Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Ոստիկանութիւնը Յայտնաբերած Է Ուաշինկթընի Կողմէ Հետախուզուող Թուրքը, Որ Քոնկրեսականներ Հրաւիրած Է Ազրպէյճան Եւ Թուրքիա

Օգոստոս 31, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

29 օգոստոսին Հայաստանի ոստիկանութեան կազմակերպուած յանցագործութեան դէմ պայքարի գլխաւոր վարչութեան ծառայողները, համագործակցելով Հայաստանի մէջ Ինթերփոլի ազգային կեդրոնական գրասենեակի ծառայողներուն հետ, Երեւանի մէջ յայտնաբերած են Միացեալ Նահանգներու իրաւապահներուն կողմէ հետախուզուող, ազգութեամբ թուրք Քեւին Էօքսիւզը, որ ձեռնարկատիրական գործունէութիւն ծաւալելու նպատակով Հայաստանի մէջ հիմնադրած էր սահմանափակ պատասխանատուութեան ընկերութիւն եւ սկսած գործունէութիւն:

23 օգոստոսին Էօքսիւզի նկատմամբ յայտարարուած էր միջազգային հետախուզում Միացեալ Նահանգներու քրէական օրէնսգիրքին հիմամբ, մասնաւորաբար` Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան բարոյագիտութեան յանձնախումբէն փաստացի նիւթերը կեղծելու միջոցով թաքցնելու եւ Ներկայացուցիչներու տան բարոյագիտութեան յանձնախումբին կեղծ յայտարարագիր ներկայացնելու (4 պարագայ) մեղադրանքներով:

Միջազգային հետախուզում յայտարարելէ ետք` յաջորդ օրն իսկ, ան ոստիկանութեան տեսադաշտին մէջ յայտնուած է, եւ ոստիկանութեան պետի անմիջական հսկողութեամբ ձեռնարկուած են ծաւալուն, անյետաձգելի հետախուզական գործողութիւններ:

Էօքսիւզ թուրք ամերիկացիներու եւ եւրասիացիներու հասարակական, նիւթական շահ չհետապնդող կազմակերպութեան նախագահն էր: Կազմակերպութեան նպատակն էր սերտ յարաբերութիւններ հաստատել թուրքերու եւ ամերիկացիներու միջեւ` կազմակերպելով ուղեւորութիւններ դէպի Թուրքիա եւ Ազրպէյճան:

Էօքսիւզ 2013-ին այլ անձերու հետ քանի մը քոնկրեսականներ հրաւիրած է անձնական ուղեւորութեան` դէպի Ազրպէյճան եւ Թուրքիա:

Քոնկրեսականներու անձնական այցելութիւնները կը կանոնագրուին բարոյագիտութեան յանձնախումբին կողմէ` Միացեալ Նահանգներու ճամբորդութիւններու մասին կանոնակարգի պայմաններուն համաձայն: Նշեալ կանոնակարգին համաձայն, ուղեւորութեան հովանաւորները պէտք է ամբողջացնեն յատուկ ձեւաթուղթեր, որոնք պիտի հաւաստեն ուղեւորութեան ֆինանսաւորման աղբիւրները, նաեւ պէտք է նշուի վճարումներու աղբիւրը եւ փաստացի ծախսերը:

Իբրեւ ճամբորդութեան ենթադրեալ կազմակերպիչ, Էօքսիւզ բարոյագիտութեան յանձնախումբին ներկայացուցած է ձեւաթուղթեր, որոնք կեղծած է եւ նշած, որ կազմակերպութիւնը ուղղակի կամ անուղղակի որեւէ աղբիւրէ ելեւմտական միջոցներ չէ ստացած:

Ի յայտ եկած է, որ Էօքսիւզի ղեկավարած կազմակերպութիւնը փաստացի չէ վճարած բոլոր ծախսերուն համար եւ ստացած է ֆինանսաւորումներ, ներառեալ Ազրպէյճանի կառավարութեան պատկանող ՍՈՔԱՐ քարիւղի ընկերութենէն:

Ի յայտ եկած է նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի 9 անդամներ եւ աշխատակազմի 32 անդամներ ստացած են հարիւր հազարաւոր տոլարներու արժողութեամբ նուէրներ:

Քեմալ Էօքսիւզ իր գործունէութեան մասին որոշ մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է: Ան ձերբակալուած է:

Թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Քեւին/Քեմալ Էօքսիւզը Ֆեթհուլլա Կիւլենի «աջ բազուկը» եղող Ատիլ Էօքսիւզի հարազատ եղբայրն է:

 

Նախորդը

Զախարովա Մեկնաբանած Է Արցախեան Տագնապի Մասին Մերքելի Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

Արթուր Խաչատրեան Ընդունած Է ՄԱԿ-ի Մնայուն Համակարգող Շոմպի Շարփը

RelatedPosts

Պաքուի Մէջ Կը Շարունակուի  Հայ Գերիներու Դատավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Աւարտած Է Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Եւ Միւս Գերիներու Դատավարութիւնը

Նոյեմբեր 1, 2025
«Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Շինարարական Աշխատանքները Կը Մօտենան Աւարտին»  Կ՛ըսէ Հաճիեւ
Հայկական

«Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Շինարարական Աշխատանքները Կը Մօտենան Աւարտին» Կ՛ըսէ Հաճիեւ

Նոյեմբեր 1, 2025
Անի Զալինեան` Նետերլանտներու  Խորհրդարանի Առաջին Հայ Երեսփոխանը
Հայկական

Անի Զալինեան` Նետերլանտներու Խորհրդարանի Առաջին Հայ Երեսփոխանը

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?