեպտեմեր 2018:
Ժողովրդային տօնախմբութիւն`
Հովանաւորութեամբ
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆԻ
Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ
* Ժողովրդային քայլարշաւ.- Այնճարի կեդրոնական հրապարակէն Մուսա լերան յուշարձան համալիր` առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին:
* Պաշտօնական հանդիսութիւն
Պատգամախօս` ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Հայրենասիրական եւ յեղափոխական երգերով ելոյթ կ՛ունենայ հանրածանօթ երգիչ`
(թենոր) ԳԷՈՐԳ ՀԱՃԵԱՆ
Մասնակցութեամբ` ՍԵԴՕ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆի
Երեկոյեան ժամը 8:30-էն սկսեալ:
* Տեղի պիտի ունենայ նաեւ մատաղի պատրաստութիւն` կազմակերպութեամբ
Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին:
Կիրակի, 16 սեպտեմբեր 2018:
Սուրբ եւ անմահ պատարագ, հանդիսապետութեամբ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի, հոգեհանգստեան արարողութիւն Մուսա լերան հերոսամարտի 18 նահատակներու յիշատակին, մատաղի օրհնութիւն եւ բաշխում:
ՀՅԴ «ԿԱՐՄԻՐ ԼԵՌ» ԿՈՄԻՏԷԻ
ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
—————————————
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ՓՐԿԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԺՈՂՈՎՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
Հովանաւորութեամբ`
ԱՐՀԻ. Տ. ԳԷՈՐԳ ԵՊՍ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆԻ
Օգնական եպիսկոպոս Պէյրութի պատրիարքական թեմին
ՏՕՆ ՎԵՐԱՑՄԱՆ ՍՐԲՈՅ ԽԱՉԻՆ
Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՌԵՀԱՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 14 սեպտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ:
Յաւարտ Ս. պատարագին, թափօր տեղի պիտի ունենայ Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ:
Կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:
ԴԻՒԱՆ`
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ՓՐԿԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԺՈՂՈՎՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Ազգային միացեալ վարժարանի գրասենեակները կը մնան փակ երկուշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2018-ին, Ս. Խաչի տօնի մեռելոցին առիթով, ինչպէս նաեւ հինգշաբթի, 20 սեպտեմբեր 2018-ին, Աշուրային առիթով:
ՏՆՕՐԷՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ
2018-2019 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի գրասենեակները սկսած են իրենց առօրեայ գործունէութեան: 2018-2019 տարեշրջանի արձանագրութիւնները կը շարունակուին:
Գիրքերու եւ համազգեստի (մանկապարտէզը ներառեալ) վաճառքը կը շարունակուի մինչեւ երկուշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2018:
Աշակերտական վերամուտը կ՛ընթանայ հետեւեալ կարգով.
Թ., ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններ.- Հինգշաբթի, 13 սեպտեմբեր 2018, առաւօտեան ժամը 7:30-ին:
Է., Ը. եւ Ժ. դասարաններ.- Երկուշաբթի, 24 սեպտեմբեր 2018, առաւօտեան ժամը 7:30-ին:
Բ., Գ., Դ., Ե. եւ Զ. դասարաններ.- Չորեքշաբթի, 26 սեպտեմբեր 2018, առաւօտեան ժամը 7:30-ին:
Ա. դասարան.- Հինգշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2018, առաւօտեան ժամը 7:30-ին:
Կանաչ դասարան.- Երկուշաբթի, 1 հոկտեմբեր 2018, առաւօտեան ժամը 8:30-ին:
Կապոյտ դասարան.- Երեքշաբթի, 2 հոկտեմբեր 2018, առաւօտեան ժամը 8:30-ին:
Վարդագոյն դասարան.- Չորեքշաբթի, 3 հոկտեմբեր 2018, առաւօտեան ժամը 8:30-ին:
Վերամուտին առիթով ձեզի կը մաղթենք յաջող տարեշրջան մը:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պուրճ Համուտ, Ազգային խորհուրդի շէնքեր: Դիմել` հեռ. 03-785237:
—————————————
ԾԱԽՈՒ ԵՆ
Հայաստանի մէջ հողաշերտեր եւ բնակարաններ` զանազան չափերով: Դիմել` հեռ. 03-335368, պրն. Լէոն Այնթէպլեանին:
—————————————
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պուրճ Համուտ, Մար Եուսեֆ եկեղեցւոյ դիմաց, մայր ճամբուն վրայ, 4-րդ յարկ, 100 քառ. մեթր:
Դիմել` հեռ. 76-691830: