Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆ
ԵՒ ՈՒԽՏԻ ՕՐ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ
Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին եւ Պիքֆայայի վանքի ուխտի օրուան առիթով, սիրով կը հրաւիրենք լիբանանահայութիւնը, շաբաթ 11 օգոստոս 2018-ի երեկոյեան, մասնակից դառնալու Պիքֆայայի վանքի շրջափակին մէջ տեղի ունենալիք հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագին:
Հանդիսաւոր այս առիթով, արարողութեանց պիտի նախագահէ եւ մեր ժողովուրդին իր հայրական պատգամ փոխանցէ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Պատարագի ընթացքին պիտի կատարուի խաղողի եւ մատաղի օրհնութիւն:
Տօնական այս առիթով, դէպի Պիքֆայա մեր հաւատացեալ ժողովուրդին երթեւեկը դիւրացնելու նպատակով, մասնաւոր փոխադրակառքեր տրամադրելի պիտի ըլլան հետեւեալ վայրերուն մէջ.
Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ դիմաց
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմաց
Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ դիմաց
Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ դիմաց
Ֆանար` ակումբին առջեւ
Ռաուտա (Էհլան)
Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ կից
Զալքա ակումբին կից
Անթիլիաս` Սիմիթեան շէնքեր
Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի
Հաճըն եւ Ռմէյլ` նախկին Փուռ Փատովային կից
Փոխադրակառքերը վերոնշեալ վայրերէն պիտի մեկնին երեկոյեան ճիշդ ժամը 6:00-ին եւ Ս. պատարագի աւարտէն կէս ժամ ետք ժողովուրդը պիտի վերադարձնեն Պէյրութ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
—————————————
ՍՏԱՑԱՆՔ
«ՄԱՐԴԱԿԵՐՏՄԱՆ ԵՒ ՀԱՅԱԿԵՐՏՄԱՆ ԱՌԱՔԵԱԼԸ»
Հեղինակ` ԱՇՈՏ ՎԱՎԵԱՆ
Տպարան «ԷՏԻԹ ՓՐԻՆԹ»
Երեւան, 2018