Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիւղատնտեսական Փոքր Տնտեսութիւններու Համար Նոր Ծրագիր Պիտի Սկսի

August 4, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան  գիւղատնտեսութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն կը հաղորդեն, թէ գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեան երէկ ընդունած է Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան հայաստանեան առաքելութեան տնօրէն Տեպորա Կրիզըրի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի  գիւղատնտեսութեան  նախարարի տեղակալ Արմէն Յարութիւնեան:

Ողջունելով հիւրերը`  նախարար Խաչատրեան բարձր գնահատած է  Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան զարգացման տրամադրուող օժանդակութիւնը` յոյս յայտնելով, որ կողմերուն միջեւ  համագործակցութիւնը կը շարունակուի ընդլայնիլ: Այնուհետեւ նախարար Խաչատրեան ներկայացուցած է գիւղատնտեսութեան քաղաքականութեան նոր առաջնահերթութիւնները: Նախարարը շեշտած է, որ ուշադրութեան առանցքը պիտի ըլլայ փոքր տնտեսութիւններու զարգացումը` հողերու ընդարձակումին, միաւորումներու ստեղծման, ենթակառուցուածքներու բարելաւման, դրամական միջոցներու հասանելիութեան, գիւղատնտեսական սարքաւորումներու թարմացման եւ  առհասարակ գիւղատնտեսական արժեշղթայի ամբողջական զարգացման միջոցով:

Նախարարը կարեւոր նկատած է նաեւ բարձրարժէք, օրկանական գիւղատնտեսութեան զարգացումը, արդիւնաւէտ արտադրողական այգիներու հիմնումի, կաթիլային ոռոգման համակարգերու, կարկտապաշտպան ցանցերու ներդրման, ինչպէս նաեւ խորհրդատուական ծառայութիւններու եւ ուսուցման միջոցով գիտական նոր նուաճումներու եւ արհեստագիտութեան ներդրման խթանումը գիւղատնտեսութեան մէջ:

Տեպորա Կրիզըր իր կարգին գոհունակութիւն յայտնած է Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան եւ Հայաստանի մէջ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան միջեւ երկարամեայ պատմութիւն ունեցող համագործակցութեամբ: Անդրադառնալով  հետագայ գործակցութեան հեռանկարներուն`  ան նշած է, որ թէեւ այս տարեվերջի աւարտին կը մօտենան «Գործընկերութիւն` յանուն գիւղական համայնքներու զարգացման» եւ «Գիւղի զարգացման արդի նախաձեռնութիւն» ծրագիրները, սակայն կը նախատեսեն նոր` «Գիւղատնտեսութեան զարգացում-նոր տնտեսական հնարաւորութիւն» հնգամեայ դրամաշնորհային ծրագիր սկսիլ, որուն  թիրախները պիտի ըլլան գիւղական փոքր պիզնեսները: Աջակցութիւնը հիմնականին մէջ պիտի ուղղուի այգեգործութեան զարգացման, մասնաւորապէս նոր մշակաբոյսերու, ջերմատներու, արդիւնաբեր այգիներու, խաղողագործութեան, գիւղատնտեսական առաջնային արտադրութեան խթանման, կարելի է նաեւ գինիի փոքրածաւալ արտադրութեան եւ գիւղական զբօսաշրջութեան զարգացման ֆինանսաւորում: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ ծրագիրի շրջագիծին մէջ Գիւղատնտեսութեան զարգացման հիմնադրամին հետ համագործակցութեան հարցին:

Կողմերը միտքեր փոխանակած են նաեւ ոռոգման ջուրի խնայողատար համակարգերու կիրարկման ուղղուած ծրագիրներու իրականացման անհրաժեշտութեան, արտահանման շուկաներու բազմատեսակութեան, գիւղատնտեսական ապահովագրութեան ներդրումին եւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը այլ հարցերու շուրջ:

 

 

Նախորդը

Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի Ներկայացուցիչներ Այցելած Են Ազրպէյճանի Մէջ Գերեվարուած Կարէն Ղազարեանի

Յաջորդը

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Փոխնախարարը Կը Հերքէ Հայաստանի Խոստացուած Զէնքերու Մատակարարման Սառեցման Լուրը

RelatedPosts

Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ

November 5, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերու Ընդլայնուած  Հանդիպում` «Ուժեղ Հայաստան»  Կուսակցութեան Նախաձեռնութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերու Ընդլայնուած Հանդիպում` «Ուժեղ Հայաստան» Կուսակցութեան Նախաձեռնութեամբ

November 5, 2026
Ապտուլ Սայետ. «Իբրեւ Միչիկընի Յաջորդ  Ծերակուտական` Ես Հանդէս Պիտի Գամ Հայ Ժողովուրդի  Խաղաղութեան, Արժանապատուութեան,  Անվտանգութեան Եւ Ինքնորոշման Օգտին»
Հայկական

Ապտուլ Սայետ. «Իբրեւ Միչիկընի Յաջորդ Ծերակուտական` Ես Հանդէս Պիտի Գամ Հայ Ժողովուրդի Խաղաղութեան, Արժանապատուութեան, Անվտանգութեան Եւ Ինքնորոշման Օգտին»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.