Իրանի մէջ տեղի ունեցող Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի 16 տարեկանէն վար կրտսերներու ախոյեանութեան մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերող Լիբանանի տղոց ազգային խումբը երէկ արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը` այս անգամ պարտութեան մատնելով Սուրիան, 96-48 արդիւնքով:
Ուշագրաւ եղաւ այն, որ երրորդ մրցումն ըլլալով Լիբանան կը նշանակէ 96 կէտ, Յորդանանի դէմ` 96-49, իսկ Իրաքի դէմ` 96-44:
Այսօր Լիբանան կը կատարէ իր վերջին մրցումը հիւրընկալ երկրին` Իրանի դէմ:
Յաղթական կազմը պիտի գրաւէ պարագլուխի դիրքը եւ պիտի հանդիսանայ Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեան:
Առաջին երկու դիրքերը գրաւող կազմերը կ՛ապահովեն Ասիոյ ախոյեանութեան իրենց տոմսերը: