ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ|
ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Պուրճ Համուտի շրջանի բնակիչներուն ուշադրութեան կը յանձնենք, թէ շրջանին մէջ գործող բոլոր ելեկտրածին շարժակներուն ընդհանուր
միջին ժամերու ընդհատումը եղած է 313 ժամ, եւ ըստ ուժանիւթի նախարարութեան կողմէ ճշդուած սակացոյցին, օգոստոս ամսուան իւրաքանչիւր
քիլուաթ /ժամի սակ ճշդուած ըլլալով 335 լիբ. ոսկի, հետեւաբար բաժանորդներէն պիտի գանձուի միայն 105.000 լիբ. ոսկի` 5 ամփերի փոխարէն:
—————————————
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ԳՈՀԱՐ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ
ՌՈՒԲԷՆ ՍԱՍՈՒՆՑԻ
ԱՂԱՍԻ ԻՍՊԻՐԵԱՆ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ
5 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018
—————————————
ԱԶԴԱՐԱՐԱԳԻՐ-ԿՈՉՆԱԳԻՐ
Մեծայա՛րգ պրն. Վաչէ Քէօֆթէեան
Յարգելի՛ պարոն,
Լիբանանի հայոց թեմի Դատաստանական խորհուրդս, 14 յունիս 2017 թուականին կայացուցած իր նիստին, որուն ներկայ չգտնուեցաք, զբաղեցաւ ձեր ընտանեկան հարցով:
Սոյն ազդարարագիրով ձեզ կը հրաւիրենք Դատաստանական խորհուրդի նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 19 հոկտեմբեր 2018-ի կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանին մէջ, պաշտպանելու համար ձեր դատը անձամբ կամ փոխարինող անձի միջոցով:
Չներկայանալու պարագային, ձեր բացակայութիւնը ներկայութեան համազօր պիտի նկատուի եւ արձակուի համապատասխան վճիռ:
ԴԱՏԱՍՏԱՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ
—————————————
ԿՐԹԱԿԱՆ ՏԱՐԵՄՈՒՏ
ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
2018-2019 կրթական տարեշրջանի արձանագրութիւնները կը շարունակուին 3 սեպտեմբերէն սկսեալ ամէն օր ժամը 9:00- 12:00, բացի ուրբաթ օրերէն:
Նորեկ աշակերտները պարտին ներկայանալ քարտուղարութեան` ստանալու համար պահանջուած փաստաթուղթերու ցանկը:
ՎԵՐԱՄՈՒՏ 2018-2019 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ
– Պրէօվէի եւ պաքալորէայի դասարաններ` Երեքշաբթի, 18 սեպտեմբեր 2018
– Միջնակարգ եւ երկրորդական` Երկուշաբթի, 24 սեպտեմբեր 2018
– Նախակրթարան
Դ.- Զ. դասարաններ` Չորեքշաբթի, 26 սեպտեմբեր 2018
Ա.- Գ. դասարաններ` Հինգշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2018
– Մանկապարտէզ
Ծաղիկ- Կոկոն դասարաններ` Հինգշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2018
Բողբոջ – Ծիլ դասարաններ` Երկուշաբթի, 1 հոկտեմբեր 2018
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
Ուշադրութիւն:
Արձանագրութեան եւ կրթաթոշակներու սակերը կը մնան անփոփոխ: Փոխադրամիջոցը` անվճար:
—————————————
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԻՒՆ – ԼԻԲԱՆԱՆ
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովս այսու կու գայ յայտարարել, որ միութեանս նոր դարմանատունը իր դռները պիտի բանայ հասարակութեան առջեւ, հինգշաբթի, 6 սեպտեմբեր 2018 թուականէն սկսեալ, Ամանոսի Ահրամճեան կեդրոնին մէջ, ուր պիտի գործեն զանազան մասնագէտ բժիշկներ:
Դարմանատան հեռաձայնի թիւն է` 01-254323:
ՀԲԸՄ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱԿԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎ
—————————————
Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու
Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարան
Ֆանար – Լիբանան
2018-2019 Տարեշրջան
Հեռ. 01/891068 – 891099
2018-2019 Տարեշրջանի Արձանագրութիւններ
2018-2019 կրթական տարեշրջանի արձանագրութիւնները կը վերսկսին երկուշաբթի, 3 սեպտեմբերին, ամէն օր (բացի շաբաթ օրերէն), առաւօտեան ժամը 8:30-էն 12:30:
Այս տարեշրջանին եւս վարժարանս կը շարունակէ ընդունիլ ծիլ դասարանէն մինչեւ 12-րդ կարգի աշակերտներ` երեք բաժանմունքներու մէջ.
– Ընդհանուր գիտութիւն (SG)
– Կենսաբանութիւն (SV)
– Ընկերատնտեսութիւն (SE)
Նորեկ աշակերտներու ծնողներէն կը խնդրուի ներկայանալ քարտուղարութեան` անհրաժեշտ փաստաթուղթերու եւ տեղեկութիւններու համար:
ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԹՈՒԱԿԱՆՆԵՐ
– Չորեքշաբթի, 12 սեպտեմբեր 2018 – Թ., Ժ., ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններուն համար` առաւօտեան ժամը 7:25-12:20
– Երեքշաբթի, 25 սեպտեմբեր 2018 – Նախակրթարանի եւ Միջնակարգի բոլոր դասարաններուն համար` առաւօտեան ժամը 7:25-12:20
– Հինգշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2018 – Մանկապարտէզի բոլոր դասարաններուն համար` առաւօտեան ժամը 7:25-12:20
ԾԱՆՕԹ.- 1) Երկուշաբթի, 1 հոկտեմբերէն սկսեալ դասաւանդութիւնը կ՛ըլլայ լիաժամ` առաւօտեան ժամը 7:25-14:30:
2) Գրենական պիտոյքի եւ համազգեստի վաճառում` երկուշաբթի, 10 սեպտեմբերէն սկսեալ` առաւօտեան ժամը 8:30-1:00, (բացի շաբաթ օրերէն):
Ուսումնական նոր վերելքներու ակնկալութեամբ բարի վերամուտ կը մաղթենք մեր ծնողներուն եւ աշակերտներուն:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ՍՐԲ. ԱԳՆԷՍ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
2018-2019
ՎԵՐԱՄՈՒՏ
Պրէօվէ` հինգշաբթի, 13 սեպտեմբեր
Նախակրթարան եւ միջնակարգ` երեքշաբթի, 25 սեպտեմբեր
Մանկապարտէզ` հինգշաբթի, 4 հոկտեմբեր
Արձանագրութիւնները կը շարունակուին 3 սեպտեմբերէն սկսեալ, ամէն օր ժամը 9:00-էն 1:00:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պուրճ Համուտ, Մար Եուսեֆ եկեղեցւոյ դիմաց, մայր ճամբուն վրայ, 4-րդ յարկ, 100 քառ. մեթր:
Դիմել` հեռ. 76-691830: