«Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 31 յուլիսին, Փիւնիկ Երեւան Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Թոպոլ Քոսթանան:
Այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Ղազախստանի մէջ տեղի ունեցած երթի մրցումին, թէեւ հայկական կազմը 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր մրցակիցէն, սակայն օտար դաշտի վրայ կոլ նշանակելու այդ առաւելութենէն կրնայ օգտուիլ Փիւնիկ, եթէ նուազագոյնը 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրէ:
Օրուան իրաւարարները պիտի ըլլան Չեխիայէն:



