Հայ հրաձիգները այսօր կը հասնին Քորէայի Չանկուոն քաղաք` մասնակցելու Աշխարհի 52-րդ ախոյեանութեան: Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի հրաձգութեան ֆետերասիոնի կայքը:
Հրաձգութեան բոլոր մրցաձեւերէն կայացող Աշխարհի ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ 4 տարին անգամ մը` ողիմպիական խաղերու միջեւ: Այս մրցումին հրացան եւ ատրճանակ ձեւերուն մէջ յաղթողները կը մասնակցին ողիմպիական խաղերուն:
Մրցումին մէջ կը կրակեն 10 եւ 50 մեթր հեռաւորութիւններէ` հրացան, ատրճանակ եւ վազող թիրախ զէնքի ձեւերէ: Կը մասնակցին 1000-է աւելի մարզիկներ:
Հայաստանէն կը մասնակցի 11 մարզիկ. հրացան` Հրաչիկ Բաբայեան, Քրիստիան Լաուեր, Հայկ Բաբայեան, Իրինա Լաուեր (Աղաջանեան), Ալլա Պօղոսեան, ատրճանակ` Նորայր Առաքելեան, վազող թիրախ` Յովհաննէս Մարգարեան, Լիլիթ Մկրտչեան, Գոհար Վարդանեան, Սաթենիկ Մեժլումեան եւ Արուսեակ Գրիգորեան:
Հայաստանի հրաձգութեան հաւաքականը կը մասնակցի Աշխարհի ախոյեանութեան` գլխաւոր մարզիչ Սէյրան Նիկողոսեանի եւ աւագ մարզիչ Անդրանիկ Այվազեանի մարզիչական ղեկավարութեամբ:
Հայաստանի հաւաքականը կազմուած է Երեւանի հրաձգութեան մանկապատանեկան մարզական դպրոցի եւ Գիւմրիի քաղաքապետարանի հրաձգութեան մարզական դպրոցի սաներէն:
Հաւաքականը Հայաստան պիտի վերադառնայ 13 սեպտեմբերին: