ԲԱԽՏԱՒՈՐՈՒԱԾ
Տէր եւ տիկին Արէն եւ Սանան Քերթէշեան
բախտաւորուած են առջինեկ մանչ զաւակով մը`
ԱՐԱՄ
27 օգոստոս 2018
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Աստղիկ Փանոսեան
Տէր եւ տիկին Փոլ եւ Վարդուկ Փանոսեան եւ զաւակները` Վաչէ եւ Դալար
Օրդ. Մարալ Փանոսեան
Տիար Ժիրայր Փանոսեան
Ադամեան եւ Պոլիսեան ընտանիքներ
Հանտեան եւ Յովսէփեան ընտանիքներ
Հաննէդսան եւ Ատուրեան ընտանիքներ
Ղուկասեան եւ Գալուստեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր եւ հարազատին`
ՓԱՅԼԱԿ ՊՕՂՈՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Մուսա լեռ, 1929-ին)
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 28 օգոստոս 2018-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ հինգշաբթի, 30 օգոստոսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՃՈՆԻ ԱՐԵՒԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 2 սեպտեմբեր 2018-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՍԱՆԱՆ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 2 սեպտեմբեր 2018-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԱՐՄԷՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 2 սեպտեմբեր 2018-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ
«Բագին» Ապրիլ-Յունիս 2018
ԾԷ. ՏԱՐԻ, ԹԻՒ 2
ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ
- Շնորհքով մարդիկ
(Վէպ տեղական կեանքէ) | ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆ
- Հլուները եւ ըմբոստները
(Վէպ պոլսական կեանքէ) | ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆ
- Երկու վէպեր | ԳՐԻԳՈՐ ՊԸԼՏԵԱՆ
Զապէլ Եսայեանի հինգ անտիպ նամակները Լեւոն Բաշալեանին (1924-1926 թթ.)
| ՄԻՀՐԱՆ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
- Vacuum | ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ
- Անսուտ հեքիաթ | ՍՊԱՐՏԱԿ ՂԱՐԱԲԱՂՑԵԱՆ
- ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ | ՆԱՆՈՐ ԻՆՃԷՃԻԿԵԱՆ
- Կրթական ուղիս | ԵՆՈՎՔ ԼԱԶԵԱՆ
- Քանի մը տողով (Գ) Կարճ, աւելի կարճ եւ մանր պատմուածքներ
| ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
- Եղիշէ Չարենցի իտալական օրերուն շուրջ հիւսուած առասպելներ
| ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
- «Զառ» Թատրոն` «Արմինէ, քոյրս»
- Հրաշալիք եւ քայքայում | ՄԱՐԿ ՆՇԱՆԵԱՆ
* Ստանալու համար դիմել Համազգայինի գրատարած կամ «Բագին»-ի խմբագրատուն, եւ կամ գրել` pakin@hamazkayin.com հասցէին:
—————————————
ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ
ՍՐԲՈՒՀԻ ԱԳՆԷՍ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏ ՀԵՌ. 01-261139
2018-2019 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
2018-2019 տարեշրջանի նախնական արձանագրութիւնները նախկին եւ նոր աշակերտներու համար կը սկսին երկուշաբթի, 3 սեպտեմբերին եւ կը շարունակուին մինչեւ հոկտեմբեր, ամէն առաւօտ ժամը 9:00-էն 12:30, բացի շաբաթ եւ կիրակի օրերէն:
Վերամուտ
– Պրէօվէ հինգշաբթի, 13 սեպտեմբեր
– Միջնակարգ եւ նախակրթարան երեքշաբթի, 25 սեպտեմբեր
– Մանկապարտէզ հինգշաբթի, 4 հոկտեմբեր
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ԾԱԽՈՒ ՀՈՂԱՇԵՐՏ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
1200 քառ. մեթր, օժտուած` ջուրով, կազով եւ ելեկտրականութեամբ, Երեւանէն 2 քիլոմեթր հեռու, Վահագնի թաղամասէն ետք, Վանայ հովիտ թաղամասին դիմաց:
Դիմել` հեռ. 00374 91 157777 թիւին:
—————————————
ՎԱՐՁՈՒ Է
Յարկաբաժին մը` Պուրճ Համուտի մէջ, Ազգային խորհուրդի շէնքեր: Դիմել` հեռ. 03-785237:
—————————————
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Աբրահամ Սերժ Աշճեանի մահուան առիթով տիար Խաժակ Գլնճիպաշեան 100 տոլար եւ տիկին Ռոզին Նահմէ Աշճեան 50 տոլար կը նուիրեն «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնին:
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ