Ֆութպոլի Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մրցաշարքի 6-րդ հանգրուանին, յառաջատար Փիւնիկ 4-2 արդիւնքով պարտուեցաւ Բանանցէն:
Իսկ Լոռի, 1-0 արդիւնքով յաղթելով Արարատի, 10 կէտով գրաւեց առաջին դիրքը:
Երէկ տեղի ունեցած Արցախ Գանձասար – Կապան եւ Շիրակ – Ալաշկերտ մրցումներուն յաղթողներ չեղան:
Այս հանգրուանի բոլոր մրցումներէն առաջ խումբերը վայրկեան մը լռութեամբ յարգեցին Արարատի նախկին բերդապահ Ալեոշա Աբրահամեանի յիշատակը:



