ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ-ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ
– Մա՛մ, ինչո՞ւ անունս Սեւակ դրեր էք:
– Ինչո՞ւ կը դժգոհիս:
– Քանի որ դասարանը շարունակ «Սեւուկ ուլիկ, սիրուն բալիկ», կ՛ըսեն ինծի:
Ու թէեւ ան գիտէ, որ անունը բնական շարունակութիւնն է եղբօր անուան` Ռուբէնին ու գիտէ մանաւանդ, որ երկուքը միասին լրացումն են նշանաւոր բանաստեղծ-արձակագիր Ռուբէն Սեւակի անուան, սակայն դժգոհանքը յայտնելով` կը շարունակէ.
– Բայց, մա՛մ, թուրքերը սպաննած են Ռուբէն Սեւակը, գոնէ Դաւիթ դնէիր:
Ութամեայ տղուս դժգոհութիւնը տեղին կը գտնեմ: Բնականաբար պարտուողի հոգեբանութեամբ չ՛ուզեր համակուիլ քաջարի տղաս: Կ՛ուզէ, որ անունը Դաւիթ ըլլար` նմանելու hամար Սասունցի Դաւիթին, մանաւանդ որ այս տարուան իր դասագիրքի ծրագիրին մէջ լայն տեղ յատկացուած էր դիւցազունին մանրապատումներուն, ու բնականաբար ներշնչուած անոր հերոսութենէն` ան խաղալիք սուրը կը քաշէր պատեանէն ու կը գոչէր` «Ես պիտ մեծնամ, թուրքերը ջարդեմ»:
Ջանք կը թափեմ համոզելու համար, թէ հակառակ դաժան ճակատագիրին, որ ենթարկուեցաւ Ռուբէն Սեւակը երբեք գէշ զգալու պատճառ մը չունի ինք, ընդհակառա՛կը, պարծանք զգալու է, որ աստուածային շնորհքներով օժտուած անձնաւորութեան մը անունը կը կրէ, որ, այո՛, թուրքի ոճիրին զոհը դարձաւ, սակայն երբեք այդ մէկը իր արժէքը չնսեմացուց ու մինչ օրս պատուով կը յիշուի իր անունը: Նաեւ կը բացատրեմ, որ Ռ. Սեւակ ո՛չ միայն գրող, մտաւորական կամ ազգային գործիչ էր, այլ նաեւ` բժիշկ ու մեծ հայրենասէր: Վեր հանելով անոր մարդկային արժէքները` կը պատմեմ, թէ ինչպէ՛ս տարագրութեան ճամբուն վրայ ան բուժած էր զիրենք փոխադրող թուրք կառապանին աղջիկը, որ սիրահարած էր իրեն, եւ թէ ինչպէ՛ս թրքուհիին հայրը առաջարկած էր Ռ. Սեւակին, որ ամուսնութիւն կնքէ իր դստեր հետ, եւ դառնալով կրօնափոխ` ազատէր, որովհետեւ հակառակ պարագային, իր ընկերներուն հետ պիտի դատապարտուէր մահուան, սակայն Ռուբէն Սեւակի մերժողական պատասխանը շատ կտրուկ եղած էր ու ան հաւատարիմ մնացած էր, իր սիրոյն, ընտանիքին ու հաւատքին:
– Տե՛ս, թէ ինչպէ՛ս անունը մինչեւ այսօր կը յիշուի հպարտութեամբ,- կ՛ըսեմ Սեւակիս ու կը շեշտեմ. դուն ալ կրնաս իր անունը արժեւորել քու յաջողութիւններովդ:
Ան խօսքս կտրելով` կ՛աւելցնէ.
– Կը յիշե՞ս, մա՛մ, իր անունով փողոց ալ տեսած էինք:
– Այո՛,- կը հաւաստիացնեմ,- նոյնիսկ Երեւանի մէջ դպրոց կայ իր անունով, ու բանաստեղծին կիսանդրին անոր դիմաց զետեղուած է:
Քիչ մը թեթեւցած հոգեկանով կը յիշեմ նաեւ, որ անցեալ օր Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքին մէջ Ռուբէն Սեւակ անունով լսարան մըն ալ տեսած էի եւ անմիջապէս առձեռն հեռաձայնէս նկարը կը փնտռեմ ու ցոյց կու տամ տղուս:
Գոհունակ ժպիտով մը կը նայի ինծի: Համոզուա՞ծ էր, թէ՞ զիս հանգստացնել կը փորձէր, չեմ գիտեր:
Տղուս այս հարցադրումը առիթ կ՛ըլլայ նաեւ, որ մենք ընտանիքով որոշում կայացնենք յաջորդող կիրակի Էջմիածին մեկնիլ` այցելելու համար մայր տաճարին շրջակայքը գտնուող Ռուբէն Սեւակին թանգարանը:
***
Որոշեալ կիրակին ամբողջ ճամբու ընթացքին մանչերուս կը պատմեմ «Բժիշկի գիրքէն փրցուած էջեր»-էն դրուագներ. կը շեշտեմ մանաւանդ, որ ան բժիշկ ըլլալով հանդերձ, միայն մարդոց մարմնական հիւանդութիւնները չէր որ կը բժշկէր, այլ անոնց հոգիներուն մէջ հաւատքն ու կամքը կը զօրացնէր եւ հիւանդութիւնը յաղթահարելու վստահութիւնը կը ներշնչէր: Հաւատալով մանաւանդ, որ «ապրիլը յաղթել է», ան իր հիւանդները կը մղէր մահուան դէմ պայքարի, որպէսզի չըլլայ, որ յուսալքուին կամ ընկճուին: Ու մայրական յորդորը ինքնաբերաբար կը յաջորդէ պատումիս. «Դուք ալ կեանքի մէջ դժուարութիւններ պիտի ունենաք, պիտի սխալիք, պիտի իյնաք, սակայն երբեք չվախնաք, այլ միշտ կրկին փորձելով` մի՛շտ յառաջ պիտի ընթանաք»: Ամուսինիս դէմքի ժպիտը նշմարելով` կը հասկնամ, որ նորէն «լեզուս բացուեր է…»: Ի վերջոյ կը հասնինք թանգարան, որուն պաշտօնական բացումը կատարուած էր 2013-ի սեպտեմբերին` հիմնադրութեամբ նահատակ բանաստեղծին եղբօր զաւակ Յովհաննէս Չիլինկիրեանի, որ նախապէս Ֆրանսայի Նիս քաղաքին մէջ հիմնած էր թանգարանը, սակայն միշտ ի միտի ունէր զայն փոխադրել Հայաստան:
Թանգարանին մէջն են չորս սրահներու մէջ ամփոփուած բանաստեղծին գրական ժառանգութիւնը, նամակները: Ցուցապահարաններուն մէջ դրուած են իր ձեռագիր տետրակները, լոյս տեսած գիրքերը, նկարչական շնորհները: Անձնական իրերէն` պատի ժամացոյցը, իր գեղարուեստական կտաւը, վկայականը, լուսանկարները, կնոջ վերջին հեռագիրը` գրուած 21 օգոստոս 1915-ին. ուր կը կարդանք հետեւեալ տողերը.
Շա՛տ սիրելի Ռուբէնս, ահա կրկին շաբաթ մը եւս` քեզմէ առանց լուրի: Յուսամ, թէ հանգիստ ես սակայն: եթէ երկու ամիս եւս հեռու մնաս ինձմէ, թոքախտ պիտի ըլլամ, այնքան որ յոգնած եմ: Լեւոնը շատ լաւ է, սանտալներ կը հագնի առանց գուլպայի, թուրքերէնը եւ գերմաներէնը շատ լաւ կը խօսի հիմա եւ այնքան ուժեղ է, որ Շամիրամը կը շալկէ արդէն: Այս վերջինը շատ յամառ է, բայց շատ գեղեցիկ: Իրենք երկուքն ալ քու աղուոր աչքերդ ունին: Մավրոբուլոսին հետ կարգադրեցինք: Դուն գրեցի՞ր Կեդրոնականին: Մայրս կը համբուրէ քեզ: Մենք բոլորս ջերմ համբոյրներ կը ղրկենք քեզի:
Շատ գեղեցիկ բանաստեղծութիւններ կը գրեմ եւ այնքան կը ցաւիմ, որ չես կրնար թարգմանել:
Պզտիկները միշտ պարտէզն են: Կ՛ապրինք այսպէս ու այնպէս: կը յուսամ քեզ վերստին տեսնել. թող Աստուած այդ շնորհը ընէ՛ մեզի: Միշտ պիտի սիրեմ քեզ, Աստուած ալ: Քու Եաննիդ
Եաննիի այս վերջին քարտը` գրուած իր ամուսինին, վերադարձած է հետեւեալ վերտառութեամբ. «Մեկնած է առանց հասցէ ձգելու»:
Որքան հրապուրուած եմ Ռուբէնի նամակներով: Մէկական գեղարուեստական գոհարներ են, արուեստի գործեր` յորդած ապրուած զեղուն զգացումներով: Ի՜նչ սէր կը բուրեն այդ խօսքերը` ուղղուած Եաննիին: Իսկական սէր, որ ամէն խոչընդոտ յաղթահարելէ ետք իրենց միացումով պսակուեցաւ, որովհետեւ ազատութեան տենչացող, աշխարհի պայմանական կարգ ու կանոններէն, կեղծ ու պատիր օրէնքներէ վեր, դէպի անծայրածիր հորիզոններ ձգտող բանաստեղծի հոգին չէր կրնար հանդուրժել ստրկութիւն եւ բռնութիւն: Իր յայտնի «Թրուպատուրները» բանաստեղծութեան մէջ կը նշմարենք արդէն այդ մէկը: Միջնադարեան թափառաշրջիկ երգիչներուն հոգին չի խոնարհիր տառապանքներու, բռնութեան եւ մահուան դիմաց, այլ, ընդհակառակը, անոնք «Աշխարհքն հեգնելու հով մ՛ունին»:
8 օգոստոս 1908-ին իր հրապարակախօսական ճառին մէջ ստրկութեան գաղափարի այդ շեշտադրումը կայ. «Ամբողջ Եւրոպայի մէջ, աշխարհի էն շքեղ կեդրոններէն մինչեւ ամենամութ ու խաւարին անկիւնները, ես չեմ տեսեր ու չեմ ալ կրնար հաւատալ, որ գտնուի տակաւին ՄԷԿ ՈՒՐԻՇ ԱԶԳ, որ ամէն օր ու ամէն վայրկեան ապրէր դերասանի ճշմարտապէս կեղծ ու գերեզմանօրէն ծիծաղելի այն կեանքը, որ դարերէ ի վեր մեր կեանքը եղաւ, մեր ստրկացած թրքահայերուս կեանքը… Տառապիլ ու ստիպուած ըլլալ ամենաերջանիկ կերպարանք մը ցոյց տալու… անպատուըւիլ, բռնաբարուիլ, գետնաքարշ տապալիլ ու ստիպուած ըլլալ գոհութեան ջերմագին աղաղակներ բարձրացնելու… ժպտիլ այնպիսի մէկ վայրկեանիդ, որ արիւն արցունք պիտի պոռթկար աչերէդ, մաղթանքի ճիչեր հանել կոկորդէդ այն բռնակալ ձեռքին համար, որ զքեզ կը խեղդէ, մեռնիլ ու հոգեպէս մեռնիլ ու ապրիլ ձեւացնել, ահա դերասանական ահռելիօրէն կեղծ կեանքը, որ մերը եղաւ այնքան երկար տարիներ…»: Բանաստեղծ-հրապարակախօսը միշտ ձգտումը ունէր իտէալական ազատութեան եւ անձի ինքնիշխան հպարտութեան:
Ռուբէնի նամակները` ուղղուած Եաննիին, լի են գերիվեր սիրոյ խոստովանութեամբ, երբեմն խրատական, երբեմն յոյս ներշնչող, սակայն երբեք` արգելքներուն դիմաց ընկրկումով: Անոր սէրը միաձուլումն է հոգիի եւ մարմնի. առողջ ու բնական սիրոյ ջատագովն է ան, եւ կարելի չէ բռնութեամբ լռեցնել անոր ձայնը: «Երկեր» ժողովածուին մէջ ( 1955, էջ 229-230) կը կարդանք. «Ազատ թողէք երկու սիրահարները, որ բնութեան ձայնին հետեւին, ու պիտի տեսնէք, թէ ի՛նչ գեղեցիկ իրականութիւն է այդ երեւակայութիւն կոչուածը: Հոգւոյն ու մարմնին այնքան սեղմ ու փոխադարձ ազդեցութիւնը մարդկային ոչ մէկ գործողութեան ատեն կարելի է տեսնել: Արուն եւ էգը, մարմինն ու հոգին իրար խառնուելով` միանգամայն տիեզերքին ու աստուածութեան կը խառնուին»: Ան մարդկային գեղեցիկ զգացումներու փառաբանիչն է:
Որքա՜ն կարճ ժամանակ ապրած է բանաստեղծը, բայց որքա՛ն ուսումնասիրելիք նիւթ կը հայթայթէ ան իր ապրած կեանքով ու ծաւալած գործունէութեամբ. Ռուբէն Սեւակը` որպէս գրող, որպէս ազգային եւ քաղաքական գործիչ, որպէս մտաւորական, որպէս բժիշկ եւ այլն: Հոն կ՛իմանանք, որ թանգարանը գիտահետազօտական բաժին բացած է, եւ այժմ արդէն իսկ ուսումնասիրութիւններ կը կատարուին այդ գծով:
Մանչուկներս այս ընթացքին քանի մը լուսանկար կը նկարուին հետս ու կը շրջին թանգարանին մէջ` մէյ մը ծովանկարներուն դիմաց կանգ առնելով, մէյ մը Ռ. Սեւակի լուսանկարները դիտելով: Թանգարանին մէջ զետեղուած են նաեւ գեղարուեստական ածխանկարներ` թիւով 130 կտաւ, մեծ մասամբ` ծովանկարչութիւններ, որոնցմէ երեքը Յովհաննէս Այվազովսկիի ստեղծագործութիւններէն են:
Կեանքով լեցուն եւ ապրելու խանդավառութեամբ տոգորուած բանաստեղծը կրնայ շատ բան չըսել տակաւին մանչուկներուս, սակայն վստահ եմ, որ ժամանակը պիտի գայ, երբ անոնք պիտի բանան իրենց համար ցարդ առեղծուածային թուող այդ տուփը ու հոն գոհարներ գտնելով` միայն ու միայն հպարտութեամբ պիտի համակուին: