Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ Պասթիան Շուայնշթայկըր դիմեց համակիրներուն, որոնք ներկայ եղան անոր հրաժեշտի մրցումին:
«Միւնիխ Ալեանց Արենա» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած մրցումին, 34-ամեայ Շուայնշթայկըրի նախկին ակումբը` Պայերն Միւնիխ 4-0 արդիւնքով յաղթեց ամերիկեան Շիքակօ Ֆայըրին:
Կոլերէն մէկը նշանակեց օրուան հերոսը:
«Հրաշալի էր կրկին դաշտ իջնել այն ֆութպոլիստներուն հետ, որոնց հետ հասած եմ ամէնէն լուրջ նուաճումներու: Շատ հաճելի էր դարձեալ տեսնել զանոնք: Ես ձեզմէ մէկն եմ: Միշտ պիտի ըլլամ ձեզմէ մէկը», հրաժեշտի խօսքին մէջ ըսաւ Շուայնշթայկըր:
Այդ խաղին մէջ գերմանացի միջնապահը մէկական կիսախաղ մասնակցեցաւ իւրաքանչիւրի կազմին մէջ: Գերմանական ակումբի բոլոր ֆութպոլիստները հագած էին թիւ 31 տարազը, որ կը կրէր Շուայնշթայկըր իր Պայերն Միւնիխի օրերուն, նոյնպէս հիմա` Շիքակօ Ֆայըրի մէջ:
Պասթիան Շուայնշթայկըր Պայերն Միւնիխի մարզական դպրոցի աշակերտներէն է: Ան հիմնական կազմին մէջ եղած է 2000-էն մինչեւ 2015 թուական, երբ տեղափոխուած է Մանչեսթըր Եունայթըտ, ապա 2017-ին` Շիքակօ Ֆայըր:
Գերմանիոյ հաւաքականի կազմին մէջ միջնապահը 2004-2016-թուականներուն մասնակցած է 121 մրցումի եւ նշանակած 24 կոլ, իսկ 2014-ին դարձած է աշխարհի ախոյեան: