Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ ղարաբաղեան հիմնահարցի լուծման հոլովոյթը յառաջ տանելու համար անհրաժեշտ է առարկայական բանակցութիւններու աշխուժացում` գոյութիւն ունեցող ձեւաչափի հիման վրայ եւ գոյութիւն ունեցող օրակարգի ծիրին մէջ:
«Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը դարձած է իմ նոր հայ գործընկերոջս հետ առաջին բովանդակալից հաղորդակցութիւնը: Ինչպէս արդէն նշեցի` մենք նպատակաուղղուած ենք արդիւնքի, եւ պատրաստ ենք շարունակելու այդ ուղղութեամբ աշխուժ առարկայական երկխօսութիւնը: Այդ հանդիպումներու վայրերը եւ թուականները թեքնիք հարցեր են, որոնք կը քննարկուին համապատասխան կապի գիծերով», նշած է Մամետեարով:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ պատասխանած է հարցումին, թէ արդեօք կը նախատեսուի՞ «Մոսկուա-Պաքու-Երեւան» ձեւաչափով արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում, որովհետեւ Ռուսիան կը նկատուի ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթի հիմնական միջնորդը:
«Կրկնեմ` Ազրպէյճան պատրաստ է երկխօսութեան: Սակայն ատիկա պէտք է ըլլայ բովանդակալից եւ պատասխանատու բանակցութիւն` նպատակաուղղուած արդիւնքի», նշած է ան` աւելցնելով, որ այդ է «Ազրպէյճանի տարածքներու ապաբռնագրաւման հոլովոյթի շուտափոյթ սկիզբը»:
«Ճիշդ ատոր շուրջ ձեւաւորուած է այն գորդեան հանգոյցը, որ պէտք է վերջնականապէս կտրել, ինչէն ետք լուծումը ածանցեալ բոլոր խնդիրներուն, որոնք մեծ մասամբ թեքնիք բնոյթ կը կրեն, պիտի ստանայ բոլորովին այլ բնոյթ եւ չուղեկցի այդպիսի բարդութիւններով», ըսած է ազրպէյճանցի նախարարը:
Նշենք, որ 11 յուլիսին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած էր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը:



