Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Կորուստները. Մահացած Է Ակադեմիկոս Սերկէյ Համբարձումեան

August 6, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մահացած է Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի ակադեմիկոս, Ռուսիոյ Գիտութիւններու ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ, հայկական մեքենագիտութեան դպրոցի հիմնադիրներէն, պետական եւ հասարակական գործիչ Սերկէյ Համբարձումեանը` 97 տարեկանին:

Այս առիթով Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան յղած է ցաւակցագիր մը, ուր կը նշուի. «Խոր ցաւով տեղեկացայ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի ակադեմիկոս, Ռուսիոյ Գիտութիւններու ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ, ականաւոր գիտնական, գիտութեան ու կրթութեան հմուտ կազմակերպիչ, պետական ու հասարակական անուանի գործիչ Սերկէյ Համբարձումեանի մահուան մասին:

«Ակադեմիկոս Համբարձումեանի` հրաշալի մարդու ու քաղաքացիի, մեծ գիտնականի ու մանկավարժի կերպարը թանկ ու օրինակելի է մեզի համար: Անոր գիտական վաստակը արժանի է խոնարհման եւ հպարտութեամբ կը լեցնէ մեր սրտերը:

«Անուրանալի է Սերկէյ Համբարձումեանի աւանդը յատկապէս մեքենագիտութեան հայկական դպրոցի ստեղծման ու զարգացման, ակադեմիայի ուսողութեան, ինչպէս նաեւ մեքենագիտութեան հիմնարկի հիմնադրման մէջ:

«Մեծ յարգանքի ու գնահատանքի արժանի է անոր երկարամեայ մանկավարժական գործունէութիւնը, զոր անուանի գիտնականը կատարած է պատուով ու պատասխանատուութեամբ` տասնամեակներ շարունակ երիտասարդ սերունդին փոխանցելով հիմնարար գիտութեան լաւագոյն աւանդութիւնները: «Նշանակալի է նաեւ գիտութեան եւ գիտական հետազօտութիւններու կազմակերպիչի անոր աւանդը, որ լաւագոյնս ներդրած է Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային եւ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ աշխատելու տարիներուն: Սերկէյ Համբարձումեանը նաեւ պետական ու

հասարակական ակնառու գործիչ է: Ան միշտ  հայ մտաւորականին վայել արժանապատուութեամբ ու նուիրումով անզիջում պաշտպանած է Հայաստանի ազգային շահերը, յատկապէս` Արցախի հարցին մէջ:

«Ճանչցուած պետական գործիչի, գիտնականի ու քաղաքացիի ազնիւ եւ պայծառ կերպարը միշտ վառ կը մնայ սերունդներու յիշողութեան մէջ»:

 

Նախորդը

Ապի Խալիլ. «Բոլոր Լիբանանցիներուն Ելեկտրականութիւն Ապահովելու Նպատակով Մեր Ջանքերը Պիտի Շարունակենք»

Յաջորդը

Ռազմական Լրագրողները Այցելած Են Շփման Գիծ

RelatedPosts

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու  Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական  Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»
Հայկական

Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»

October 29, 2026
Պորտիուժա. «Հայաստանը  Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն
Գլխաւոր լուրեր

Պորտիուժա. «Հայաստանը Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.