Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍՈՒՐԻՈՅ ՏՐՈՒԱԾ ՊԱՅՄԱՆԱԺԱՄԸ ՄԻՆՉԵՒ ԿԷՍ ԳԻՇԵՐ ԵՐԿԱՐԱՁԳՈՒԵՑԱՒ

November 26, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արաբական լիկայի կողմէ դէտերու տեղակայման շուրջ ռապաթեան արձանագրութիւնը ստորագրելու համար Սուրիոյ տրուած պայմանաժամը աւարտեցաւ երէկ կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, սակայն Դամասկոս որեւէ պատասխան չտուաւ: Ի տես այդ իրողութեան, Արաբական լիկան յայտարարեց, որ պայմանաժամը մինչեւ կէս գիշեր կ՛երկարաձգէ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ Արաբական լիկային ճշդած պայմանաժամը «նոր եւ վերջին առիթ մըն է, Սուրիոյ համար նոր առիթ մը»: Ան սուրիական իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց` «այս առիթը օգտագործելու»: Ան ըսաւ, որ «Սուրիոյ մէջ յաւելեալ արիւնահեղութեան առնչութեամբ կարելի չէ լուռ մնալ»:

Տաւութօղլու նշեց, որ արաբ արտաքին գործոց նախարարները հաւանաբար կիրակի օր Թուրքիոյ ներկայութեամբ ժողով մը գումարեն` Սուրիոյ շուրջ յաւելեալ քննարկում կատարելու համար: Ան յայտնեց, որ եթէ Սուրիա Արաբական լիկային կողմէ ճշդուած պայմանաժամը չյարգէ, «Արաբական լիկային հետ ճամբու քարտէսի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած ենք»` նշելով, որ արաբ նախարարները Եւրոպական Միութեան, ՕԹԱՆ-ի, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն եւ այլ երկիրներու հետ Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու շուրջ քննարկումները պիտի շարունակեն:

Թուրքիոյ փոխվարչապետ եւ կառավարութեան բանբեր Պիւլենթ Արընչ «Սի.Էն.Էն.Թիւրք»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «Սուրիոյ մէջ որեւէ (զինուորական) միջամտութեան բուռն կերպով կ՛ընդդիմանանք եւ կը մերժենք Սուրիոյ դէմ որեւէ գործողութեան Թուրքիոյ մասնակցութեան պահանջը»: «Գոյութիւն ունին երկիրներ, որոնք կ՛ըսեն, թէ Թուրքիա Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութեանց պիտի միջամտէ, ինչ որ ամբողջովին սխալ է: Թրքական ուժեր ուղարկելը կամ Սուրիոյ մէջ թրքական միջամտութիւնը երբեք սեղանի վրայ չէ, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներու պիտի չարտօնենք միջամտել», ըսաւ ան` վստահեցնելով, որ այդպիսի դիպաշար մը շրջանին համար ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտըր Լուքաշեւիչ յայտարարեց, որ սուրիական հարցերուն մէջ զինուորական միջամտութիւնը Ռուսիոյ համար անընդունելի է` նշելով, որ պէտք չէ մարդկային իրաւունքները պաշտպանելու ազդակը սուրիական ներքին հարցերուն միջամտելու համար իբրեւ պատրուակ օգտագործուի:

Միւս կողմէ, ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթը նշեց, որ «Սուրիոյ հարցով Թուրքիոյ կեցուածքին պատճառով Անգարա կրնայ Մոսկուայի հետ իր յարաբերութիւնները խանգարել»: Օրաթերթը կը հաղորդէ, որ փորձագէտներ կը յայտնեն, որ «Անգարայի կողմէ որեւէ վճռական միջոցառում կրնայ Սուրիոյ նախագահին զօրակցիլ շարունակող Մոսկուայի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն մէջ հարց ստեղծել»:

Նախորդը

ԺԱՆԶՈՒՐԻ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու  Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է»
Միջազգային

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Նախաձեռնութեամբ Իրականացուող «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Պիտի Ապահովէ Ազրպէյճանի Մայրցամաքային Մասի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Անխոչընդոտ Կապը»

November 25, 2026
Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի  Միջանցք»-ին Մասին
Միջազգային

Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Մասին

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։