Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոնկրեսի Հայկական Համախմբումը Թրամփ-Փաշինեան Հանդիպում Գումարելու Կոչ Կ՛ուղղէ

July 25, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը 23 յուլիսին հաղորդեց, որ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի ղեկավարները` Ֆրենք Փալոն, Ճեքի Սփիր, Տէյվիտ Թրաթ, Տէյվիտ Վալատաօ, Կաս Պիլիրաքիս եւ Էտըմ Շիֆ, ստորագրահաւաքի մը սկսած են, որպէսզի իրենց պաշտօնակիցները աջակցին իրենց հեղինակած նամակին, որ կը քաջալերէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը` Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունենալու սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի 73-րդ Ընդհանուր ժողովին մասնակցելու նպատակով Ամերիկա այցելող Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ` երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական եւ ներդրումային յարաբերութիւնները սերտացնելու նպատակով:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց այս արշաւը` իր կարգին կոչ ուղղելով հանրապետական եւ դեմոկրատական քոնկրեսականներուն, որ իրենց ստորագրութիւնը դնեն սոյն նամակին վրայ` նպաստելու համար Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ տնտեսական կապերու ամրապնդումը ջատագովող Հայ դատի յանձնախումբի ջանքերուն, որոնք փոխադարձաբար նպաստաւոր պիտի ըլլան երկու երկիրներուն համար:

Նշենք, որ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը ներկայիս յառաջ կը մղէ հետեւեալ նախաձեռնութիւնները.

– Հայաստանի մէջ գիտութեան, արհեստագիտութեան, ճարտարագիտութեան, արուեստներու եւ ուսողութեան դասաւանդումներուն համար 140 միլիոն տոլարի յատկացում մը` Միացեալ Նահանգներու «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» ծրագիրին միջոցով:

– Կրկնակի հարկումէ խուսափելու նպատակով առեւտրական նոր համաձայնագիրի մը ստորագրութիւնը` Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ:

– Ընկերային ապահովութեան տուրքերու կրկնակի գանձումին առաջքը առնող համաձայնագիրի մը կնքումը երկու երկիրներուն միջեւ:

– Լոս Անճելըս-Երեւան ուղղակի թռիչքներու համակարգ ստեղծելու կարելիութեանց քննարկումը:

– Երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրը զարգացնելու նպատակով հաստատուած Առեւտուրի եւ ներդրումներու խորհուրդի գործունէութեան խթանումը:

Միւս կողմէ, «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան, Հայաստանի Հանրային պատկերասփիւռի կայանի «Օրակարգ» լրատուական հաղորդումին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է. «Արտաքին գործոց նախարարութեան մեր գործընկերներուն հետ կը քննարկենք վարչապետ Փաշինեան-նախագահ Թրամփ հանդիպման կայացման կարելիութիւնները` սեղմ ժամկէտներու մէջ, եւ այդ հարցը օրակարգային է»:

Ան անդրադարձած է նաեւ այն հաղորդումներուն, ըստ որոնց` Հայաստանի առաջին փոխվարչապետ Արարատ Միրզոյեան, Միացեալ Նահանգներ իր այցելութեան ընթացքին, դեմոկրատական քոնկրեսականներէն խնդրած է կազմակերպել Թրամփ-Փաշինեան հանդիպումը. դեսպանը ըսած է, որ անոնք կեղծ լուրեր են` ապատեղեկատուութի՛ւն. «Ըսեմ, որ Արարատ Միրզոյեան հանդիպած է թէ՛ դեմոկրատականներուն, թէ՛ հանրապետականներուն: Անոնք հանդիպումներուն ժամանակ տեղեկացուցին, որ դիմում պէտք է կատարեն` նախագահական աշխատակազմը քաջալերելով, որ նման հանդիպում մը կայանայ: Կեղծ մեկնաբանութիւնը այստեղ անթոյլատրելի՛ է: Նախաձեռնութիւնը կու գայ քոնկրեսականներէն», շեշտած է դեսպանը:

Ի պատասխան այն դիտարկումին, թէ կայ շրջանառուող կարծիք մը, ըստ որուն` Արարատ Միրզոյեանի Ամերիկա կատարած այցելութենէն ետք որոշուած է արգիլել «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» ծրագիրին հաւանական մուտքը Հայաստան, դեսպանը ըսած է, թէ սոյն որոշումը կայացուած էր նախքան Արարատ Միրզոյեանի Ամերիկա կատարած այցելութիւնը:

«Ցաւօ՛ք, պէտք է նշեմ, որ 2018-2019 թուականներուն Հայաստանը պէտք չէ դիտարկուի իբրեւ «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» հիմնարկին կողմէ շահառու երկիր: Որոշումը ընդունուած է Համաշխարհային դրամատան կողմէ` հիմնուելով այն ուսումնասիրութիւններուն վրայ, որ Հայաստանը թոյլ տուին դասակարգել իբրեւ բարձր միջին եկամուտ ունեցող երկիր, ինչ որ, գոյութիւն ունեցող չափորոշիչներու համաձայն, թոյլ չի տար Հայաստանը ներառել այդ ծրագրին մէջ: Որոշումը ընդունուած է անսպասելիօրէն` յուլիսի սկիզբը: Ըսեմ, որ անիկա անսպասելի էր թէ՛ մեր, թէ՛ արտաքին գործոց նախարարութեան մեր գործընկերներուն համար: Որոշումը ընդունուած էր առաջին փոխվարչապետի այցելութենէն մօտ երկու շաբաթ առաջ եւ որեւէ կապ չունի իր այցելութեան արդիւնքներուն հետ», բացատրած է դեսպանը:

Դեսպան Յովհաննիսեան ընդգծած է նաեւ, որ պէտք չէ ուշադրութիւն սեւեռել միայն մէկ ծրագիրի վրայ, այլ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները այնքա՛ն բազմաշերտ են ու կարելիութիւնները այնքա՛ն շատ, որ պէտք է փնտռել գործակցութեան այլ միջոցներ:

 

Նախորդը

«Պաքու Պիտի Բանակցի Միայն Հայաստանի Իշխանութիւններուն Հետ» Կ՛ըսէ Հաճիեւ

Յաջորդը

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ցաւակցական Հեռագիր Յղած Է Յունաստանի Նախագահին

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.