Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

November 30, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուսումնական աշխատանքի մէջ բոլորս կը գիտակցինք սորվելու անհրաժեշտութեան, որովհետեւ ան կը բարձրացնէ ուսման արդիւնաւէտութիւնը:

Մեծահասակներս նաեւ պէտք է սորվինք` նորութիւններ աւելցնելով հին գիտելիքներուն վրայ, մանաւանդ երբ այդ գիտելիքները կը վերաբերին հայոց լեզուի դասաւանդման: Աւելի լաւ կը սորվինք, երբ որեւէ հատուած կը զգանք, կ՛ապրինք, անոր մասին կը մտածենք, կը գործենք եւ կ՛արտայայտենք այդ բոլորը գեղեցիկ խօսքերով եւ ստեղծագործութեամբ:

Ուստի շատ կարեւոր է հայոց լեզուի աշխատանքային հանդիպումը` այդ լեզուն դասաւանդող ուսուցիչներուն հետ, որպէսզի գաղափարներու փոխանակումը բիւրեղացնէ մտածումները ընկալելու գործընթացին եւ դասաւանդման ժամանակակից մեթոտի կիրարկման մէջ:

Առ այդ, 29 հոկտեմբեր, 2011-ին, 5 նոյեմբեր, 2011-ին եւ 8 նոյեմբեր, 2011-ին Ճեմարանի մէջ տեղի ունեցան աշխատանքային հանդիպումներ մասնակցութեամբ` Ճեմարանի եւ Ազգային վարժարաններու նախակրթարանի եւ մանկապարտէզի ուսուցիչներուն, ղեկավարութեամբ` Կարինէ Թորոսեանի:

Ան Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան Նախարարութեան` «Կրթութեան ազգային ինստիտուտի» նախադպրոցական եւ տարրական բաժանմունքի վարիչն է: 40 տարուան փորձառութիւն ունի, մասնակցած է բազմաթիւ միջազգային խորհրդաժողովներու եւ միշտ հետեւած է ժամանակակից նորութիւններուն: Ան Հայաստանի պետական բոլոր դպրոցներուն նախադպրոցական եւ տարրական բաժանմունքի մեթոտիստներու վարիչն է:

Նկատի առնելով, որ Կարինէ Թորոսեան վաստակաշատ, մասնագէտ մեթոտիստ է հայոց լեզուի եւ հեղինակ տարրական բաժնի հայերէն դասագիրքերու, կրնար օգտակար ըլլալ մեր ուսուցիչներուն: Ուստի ընդառաջեցինք Ճեմարանի հետ գործակցելու առաջարկին, հայերէն լեզուի ուսումնական գործունէութիւնը դարձնելու համար ժամանակակից եւ արդիւնաւէտ:

Կարինէ Թորոսեան երեք հանդիպումներով կրցաւ հետաքրքրական դարձնել խումբի զարգացումը խթանող վարժութիւններով, զարգացնելու համար հմտութիւններ` դասածրագիրներու ընդմէջէն:

Ան ներկայ ըլլալով դասալսումներուն, իր ցուցմունքներով կրցաւ օգնել ուսուցիչներուն, որ աշակերտները աւելի աշխոյժ ըլլան եւ բազմաթիւ հետաքրքրական վարժութիւններով զարգացնեն բանաւոր խօսքը:

Բոլորիս  նպատակն է մեր աշակերտներուն հայերէն լեզուի գիտելիքները եւ հմտութիւնը փոխանցել բնական մթնոլորտի մէջ, ինքնուրոյն աշխատելու անհրաժեշտութեամբ, որովհետեւ մենք պատասխանատուութիւնը կը կրենք հայերէնի ծրագիրը եւ սորվելու գործընթացը հետաքրքրական դարձնելու, համապատասխան աշակերտի պահանջքներուն:

Վերջապէս կ՛անդրադառնանք Հայաստան – սփիւռք համագործակցութեան կարեւորութեան, որովհետեւ ան պիտի նպաստէ երկու հատուածներուն առողջ մթնոլորտի մը ստեղծման, որպէսզի միասին զօրացնենք մեր ոսկեղինիկ լեզուն երկու ճիւղերով եւ միասնաբար կերտենք մեր պատմութիւնը:

ԱԶԳԱՅԻՆ  ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ
ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

Նախորդը

ԱՅՍ ԱՆԿԻՒՆԷՆ. ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒՆ` ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔ

Յաջորդը

ՀՅԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 121-ԱՄԵԱԿ. ՄԵՐ ԿՈՂՄՆԱՑՈՅՑԻՆ ԵՐԱՆԳԱՊՆԱԿԸ (ՈՒՐՈՒԱԳԾՈՒՄՆԵՐ) Ա.

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.