Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունենալով Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նոր նախագահ Աքրամ Հալապիի հետ, շնորհաւորեց զայն անոր մաղթելով յաջողութիւն իր նոր պաշտօնին գծով` յոյս յայտնելով, որ անոր ներկայութեան այս մարզաձեւը աւելի կ՛ուղղուի դէպի նորանոր յաջողութիւններ եւ կ՛իրագործէ կարեւոր նուաճումներ:
Իր կարգին, Հալապի շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահին այս հեռաձայնային հաղորդակցութեան համար` փոխադարձաբար անոր մաղթելով յաջողութիւն անոր ազգային պարտականութեան մէջ: