Պոլսոյ Կալաթասարայ հրապարակին վրայ բողոքի ցոյցի մը ընթացքին թուրք ոստիկանները փորձած են բերման ենթարկել Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլանը:
Փայլան այլ ընդդիմադիր երեսփոխաններու կողքին կը մասնակցէր «Շաբաթօրեայ մայրեր»-ու բողոքի ցոյցին:
Ոստիկանները նախ բռնի ուժով հեռացուցած են նստացոյցի մասնակից կիները, ապա բերման ենթարկած ցոյցի միւս մասնակիցները, որոնք չեն ուզած հեռանալ հրապարակէն:
Կարօ Փայլան փորձած է պաշտպանել Հրանդ Տինքի որդին` Արատ Տինքը, չարտօնելով զինք բերման ենթարկել:
Փայլանի հետ Արատ Տինքի ձերբակալութեան խոչընդոտած են ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան երեսփոխաններէն Ահմետ Շըք, Սերփիլ Քեմալբայ եւ Հուտա Քայա:
«Ակօս»-ի տուեալներով, ոստիկանները ձերբակալած են ցոյցի 47 մասնակիցներ, որոնց աւելի ուշ ազատ արձակած են:
«Շաբաթօրեայ մայրեր»-ու ցոյց կատարելու համար կազմակերպիչները քաղաքապետարանէն արտօնութիւն չեն ստացած:
«Շաբաթօրեայ մայրեր»-ու ցոյցը տեղի կ՛ունենայ 1995-էն ի վեր ամէն շաբաթ օր: Անիկա 1980-1990-ական թուականներուն քրտական շարժումին` կալանաւորուած, անյայտ կորսուած կամ քաղաքական սպանութիւններու զոհ դարձածներու մայրերու բողոքի ցոյցն է: